Քաղաքական գլխաւոր երեք ուժերը՝ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը, եւ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային ու քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնները հայ թեկնածուներ ալ առաջադրեցին իրենց ցանկերուն մէջ։ Տակաւին Ազգայնական շարժում կուսակցութեան մօտ այսպիսի տրամադրութիւն մը չկայ։
Մարգար Եսայեան, որ «Ենի Շաֆաք» թերթի յօդուածագիրներէն մէկն է, առաջադրուած է Պոլսոյ երկրորդ ընտրաշրջանէն, 12րդ կարգի վրայ։ Նշենք, որ Եսայեան գրելու սկսած է 1997ին, «Ակօս» շաբաթաթերթին մէջ։ Իր գրիչին կը պատկանին երկու վէպեր։ 2007էն սկսեալ Եսայեան մաս կազմած էր «Թարաֆ» թերթի խմբագրակազմին, աշխատած էր որպէս սիւնակագիր եւ պարբերականի համակարգող։ Շրջան մը եղած է նաեւ «Թարաֆ»ի գլխաւոր խմբագիրը։
Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը նոյն ընտրաշրջանէն ներս առաջին դիրքի վրայ առաջադրած է Սելինա Էօզուզուն Տողանի թեկնածութիւնը։ Ան կ՛աշխատի փաստաբանական գրասենեակի մը մէջ եւ հայերէնի եւ թրքերէնի կողքին, կը տիրապետէ նաեւ անգլերէնին ու ֆրանսերէնին։
Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը նոյն ընտրաշրջանին մէջ, երկրորդ դիրքի վրայ ներկայացուցած է Կարօ Փայլանի թեկնածութիւնը։ Ինչպէս արդէն ծանօթ է, Կարօ Փայլան Եշիլգիւղի Հայոց վարժարանի հիմնադիրն է։
Միւս կողմէ, Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հասարակութեան հետ կապերու վարիչ եւ հայ կաթողիկէ համայնքի առաքելական կառավարիչ Լեւոն արք. Զէքիեանի արարողակարգի ու հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր, որ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան կողմէ թեկնածու առաջադրուած էր, դուրս մնաց վերջնական ցանկէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.