ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Որոշ ուշացումէ ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Հինգշաբթի, Մարտ 19ի երեկոյեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Մարտ 17ին կայացած Իսրայէլի խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագարած աջակողմեան «Լիքուտ» կուսակցութեան ղեկավար եւ ներկայ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ, շնորհաւորելով անոր կուսակցութեան յաջողութիւնը։
Միաժամանակ, ան յիշեցուցած է, որ «Լիքուտ» Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ բացարձակ մեծամասնութիւն չէ ապահոված, այլ պարզապէս՝ ամենամեծ թիւով աթոռները, ու լուսարձակի տակ առած է «դժուար ճամբան», որմէ պէտք է անցնիլ՝ հասնելու համար պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի արդար լուծման։
Անդրադառնալով «երկու պետութիւն» լուծումին դէմ կատարուած Նեթանիահուի վերջին արտայայտութեան՝ Օպամա նաեւ շեշտած է, թէ իր վարչակարգը կրնայ վերատեսութեան ենթարկել Իսրայէլի նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը, որովետեւ Ուաշինկթը կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ «երկու պետութիւն» լուծումին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.