
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».– 24 Մարտին ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ կայացաւ կլոր սեղան՝ նուիրուած 20րդ դարու սկիզբը Շուշիի մէջ կովկասեան թաթարներու (ներկայիս ատրպէյճանցիներու) կողմէ կատարուած հայերու ջարդերու 95րդ տարելիցին:
Կլոր սեղանին հրաւիրուած էին ուսուցիչներ եւ աշակերտներ Շուշի քաղաքէն, ինչպէս նաեւ ուսանողներ Արցախի համալսարաններէն:
Ելոյթներով հանդէս եկան Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր, Արցախի պետական համալսարանի դասախօս, պատմաբան Վահրամ Բալայեան, երիտասարդ իրաւաբան Վահէ Յարութիւնեան: Բանախօսները իրենց ելոյթներուն մէջ խօսեցան Շուշիի ջարդերուն, ինչպէս նաեւ կովկասեան թաթարներուն կողմէ հայաշատ շրջաններուն մէջ 20րդ դարասկիզբին կատարուած ջարդերուն եւ անոնց պատճառներուն մասին՝ վերլուծելով կատարուածը եւ դատապարտելով նման ոճրագործութիւններ:
Նշուեցաւ նաեւ, որ 20րդ դարասկիզբին Շուշիի, Պաքուի եւ այլ բնակավայրերու մէջ կովկասեան թաթարներու կողմէ գործադրուած ջարդերը 1915 թուականի Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կատարուած Հայոց Ցեղասպանութեան շարունակութիւնն էին:
Կլոր սեղանին ընթացքին նաեւ համապատասխան փաստեր ներկայացուեցան 1918-1920 թուականներուն կովկասեան թաթարներուն կողմէ հայերու նկատմամբ գործադրուած յանցագործութիւններուն վերաբերեալ:
Ձեռնարկի աւարտին ներկաները բանախօսներուն ուղղեցին իրենց հարցումները։
Mez ov hassav djardets ?