
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ տեղի ունեցած է սպառազինութեան եւ ռազմական համակարգի նոր արտադրամասի բացում, որուն ներկայ գտնուած պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան հաստատած է, որ արտադրամասը կարելիութիւն պիտի տայ մանրազնին ուշադրութիւն դարձնելու ազգային բանակի կարեւորագոյն եւ մարտունակ ստորաբաժանումներէն մէկուն՝ Հայաստանի օդային պաշտպանութեան զօրատեսակի յատուկ սարքերու, սպառազինութեան եւ ռազմական համակարգի նորոգութեան գործընթացին: Բացի ատկէ, պիտի հիմնադրուին նոր աշխատատեղեր՝ նպաստելով նաեւ Հայաստանի ընկերային-տնտեսական խնդիրներու լուծման:
Շրջագայելով ժամանակակից պահանջներուն համապատասխանող նոր արտադրամասին մէջ, պաշտպանութեան նախարարը ծանօթացած է շէնքային պայմաններուն, կատարուած լայնածաւալ աշխատանքներուն, արտադրամասի թեքնիք յագեցուածութեան, ինչպէս նաեւ ոլորտի պատասխանատուներուն եւ մասնագէտներուն հետ քննարկած է ընթացիկ ու հեռանկարային ծրագիրները:
Ի նշանաւորումն նոր արտադրամասի շահագործման արտադրամասի բակին մէջ ստեղծուած է նաեւ եղեւնիներու փոքրիկ պուրակ: