
Ջաւախքահայութեան վիճակին մասին համայնքէս ներս իրազեկուածութիւնը աւելցնելու եւ Ջաւախքի մէջ ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով հանգանակութիւն կատարելու համար, Հայ Օգնութեան Միութեան Ջաւախքի յանձնախումբը կազմակերպած էր շարք մը ձեռնարկներ եւ շրջանս հրաւիրած պատմաբան փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանը: Այս ձեռնարկներու շարքին կազմակերպուած էր նաւապտոյտ մը, որուն ընթացքին յատուկ պատիւի արժանացան նշեալ յանձնախումբի ծրագիրներուն միշտ նեցուկ կանգնած Ալէք եւ դոկտ. Ալէնուշ Բաղդասարեանները: Այս ձեռնարկներուն մասին յաւելեալ տեղեկագրութիւն եւ լուսանկարներ լոյս տեսած են մեր այսօրուան թիւին մէջ: Կարդալ՝