ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ մէջ 6 կազմակերպութիւններու կողմէ ստեղծուած «վերջ 100ամեայ ժխտման նախաձեռնութիւնը» ծրագրած է Ապրիլ 24ին Պոլսոյ եւ Տիգրանակերտի հրապարակներուն վրայ «Ճանչցիր, ներում հայցէ, կարգաւորէ, փոխհատուցէ» պահանջով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ցոյցեր կազմակերպել:
Ըստ «Արցախ փրես»ի՝ bianet.org կայքի կը փոխանցէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցին նուիրուած յիշատակի արարողութիւններու նախաձեռնողները պիտի մեկնարկեն հայ մտաւորականներու ձերբակալութեան վայր` ներկայիս Թրքական եւ իսլամական ստեղծագործութիւններու թանգարանէն: Այդտեղէն երթով պիտի շարժուին դէպի Հայտարփաշայի երկաթուղային կայարան, այնուհետեւ պիտի այցելեն թրքական բանակի մէջ զինծառայութեան ընթացքին հայ ըլլալուն համար սպաննուած Սեւակ Պալըքչըի գերեզման: Երթը պիտի աւարտի երեկոյեան Թաքսիմ հրապարակին մէջ:
Տիգրանակերտի մէջ նախաձեռնութեան երթը պիտի սկսի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մօտէն: Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու զաւակները եւ թոռները պիտի յիշատակեն Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայ եւ ասորի նահատակները:
Նախաձեռնութեան հեղինակներն են «Անատոլու մշակոյթի եւ հետազօտութիւններու միութիւնը» (AKA-DER), Մարդու իրաւունքներու կազմակերպութեան (IHD) Ռասիզմի եւ խտրականութեան դէմ յանձնաժողովը, «Նոր Զարթօնք»-ը, «Թուրապտդին ասորական միութիւնը», «Առերեսման փլաթֆորմը», «Զան ընկերաքաղաքական տնտեսական հետազօտութիւններու հիմնադրամը»: Նախաձեռնութեան իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Լոնտոնի «Կոմիտասի հիմնարկը», Եւրոպայի հայկական կոմիտէն (Armenian Council of Europe) եւ Փարիզի Collectif Van նախաձեռնութիւնը:
Տեղի ունենալիք ցոյցերէն ետք կազմակերպիչները եւ մասնակիցները երկու քաղաքներուն մէջ ալ հանդէս պիտի գան բացօթեայ հրապարակային մամուլի ասուլիսով:
Նախաձեռնութեան կազմակերպիչները յայտարարած են, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար եւ ժխտման դէմ իրենց պայքարը պիտի չաւարտի ոչ 2015 թուականի Ապրիլ 24ին, ոչ ալ 2015 թուականի Դեկտեմբեր 31ին: