
Ստորեւ, իր ամբողջութեան մէջ կը ներկայացնենք Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը՝ ստորագրուած գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի կողմէ.
Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր թափանցիկ ըլլալու կոչումին, պատասխանատուութեան իր ուժեղ գիտակցութեան եւ իմաստուն կերպով իրեն վստահուած նիւթական միջոցները կառավարելու յանձնառութեան:
Վերջերս, ներքին հետաքննութիւններ բացայայտեցին կարգ մը զեղծարարութիւններ եւ նուիրուած գումարներու իւրացում՝ նախկին պաշտօնեայի մը կողմէ:
Անմիջապէս տեղեկացուեցան իրաւապահ մարմինները, որոնք հարցը հետազօտելէ եւ քննելէ ետք՝ ձերբակալեցին նախկին պաշտօնեան: Աւետարանչականը կը շարունակէ սերտօրէն գործակցիլ իրաւապահ մարիններուն հետ, հետապնդելու համար այս հարցը՝ ամէն ջանք թափելով եւ հնարաւոր բոլոր միջոցներով վերականգնելու ապօրինի ձեւով իւրացուած նիւթական կորուստները:
Միեւնոյն ժամանակ, որդեգրուեցան ներքին վերահսկողութեան շարք մը միջոցներ, խուսափելու համար ապագայի նմանատիպ միջադէպերէ: Գործակցելով մեր հաշուեքննիչներուն հետ՝ պիտի շարունակենք ուսումնասիրել մեր գործառքները, որպէսզի ամէն գնով ապահովենք ուղղամտութեան հաստատումը նիւթական մեր բոլոր գործունէութիւններուն մէջ։
Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան տնօրէնութեան գլխաւոր նպատակն ու պատասխանատուութիւնն է պահպանել երկար տարիներու իր ուղղամտութեան համբաւը եւ վստահեցնել իր նուիրատուներուն, թէ իւրաքանչիւր նուիրուած լումայ կը գործածուի անոնց ցանկացած նպատակին համար: Ոչ մէկ ջանք եւ եռանդ պիտի խնայենք՝ ցուցաբերելու ԱՀԱԸի հաւատարմութիւնը եւ հաստատամտութիւնը իր այս կոչումին:
Կը խոստանանք մեր նուիրատուներուն, որ վճռակամութեամբ շարունակենք հետաքննութեան ամէն աշխատանք, մինչեւ բոլոր համապատասխան փաստերով բացայայտենք եղածը եւ մեր բոլոր նուիրատուներու ցանկութիւնները լիուլի իրականացնենք:
Ինչպէս միշտ, կը խնդրենք, որ ընդունիք մեր սրտագին երախտագիտութիւնը ձեր շարունակական աջակցութեան եւ աղօթքներուն համար:
Անկեղծօրէն՝
ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ
Գործադիր Տնօրէն
Bravo, Zaven, abris!