ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Փետրուար 26ին, «Արարատ Տան» հոգաբարձութեան ամսական ընթրիք-ժողովի հիւրը եղած է ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ատենապետ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան։
Հոգաբարձութեան ատենապետ Ժոզէֆ Կանիմեան ներկայացուցած է դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանը, որ խօսած է համայնքին եւ կազմակերպութեան միջեւ երկխօսութեան շարունակութեան կարեւորութեան մասին, միաժամանակ ներկայացնելով ՀՅԴի ներդրումները աշխարհատարած հայ ժողովուրդի կեանքի տարբեր ոլորտներուն մէջ։ Ան նշած է, թէ կուսակցութեան անդամներ ներկայիս 5 երկիրներու խորհրդարաններու անդամ են եւ կուսակցութիւնը իր լրատուական ցանցին ու մշակութային, մարզական եւ կրթական նախաձեռնութիւններուն միջոցաւ իր նպաստը կը բերէ հայութեան բարգաւաճման ջանքերուն։
Կանիմեան շնորհակալութիւն յայտնած է դոկտ. Յովսէփեանին, հաստատութեան անունով յուշանուէրներ յանձնելով անոր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.