ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Պարզ է, որ ազգովին կը գտնուինք կարեւոր անկիւնադարձի մը սեմին: Հարիւրամեակն է ատիկա, որ ձեւով մը պայքարի նոր հանգրուանի մը ազդանշանը պէտք է համարել, ոչ թէ «կա՛մ կը ստանանք, կա՛մ ոչ» պարզունակ կացութիւն:
Այս հանգրուանին, ամբողջ հայութիւնը (ժողովուրդ, պետութիւն, քաղաքական կազմակերպութիւններ) կը գտնուի իր ազգային շահերը ամէն բանէ գերիվեր դասելու պարտաւորութեան տակ: Մէկ խօսքով, մեզի համար Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը ոչ միայն մեր նահատակները ոգեկոչելու առիթ մըն է, այլեւ հանգրուան մը՝ առաջին հերթին Թուրքիոյ ու ապա ամբողջ աշխարհին հետեւեալ պատգամները յղելու.
1.- Հայութիւնը կը պահանջէ ճանաչում եւ հատուցում.
2.- Հայութիւնը կը մնայ տէրը իր իրաւունքներուն.
3.- Այս կապակցութեամբ համայն հայութիւնը կը մնայ մէկ ու միասնակամ.
Այս ներքին տրամաբանութիւնը պէտք է յստակ ու ըմբռնելի ըլլայ առաջին հերթին հայութեան բոլոր խաւերուն համար: Այսինքն, ներքին ճակատէն ներս, ժողովուրդ ու պետութիւն:
Քանի մը օր առաջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ ըստ երեւոյթին այս յստակութիւնը կը պակսի հայկական ներքին ճակատէն ներս: Բոլորիս ծանօթ է, որ կազմակերպութիւն մը իշխանափոխութեան պայքարի կոչեր կը կատարէ ամիսներէ ի վեր, մինչեւ իսկ որդեգրելով «Հարիւրամեակը առանց ռեժիմի» կարգախօսը: Իսկ իշխանութիւններուն հակազդեցութիւնը չուշացաւ, այս անգամ ձերբակալութիւններու միջոցով:
Նախ շեշտենք, որ դժուար է սիրահարիլ այս իշխանութիւններուն, յատկապէս անոնց վարած ներքին, ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան լոյսին տակ: Սա թող յստակ ըլլայ բոլորին:
Հիմա գանք յաջորդ կէտին: Հարիւրամեակի այս օրերուն, երբ կը պատրաստուինք ազգովին յստակ պատգամ փոխանցելու Թուրքիոյ եւ ամբողջ աշխարհին (տեսնել վերը նշուած երեք կէտերը), ո՞վ պիտի ըլլայ օգտուողը այս անհամ կացութենէն, ուր փորձ կը կատարուի ջլատելու հայութեան հաւաքական կամքը. բնականաբար ու առաջին հերթին՝ Թուրքիան:
Պարզ հայ մարդուն համար անխուսափելի կը դառնայ հետեւեալ հարցադրումը՝ ինչո՞ւ ջուր լեցնել Թուրքիոյ ջաղացքին: Քաղաքական կեանքի նրբութիւններուն տիրապետելու կարիքը չկայ այս հարցադրումը կատարելու ու այսքանը ըմբռնելու համար: Կը բաւէ քիչ մը «պլօթ» խաղալ գիտնալը…
Բայց մտահոգիչ է այն յամառութիւնը, որ խումբ մը հայեր (որքան ալ սրտցաւ) կը ցուցաբերեն մեր ազգային առաջնահերթութիւններուն նկատմամբ իրենց խակութիւնը դրսեւորելու իմաստով:
Ըսինք արդէն, այս իշխանութիւններուն սիրահարելու պատճառներ շատ չունինք: Բայց ո՞վ մեզի կու տայ բարոյական այն իրաւունքը, որ այս հանգրուանի մեր ազգային հիմնական խնդիրին նկատմամբ շեղումներ արձանագրենք: Սա, առաջին հերթին, քաղաքական հասունութեան պակասի նշան է:
Այս յօդուածագիրին համար լուրջ մտահոգութիւն է նաեւ պետական հակազդեցութեան մակարդակը, որովհետեւ իր կարգին դուռ կը բանայ մագլցողական, հետեւաբար նաեւ՝ «խառնակիչ» մթնոլորտի: Կ՛ըմբռնենք, որ այս ամբողջ պատմութեան մէջ կրնան նուրբ ծալքեր գոյութիւն ունենալ, որոնց կրնանք հասու չըլլալ: Բայց մեր մտահոգութիւնը չենք կրնար չարձանագրել այդ հարթութեան վրայ եւս:
Հարցին միւս երեսն ալ այն է, որ Թուրքիա բնականաբար ամէն ճիգ պիտի թափէ, որպէսզի հարիւրամեակի առթիւ հայութեան ընդհանուր «յարձակողականը» կարենայ խորտակել: Այս առումով, Թուրքիա կրնայ նաեւ դաշնակիցներ ունենալ, որոնք բնականաբար կը հետապնդեն իրենց աշխարհաքաղաքական շահերը, յատկապէս վերջերս զարգացող նոր Պաղ պատերազմի լոյսին տակ: Հայութեան շահերուն համար նպաստաւոր չէ այն պարագան, ուր Հայաստանը վերածուի բախումի նոր դաշտի:
Մեծերը իրենց խնդիրները թող լուծեն ուր որ կ՛ուզեն, ինչպէս որ կ՛ուզեն: Մենք իրենց հարցերու լուծման, կամ իրենց հաշուեյարդարներուն մէջ օգտագործուելիք մանրադրամ չենք: Այս եւս պէտք է յստակ դառնայ իւրաքանչիւր հայու համար, յատկապէս անոնց, որոնք քաղաքական դաշտի մէջ կը գործեն (կամ կը յաւակնին գործելու):
Այսօրուան մեր խնդիրը Թուրքիոյ դէմ մեր պահանջներու հարթութեան վրայ մեր «յարձակողականը» լաւապէս կազմակերպելն է, մեր բոլոր ուժերը զօրաշարժի ենթարկելն է: Այս բոլոր ուժերը, իրենց կարգին, հայութեան գերագոյն շահերուն լծակիցները հանդիսանալու հասունութիւնը պէտք է դրսեւորեն: Եւ երբ կ՛ըսենք «բոլոր ուժերը», նաե՛ւ կը հասկնանք այն հոսանքը, տարրերը, որոնց նկատմամբ իշխանութիւնները ձերբակալութեան որոշում տուին: Քաղաքական տարրական հասունութիւնը այս կը պահանջէ: Այս իրականութիւնը չըմբռնելը ինքնին անըմբռնելի պէտք է համարենք:
Ապրիլ 8, 2015
vproodian@gmail.com