ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմը, շարունակելով իր որդեգրած աւանդութիւնը՝ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ, Մարտ 17-18ին իրականացուց իր տարեկան առանձնացումը, որուն գլխաւոր բնաբանն էր՝ «Երանելիներ»:
Քրիստոսի Լերան քարոզը, որ արձանագրուած է Մատթէոս Աւետարանին մէջ՝ Գլուխ 5:3-10, կենդանի շունչ ստացաւ «Մաթեր Տոլորոսա» առանձնացման կեդրոնին մէջ, որ կը գտնուի Սիէրա Մատրէի լեռներու կողքին, Հարաւային Քալիֆորնիա:
Օրուան Ս. պատարագը մատուցեց Ներսէս քհնյ. Հայրապետեան, իսկ հոգեւոր պատգամը փոխանցեց Վարդան Ա. քհնյ. Գասպարեան: Իր բացման խօսքին մէջ առաջնորդ սրբազան հայրը բացատրեց «Առանձնացում»ի գաղափարը՝ որպէս «Վերադարձ Աստուծոյ»:
Առանձնացման համակարգողն էր Սերովբէ քհնյ. Էյլէնճեան: Ան հրաւիրեց հայերէնով եւ անգլերէնով բանախօսող խումբ մը հոգեւորականներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը մանրամասնութեամբ խօսեցաւ իրեն համար նշանակուած «Երանելի»ներէն մէկուն մասին՝ շեշտելով անոր կրօնական եւ մշակութային իմաստը՝ ունենալ Աստուածահաճոյ նկարագիր եւ կեցուածք: Ատենապետն էր Լենա Սիմոնեան։
Մէկ ու կէս օր տեւող առանձնացման մաս կազմեց բացօթեայ Արեւագալի Ժամերգութիւն, որուն ընթացքին հոգեւոր պատգամը փոխանցեց Վարդան Ա. քհնյ. Գասպարեան:
Առանձնացման աւարտին ներկաները իրենց շնորհակալութիւնն ու գնահատանքը յայտնեցին հոգիներուն սնունդ բաշխող այս Առանձնացման շնորհիւ՝ իրենց ունեցած խոր զգացումներուն եւ հոգեկան վերացման համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.