Պաշտօնական հանդիսութենէն առաջ ներկաները այցելեցին Ասկերանի յուշահամալիր եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Արցախեան պատերազմին նահատակուած ազատամարտիկներուն: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն: Յատկանշական է, որ Արցախի մէջ առաջին անգամ ըլլալով ՀՅԴի շարքերը համալրեց ազգութեամբ ոչ հայ՝ ֆրանսացի, հայ ազգի բարեկամ, այժմ արդէն Արցախի քաղաքացի Միշել Թանքրեզը:
Դաշնակցութեան 124ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Ասկերանի շրջանային վարչակազմի մեծ դահլիճին մէջ:
Ներկայ էին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներ, Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Ասկերանի քաղաքապետ Ալէօշա Գաբրիէլեան, Ասկերանի շրջանային վարչակազմի ղեկավար Սերգէյ Գրիգորեան, պաշտօնատար այլ անձեր:
Շնորհաւորելով ներկաները՝ «Բերդ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Գեղամ Գրիգորեան նշեց, որ հայ ազգի ճակատագրական պահերուն Դաշնակցութիւնը միշտ սատար կանգնած է հայրենիքին՝ ոչինչ խնայելով։
«Աւելի քան 124 տարի ՀՅԴն պարզել է իր կռուի դրօշը յանուն Միացեալ Հայաստանի: Դաշնակցութեան շարքերը համալրողներին միշտ միացրել է գաղափարը: Նրանց համար Դաշնակցութիւնը բանակ է, կարգապահութիւնը՝ անշեղելի օրէնք», յայտնեց Գրիգորեան։
Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեան՝ անդրադառնալով Դաշնակցութեան առաքելութեան, նշեց, որ հարիւրամեակէ մը աւելի է արդէն, որ Դաշնակցութիւնը կոչուած է իր ուսերուն տանելու հայ մարդուն հոգը, որպէսզի հայոց երկրին մէջ՝ Մեծ Հայքի տարածքին, ըլլայ պետականութիւն, հայ մարդը ունենայ արժանավայել կեանք:
«Ասում են՝ Դաշնակցութիւնը եւ Արցախը բանական դաշնակիցներ են: Սա, իրօք, այդպէս է, դա գալիս է ոչ թէ այսօրուայ իրողութիւնից, այլ՝ հեռուներից: Արցախահայութեան մէջ նստած է պետականութիւն ունենալու, ազգային- ազատագրական պայքար ծաւալելու, երկիր շէնացնելու գաղափարը», ըսաւ Վահրամ Բալայեան:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ տօնական համերգով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.