Հայաստանի սամպոյի դաշնակ-ցութենէն յայտնած են, որ այս հեղինակաւոր մրցաշարքին Հայաստան կը մասնակցի իր լաւագոյն մարզիկներով: Մրցումներու առաջին օրն իսկ Հայաստանի ամէնէն հեղինակաւոր մարզիկը՝ Աշոտ Դանիէլեանը, գերազանցօրէն հանդէս եկաւ իր մրցումին եւ 90 քիլոկրամ ծանրութեան դասակարգին մէջ դարձաւ յաղթող ու նուաճեց աշխարհի բաժակը:
Մետալ մըն ալ ստացած է Վահէ Օթարեանը՝ 52 քիլոկրամ ծանրութեան դասակարգին մէջ գրաւելով երրորդ դիրքը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.