ՊԸՐՊԵՆՔ.- Կիրակի, Մարտ 22ին առաջնորդարանի «Փօլ Եղբայրներ» սրահին մէջ, «Աթանեան» արուեստի դպրոցի աշակերները ցուցահանդէս մը ներկայացուցին՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին:
Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի կողքին, ներկայ էին քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան, Պըրպենքի քաղաքապետ դոկտ. Տէյվիտ Կորտըն, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Սերկէյ Սարգիսով, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, Կլենտէյլի ոստիկանապետ Ռապ Քասթրօ, նոյն քաղաքի քարտուղար Արտի Քասախեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Լորա Ֆրիտմըն, Պըրպենքի ոստիկանապետ Սքաթ ԼաՉէյս, Պըրպենքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Պապ Ֆրութոս, նոյն քաղաքի գանձապահ Զիզեթ Մուլինս, ինչպէս նաեւ դաշնակցային, նահանգային ու քաղաքային մակարդակի շարք մը պաշտօնատարներու ներկայացուցիչներ եւ գործակից եկեղեցիներու հիւրեր: Ներկայ էին նաեւ Թեմական խորհուրդի ատենապետ Անդրանիկ Զօրայեան, առաջնորդարանի բարերարներ եւ հրեայ համայնքի ներկայացուցիչներ՝ Ճենիս Քամնիր Ռեզնիք, Տին Սքրամ, ինչպէս նաեւ իրաւաբան Ֆրետրիք Լեւին, որ օրուան հանդիսավարներէն մէկն էր:
Հայ համայնքի փոքրիկներու սիրտերուն մէջ արուեստի, բնութեան, Հայաստանի եւ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ նկատմամաբ սէր թրծելուն համար, հանրաճանաչ արուեստագէտ փրոֆ. Վլադիմիր Աթանեան արժանացաւ առաջնորդի «Օրհնութեան եւ Գնահատանաց Վկայագիր»ին: Շիֆ շնորհաւորեց փրոֆ. Աթանեանը եւ անոր աշակերտները՝ իրենց ներկայացուցած հիանալի ցուցահանդէսին համար:
Ապա, «Արմէն Համբար» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ բարի գալստեան հանդիպում Շիֆի հետ: Հրաւիրեալ շուրջ 100 հիւրեր ներկայ գտնուեցան յիշատակելի այս հանդիպման: Այս առիթով, յայտարարուեցաւ, որ ի պատիւ Շիֆի, Փինաճեանի կտակէն՝ «Stephanies Art Gallery»ին եւ Արեւմտեան թեմը պիտի նուիրեն 30,000 տոլար արժող Փինաճեանի իւղանկարներէն մին, որ պիտի զետեղուի Սպիտակ տան մէջ՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն:
Երեկոյեան ժամը 6ին, հիւրերն ու ժողովուրդը հաւաքուեցան առաջնորդարանի «Նազարէթ եւ Սիմա Գալայճեան» սրահին մէջ՝ ներկայ գտնուելու օրուան գլխաւոր յայտագիրին: Աւելի քան 500 հայեր եւ հրեաներ ներկայ էին պատմական այս ձեռնարկին, ուր իրաւաբան Էտվին Մինասեան եւ իրաւաբան Ֆրետրիք Լեվին որպէս հանդիսավարներ, կատարեցին իրենց բարի գալստեան խօսքերը: Մինասեան ներկայացուց փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեանը, որ մանրամասնութեամբ խօսեցաւ հայ եւ հրեայ համայնքներուն կատարած պայքարներու նմանութեան մասին: Ան նշեց, թէ երկու ազգերու ճակատագիրին մէջ կան նմանութիւններ, որոնք պէտք չէ անտեսուին: Ան նշեց, որ մինչ Հայոց Ցեղասպանութիւնը գործադրուեցաւ հայոց պատմական հողին վրայ, Ողջակիզումը տեղի ունեցաւ Եւրոպայի մէջ: Հայոց Ցեղասպանութեան պարագային, թուրքերը ո՛չ թէ միայն ծրագրուած կերպով գործադրեցին հայերուն ոչնչացումը, այլ նաեւ ծրագրեցին եւ ջանք թափեցին, որ հայ փոքրիկներն ու կիները թրքանային՝ փոխելով իրենց քրիստոնէական հաւատքը: Հրեաներու Ողջակիզման պարագային, նացիներուն նպատակն էր ոչնչացնել հրեայ ժողովուրդը Եւրոպայէն, որովհետեւ հրեաները նուաստ ժողովուրդ կը նկատուէին՝ նացիներու գաղափարախօսութեան համաձայն: Ան անդրադարձաւ նաեւ Ցեղասպանութենէն եւ Ողջակիզումէն վերապրածներու ինքնութեան հարցերուն:
Ապա, Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան երգչախումբը, խմբավարութեամբ Միքայէլ Աւետիսեանի, խանդավառեց ներկաները՝ սքանչելի կերպով իրենց կատարած երգերով:
Լեւին ներկայացուց դոկտ. Սթիվըն Սմիթը, որ իր բանախօսութիւնը սկսաւ Սաղմոսերգուի հետեւեալ խօսքով. «Ինչ բարի եւ ինչ վայելուչ է, որ եղբայրները միութեամբ ապրին իրարու հետ»: Արդարեւ միացեալ այս ձեռնարկը՝ Արեւմտեան թեմին եւ Ամերիկայի Հրեայ համայնքի յանձնախումբին, գեղեցիկ օրինակն էր Սաղմոսին: Ապա ան շեշտեց բարոյական պարտաւորութիւնը՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, առաջքը առնելու համար ապագայ ցեղասպանութիւններուն: Ան նշեց, որ վկայութիւնը, գիտակցութեան հրաւէրը եւ դաստիարակութիւնը ճակատագրական են ճանաչման համար: Դոկտ. Սմիթ ըսաւ, նաեւ թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը ինչպէս կրնայ ջանք թափել ի նպաստ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, իբրեւ օրինակ բերելով Արմին Թ. Վեկնըրը, որ պատմական նկարահանումներ կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին:
Հրէական երգով եւ աղօթքով յայտագիրին մաս կազմեց նաեւ Քենթըր Ռութ Պերմըն Հերիս։
Ներկաները իրենց բարձր գնահատանքը յայտնեցին կատարումին համար:
Առաջնորդը ամպիոն հրաւիրեց Էտըմ Շիֆը, շնորհակալութիւն յայտնելով Ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւին անոր զօրակցութեան համար եւ Շիֆին նուիրեց արծաթեայ քանդակ մը, որ կը նկարագրէ Նոյեան Տապանը՝ Արարատի վրայ, պատրաստուած Մայքըլ Արամի կողմէ:
Շիֆ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազանին՝ իր ջերմ ընդունելութեան եւ թանկագին նուէրին համար: Իր խօսքին մէջ, ան անդրադարձաւ դոկտ. Սմիթի եւ փրոֆ. Յովհաննիսեանի ներշնչում պատճառած բանախօսութիւններուն: Ան նշեց, որ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի որդին՝ Րաֆֆին, որ Շիֆի պատմութեան դասախօսն էր, իրեն շատ բան սորվեցուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Շիֆ նաեւ կիսեց իր անձնական յիշատակները՝ առնուած իր մեծ հօր վերյիշումներէն, Հրեաներու Ողջակիզման մասին: «Հարիւր տարի առաջ, մէկ ու կէս միլիոն հայեր ծրագրուած կերպով սպաննուեցան 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ընթացքին: Այս իրականութիւնը անվիճելի է», ըսաւ ան: Արդարութիւնը պաշտպանող իր ճառը յոտնկայս ծափահարութեամբ գնահատութեան արժանացաւ հանդիսականներուն կողմէ:
Շիֆի խօսքէն ետք, «Գէորգեան» պարային համոյթը յաղթական կերպով ներկայացուց հայկական ժողովրդային պարեր, որոնց մէջ չափազանց զգալի էր հայ Ժողովուրդին կենսունակ եւ խանդավառ ոգին:
Տին Սքրամ՝ նախագահը Ամերիկայի Հրեայ համայնքի յանձնախումբի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, կատարեց փակման խօսքը, շեշտելով. «Չափազանց կարեւոր է, որ հրեայ համայնքը կանգնի հայ համայնքի կողքին, դիմագրաւելու համար մեր ապրած աղէտը»:
Երեկոն վերջ գտաւ առաջնորդին խօսքով եւ աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.