ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այժմ հանրապետութեան մէջ միջին հաշուով կ՛արտադրուի օրական շուրջ 960 հազար հաւկիթ, ինչ որ լիովին բաւարար է Սուրբ Յարութեան տօնի նախաշեմին սպառողներուն տեղական արտադրութիւնը հաւկիթով ապահովելու համար:
Միեւնոյն ժամանակ նախարա-րութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այս օրերուն հաւկիթի ներածումներ պիտի չկատարուին: Շուկային մէջ հաւկիթի գիներու էական փոփոխութիւններ չեն նախատեսուիր: Նախատօնական օրերուն նոյնպէս հաւկիթի գիներու սղութիւն չի նախատեսուիր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.