
Հինգշաբթի, 26 Մարտի կէսօրին, ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական միութեան անդամները, միանալով Հայաստանի եւ Սփիւռքի ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն, նոյն օրը միասնաբար կազմակերպեցին բողոքի ցոյցեր Հայաստանի եւ տարբեր երկիրներու մէջ գործող Եւրոպական Միութեան գրասենեակներուն առջեւ: Համահայկական երիտասարդական-ուսանողական ցոյցերը նպատակ ունին միաւորել Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող հայ երիտասարդները եւ իրենց միջոցով բարձրացնել հայ ժողովուրդի բողոքի ձայնը: