
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Թուրքիոյ մէջ նկատելի է կրօնափոխ հայերու զարթօնք՝ վերադարձ դէպի հայկական արմատներ, ինչ որ բնականաբար, կը կատարուի կրօնադարձութեան ուղիով՝ մկրտութեամբ։
Լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին խօսած է Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեան:
Միաժամանակ ան նշած է, որ Թուրքիոյ այն հայերը, որոնք կը խօսին իրենց ինքնութեան մասին, եւ որոնք կը դիմեն եկեղեցի՝ մկրտութեան համար, վտանգի տակ կը դնեն իրենց բարեկեցութիւնը, աշխատանքը, ունեցուածքը եւ երեխաներու ապագան:
«Այս դժուարութիւններին կամայ թէ ակամայ խնդիրներ է աւելացնում Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը: Դրանք կրօնափոխ հայերի՝ դէպի հայութեան գալու ճանապարհը դժուարացնող քայլեր են: Օրինակ Կ. Պոլսի Հայոց պատրիարքութեան պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեանի վերջին յայտարարութիւնը, որ բոլոր նրանք, ովքեր չեն մկրտուել հայկական եկեղեցում՝ հայ չեն, չեն կարող համարուել հայ: Պատրիարքի փոխանորդը նաեւ մկրտութեան գինն է աւելացրել (4850ից աւելի լիրա, մօտ 1800 դոլար): Բացի այդ, մկրտուելու համար ցանկացողները պէտք է մի քանի ամիս Պոլսում դասընթացների մասնակցեն, քանի որ միայն այնտեղ է հայկական եկեղեցին գործող, այնուհետեւ արխիւներից փաստաթղթեր ձեռք բերել, որոնք պէտք է ապացուցեն, որ հայ են, մկրտուելուց յետոյ համապատասխան ատեան դիմեն, անձնագրում փոփոխութիւններ կատարեն՝ իսլամի փոխարէն նշուի քրիստոնեայ: Հայ լինելու մասին խօսք լինել չի կարող», ըսած է ան:
Ըստ Հ. Ալվրցեանի՝ Հայոց պատրիարքարանը, փաստօրէն, կը դժուարացնէ կրօնափոխ հայերու կրօնադարձութեան գործընթացը իր ոչ հասկնալի, կամայական մօտեցումներով. «Այս ամէնը պետութեան կողմից թելադրուած դրսեւորում է՝ փոխանորդի կամազրկութեան հետեւանքով»:
Անդրադառնալով Արամ արք. Աթէշեանի այն յայտարարութեան, թէ պատրիարքութեան ոչ մէկ եկեղեցւոյ մէջ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը ոգեկոչող զանգերու 100 ղօղանջ պիտի լսուի, Ալվրցեան ըսած է, թէ ասիկա եւս կը վկայէ այն մասին, որ քաղաքական կեցուածքի բացակայութիւն գոյութիւն ունի։ «Այս ամէնը նա անում է թուրքական իշխանութեան թելադրանքով, Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը որեւէ ազդեցութիւն չունի», հաստատած է Հայկազ Ալվրցեան։
Go jump in the lake Patriarch! Vasak!