
Չորեքշաբթի, Մարտ 18ին Մոնթրէալի «McGill» համալսարանի «Leacock» շէնքին մէջ հաւաքուած հանրութիւնը եկած էր ունկնդրելու երեք ականաւոր գործիչներու՝ դոկտոր Պայամ Աքհաւանի, դոկտոր Հենրի Տերիաուլթի, դոկտոր Ֆրենք Չալքի դասախօսութիւնը: Երեկոյին ներկայ էին ինչպէս հայեր, այնպէս ալ ռուանտացիներ, հնդիկներ, յոյներ եւ ուքրանացիներ:
Գիտաժողովին հիւրընկալուած էր Քանատայի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի երիտասարդական կոմիտէի նախագահ Գէորգ Գազանճեան: Իր խօսքին մէջ Գազանճեան նշեց, որ յետագայ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համար անհրաժեշտ է պատժել մեղաւորները եւ վերականգնել արդարութիւնը: Գազանճեան ելոյթ ունենալու համար բեմ հրաւիրեց Թետ Պոլկար, որ Հոլոքոստը վերապրողներէն է:
Երեկոյի երկրորդ յատուկ հիւրն էր Ռուանտայի ցեղասպանութիւնը վերապրած Լէոնտինէ Ումուպյէ, որ ներկայացուց իր կեանքի պատմութիւնը: Հանդէս եկաւ նաեւ դոկտոր Թերիաուլթն, որ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցման գործօնին, նշելով, որ անիկա կրնայ ըլլալ թէ՛ ֆինանսական եւ թէ տարածքային բնոյթի:
Դոկտոր Պայամ Աքհաւան ներկայացուց Փերինչեքն ընդդէմ Զուիցերիոյ գործի մանրամասնութիւնները:
Երեկոն եզրափակեց դոկտոր Ֆրենք Չալք, որ շեշտը դրաւ Ցեղասպանութեան կանխարգիլման վրայ: