Ընդհանուր գումարէն 3.5 միլիոն եուրոն պիտի կազմէ Զարգացման եւ վերակառուցման եւրոպական դրամատան տրամադրած վարկը, որուն շուրջ համաձայնութիւնը ստորագրուած էր Դեկտեմբեր 2014ին։
3.5 միլիոն եուրօ դրամաշնորհ պիտի տրամադրէ Եւրամիութեան հարեւանութեան քաղաքականութեան ներդրումային գործիքը: Որպէս թեքնիք օգնութիւն՝ նաեւ կը նախատեսուի 1.07 միլիոն եուրօ: Այսպիսով՝ ծրագիրի ընդհանուր ֆինանսաւորումը պիտի կազմէ 8.07 միլիոն:
Ծրագիրը պիտի յատկացուի Կոտայքի մարզի եւ Սեւան քաղաքի աղբահանութեան ծառայութիւններուն թեքնիք սարքաւորումներ մատակարարելուն: Համայնքներուն համար պիտի գնեն նոր աղբատարներ եւ աղբի տակառներ, ինչպէս նաեւ պիտի կառուցուին նոր աղբանոցներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.