
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Արփա» շարժապատկերի միջազգային 18րդ փառատօնը՝ Նոյեմբեր 13էն 15ի շաբաթավերջին, այս տարի եւս տեղի պիտի ունենայ պատմական «Իճիփշըն» սրահին մէջ։
Պատրաստուելու համար նշեալ փառատօնին, կազմակերպիչները արդէն իսկ սկսած են ընդունելու անոր ընթացքին ցուցադրուելիք շարժապատկերներու առաջարկներ։
Անոնք, որոնք հետաքրքրքուած են իրենց ֆիլմերը «Արփա» շարժապատկերի միջազգային 18րդ փառատօնին ցուցադրելով՝ կրնան այցելել www.arpafilmfestival.com կայքը։
Յիշեցնենք, որ անցեալ տարուան փառատօնին ընթացքին ցուցադրուած էին 16 երկիրներէ 48 ֆիլմեր։