ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակէն կը հաղորդեն, թէ ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու 2015 տարեշրջանի իր բոլոր աշխատանքները նուիրած են Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին: Այս առիթով Շրջանային վարչութիւնը պատրաստած է յատուկ պատգամ մը, որ պիտի ընթերցուի ՀՄԸՄական ծրագիրներու ընթացքին: Պատրաստուած են նաեւ յատուկ պաստառներ, որոնք ՀՄԸՄի կեդրոններէն անկախ, պիտի զետեղուին ՀՄԸՄի հրապարակային ձեռնարկներուն, միջ-մասնաճիւղային մրցումներուն, սեմինարներուն եւ հաւաքներուն:
Այս առիթով ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը արդէն իսկ հրապարակած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը մատնանշող գեղեցիկ «պեճ»եր, որոնք ՀՄԸՄի բոլոր անդամները, մարզիկներն ու սկաուտները պիտի կրեն իրենց տարազներուն վրայ:
Ասկէ անկախ, Շրջանային վարչութիւնը կը հովանաւորէ ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի կազմակերպած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նուիրուած «Կարմիր Կակա»չ խորագիրով եռօրեայ ծրագիրը, որ տեղի պիտի ունենայ 9, 10 եւ 11 Ապրիլին, առաւօտեան ժամը 11էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9ը, ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի կեդրոնին մէջ (3347 N. San Fernando Rd.): Ամէն օր՝ երեք օրերու ընթացքին, մասնակիցներուն պիտի հրամցուին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խիստ էական նիւթեր, պատմաբաններու եւ մասնագէտ դասախօսներու կողմէ:
Եռօրեայ այս բացառիկ ծրագիրը, առաւօտեան ժամը 11էն մինչեւ կէսօրէն ետք ժամը 3 նախատեսուած է հայ աշակերտութեան համար, որուն ընթացքին յատուկ հսկայ քարտէսի միջոցաւ, մեր աշակերտութեան պիտի բացատրուի Հայոց Ցեղասպանութեան ամբողջական պատմութիւնը: Անոնց հարց ու պատասխանի առիթ պիտի տրուի, ինչպէս նաեւ նախատեսուած համակարգիչներով աշակերտներ պիտի կարենան իրենց տպաւորութիւնները յղել Ցեղասպանութեան հետ առնչուող կայքերուն:
Այս առումով, ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղի ատենապետ Թոմիկ Աբրահամեան համոզումով հաստատեց. «Երեք օրերի վրայ երկարող այս պատմական կարեւորութիւն ունեցող աշխատանքը առիթ է ստեղծելու, որ մեր մատաղ սերունդը փաստացի տուեալներով ծանօթանայ Հայոց Ցեղասպանութեան ահաւոր պատ-մութեան»:
Ծրագիրի օրերուն, երեկոյեան ժամը 5:15-5:45, պիտի ներկայացուի Հայոց Ցեղասպանութեան հսկայ քարտէսը, պատմաբան Գէորգ Նազարեանի կողմէ: Ժամը 6-6:45 երաժշտութիւն, իսկ ժամը 7-9ը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող դասախօսութիւններ, զեկոյցներ, տեսաժապաւէններու եւ նկարներու ցուցադրում, վաւերագրական փաստերու ներկայացում եւ այլն։ Ելոյթ պիտի ունենան դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան, դոկտ. Կարօ Մոմճեան, իրաւաբան Վաչէ Թովմասեան, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի քարտուղար Արտաշէս (Արտի) Քասախեան, պատմաբան Գէորգ Նազարեան, Միացեալ հայկական հիմնադրամի տնօրէն Յարութ Սասունեան եւ ուրիշներ:
Կասկածէ վեր է, որ նման նախաձեռնութենէ մը բացակայիլը մեծ կորուստ պիտի համարուի:
Այս բոլորէն անկախ, ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը իր գործօն մասնակցութիւնը պիտի բերէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի շրջանի յանձնախումբի կազմակերպած բոլոր ոգեկոչման ձեռնարկներուն: Այս իմաստով, վերջերս 100ամեակի յանձնախումբի անդամ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, յանձնախումբի գործավար Գեւ Էսկիճեանի ընկերակցութեամբ, հանդիպում մը ունեցաւ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան մասնաճիւղերու ատենապետներուն հետ եւ լայն բացատրութիւններ տուաւ 100ամեակի ոգեկոչման գլխաւոր ձեռնարկներուն մասին եւ խրախուսեց ՀՄԸՄի ղեկավարները խուռներամ իրենց մասնակցութիւնը բերելու անոնց եւ յատկապէս March for Justice համաժողովրդային քայլարշաւին, որպէսզի աշխարհին ցոյց տրուի, թէ հայը պահանջատէր է եւ իր դատին արդար լուծում կը պահանջէ:
Այս տարի 40ամեակն է ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերուն, որոնք եւս նուիրուած են Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին: Շրջանային վարչութեան որոշումով, Նաւասարդեանի փակման հանդիսութեան շքերթին, տողանցող քոյր-եղբայրները Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը յատկանշող շապիկներով պիտի տողանցեն:
«Յառա՛ջ Նահատակ Ցեղի Անմահներ»: