ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ
Այսօր, բոլորիս ծանօթ իրողութիւն է հայ կնոջ դերը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, մանաւանդ ծանօթ է անոր ունեցած նկատառելի ներդրումը Սփիւռքի հաւաքական կեանքի կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ. իսկ հայ կին եւ ՀՕՄուհի միաւորը ամբողջանուէր ծառայութիւն է՝ ոչ միայն կազմակերպման, այլեւ հայապահպանման եւ մշակոյթի տարածման աշխատանքին մէջ, յատկապէս՝ կրթական եւ ընկերային մարզերէն ներս:
Հակառակ իր բազմածաւալ աշխատանքներուն, ՀՕՄուհին կը պաշտպանէ նաեւ բազմամշակոյթներ, ինչպէս ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Մարալ Մաթոսեանը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մենք միայն մեր մշակոյթը չէ որ կը պաշտպանենք, այլ բազմամշակոյթներ կը պաշտպանենք, կը պահպանենք եւ բիւրեղացնելով զանոնք՝ կը փոխանցենք մեր գալիք նոր սերունդներուն»:
Պարսկական Նոր տարուան (Նոռուզ) եւ գարնանամուտի զոյգ առիթներով, ՀՕՄի Պըրպենքի «Արազ» մասնաճիւղը, Ուրբաթ, Մարտ 20, 2015ին, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կեդրոնի սրահին մէջ կազմակերպած էր «Պարսկական երեկոյ», որուն ներկայ էին ՀՅԴ կոմիտէութեանց եւ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ, տարբեր շրջաններէ եկած ՀՕՄուհիներ, հարազատներ, բարեկամներ եւ համակիրներ:
Երեկոյի բացումը կատարեց ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղի ատենապետուհի Փառքուհի Խաչիկեան: Բարի գալուստի խօսքէն ետք, ան հակիրճ ձեւով տուաւ Պարսկաստանի հայ գաղութին ապրած կեանքի պատմականը եւ ըսաւ. «Մենք այսօր կը յիշենք տարբեր երկիրներու մէջ ապրած անցեալի մեր մանկութիւնը, պատանեկութիւնը, երիտասարդութիւնը, ամուսնութիւնը, կեանքի մը կատարեալ ամէն ինչը՝ մէկ առ մէկ: Ահա այսօր Պարսկաստանի Նոր տարուան առիթով, մենք մտածեցինք կազմակերպել խնճոյք մը, որ նաեւ կը նշէ գարնանային առաջին օրը»:
Ատենապետուհի Խաչիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ընկերուհիներուն, որոնք տքնաջան աշխատանք տարած էին՝ պատրաստելու համար պարսկական բացառիկ ճոխ եւ համադամ ճաշեր։ Ապա հրաւիրեց Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեանը, որպէսզի իր օրհնանքով բացումը կատարէ ճաշասեղանին:
Գեղարուեստական բաժինով մթնոլորտը ճոխացուց Սիլվա Թորոսեանը՝ հայկական ճոխ եւ ազգային երգերով, որոնց ընկերացան ներկաները՝ ստեղծելով խանդավառ մթնոլորտ մը. իսկ Գէորգ Էմինի «Մենք» բանաստեղծութիւնը ասմունքեց Մարալ Գապատայեանը՝ խոր ազդեցութիւն մը թողնելով լսողներու հոգիներուն մէջ:
ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ վարչութեան ատենապետուհի Մարալ Մաթոսեան: Ան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, խօսեցաւ ՀՕՄի գործունէութեան եւ մարտահրաւէրներուն մասին, ապա բարձր գնահատեց ջանքերը բոլոր անոնց, որոնք միշտ սատար կանգնած են ՀՕՄի աշխատանքներուն:
Յիշեցնենք, որ Յունուար 20, 2015ին, ՀՕՄի Պըրպենքի «Արազ» մասնաճիւղը կազմակերպած էր նաեւ «Լիբանանեան երեկոյ» մը, որ նոյնպէս անցած էր մտերմիկ եւ ճոխ մթնոլորտի մէջ:
Վարձքը կատար բոլոր ընկերուհիներուն: