Ընտրութեան արդիւնքը յատուկ նամակով ուղարկուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, առ ի վաւերացումն: Նորին սրբութիւնը հաստատելէ ետք Մասիս Ծ. վրդ. Զօպուեանի առաջնորդական ընտրութիւնը, մաղթեց, որ ամենաբարին Աստուած առաջնորդ հայր սուրբին պարգեւէ քաջառողջութիւն եւ ամբողջական յաջողութիւն՝ իր ազգային-եկեղեցական ծառայութեան մէջ: Նորին սրբութիւնը նաեւ մաղթեց, որ հայր սուրբին հովանաւորութեան ներքեւ եւ Ազգ. իշխանութեան գործակցութեամբ առաւել եւս ծաղկի թեմի զաւակներուն կեանքը՝ բոլոր բնագաւառներէն ներս:
Սիրելիներ, ի սրտէ կը շնորհաւորենք մեր ժողովուրդը այս բարեբախտ ընտրութեան համար, ինչպէս նաեւ քաջառողջութիւն եւ անսպառ կորով կը մաղթենք մեր նորընտիր առաջնորդին՝ իրեն վստահուած ծանր բեռը պատուով տանելու եւ մեր թեմը առաջնորդելու նորանոր յաջողութիւններու:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.