Յուշարձանին ծրագիրը կ՛իրականանայ շնորհիւ շարք մը նուիրատուներու եւ համալսարանին ցուցաբերած աջակցութեան։
Բոլորակաձեւ դասաւորուած ինը սիւներէ բաղկացող եւ Ծիծեռնակաբերդը յիշեցնող այս յուշարձանը կը կառուցուի Ֆրեզնոյէն ճարատարապետ Փօլ Հալաճեանի կողմէ, որ իբրեւ շինանիւթ պիտի օգտագործէ նաեւ հայկական տուֆ քարը: Սիւներէն վեցը կը ներկայացնեն Պատմական Հայաստանի վեց նահանգերը, իսկ մնացեալ երեքը՝ Կիլիկիան, Սփիւռքը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։
Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման Ֆրեզնոյի միացեալ յանձնախումբին նախաձեռնութեանց մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.agcfresno.org կայքը կամ www.facebook.com/agcfresno կայքէջը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.