ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Արա Սարգսեանի տուն-թանգարանին մէջ 8 Ապրիլին կայացած է զոյգ ձեռնարկ՝ քանդակագործի ծննդեան 113ամեակին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած, որոնք կը կրէին «Նեմեսիս» ընդհանուր խորագիրը՝ ի նշան յայտնի քանդակագործի կեանքին երկար ժամանակ թաքուն պահուած այդ էջին:
Կազմակերպիչները այսպիսով լուսարձակի տակ կ՛առնէին տաղանդաւոր քանդակագործին կեանքի կարեւոր, բայց շատերուն համար անյայտ էջերէն մէկը: Եւրոպայի մէջ ուսանած ու քանի մը լեզուներու գերազանց տիրապետող երիտասարդ արուեստագէտը ընդգրկուած էր հայերու կոտորածները ծրագրած եւ գործադրած թուրք ղեկավարներուն նկատմամբ դատավճիռի գործադրութեան ծրագիրին՝ «Նեմեսիս» գործողութեան մէջ: Ան կ՛օգնէր յայտնաբերելու եւրոպական երկիրներուն մէջ թաքնուած թուրք ղեկավարները:
Այսպիսի կենսագրութեամբ Խորհրդային Հայաստանի քաղաքացի ըլլալը վտանգաւոր էր, ու Արա Սարգսեան գաղտնի կը պահէ իր կեանքի կարեւոր այս դրուագները, կը թաքցնէր նաեւ իր քանդակներու իսկական բովանդակութիւնը:
«Ծածկանուններ է դրել, օրինակ՝ «Երաժշտութիւն», «Քաղց», «Հերոսիմա», «Լուռ վիշտ» ու նոյնիսկ «Մայր Հայաստանը» նա ներկայացրել է Նեմեսիադա վրէժի եւ հատուցման աստուածուհու կերպարով», յայտնած է Արա Սարգսեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Աննա Սարգսեան:
Թանգարանի բակին մէջ արուեստներու համախմբում կար: Երաժիշտ Արա Գէորգեան ներկայացուցած է իր նոր՝ «Կանք ու կը լինենք» երգը, որուն խօսքի հեղինակն է ամերիկացի երգիչ Տանիէլ Տեքըր: Անգլերէն ու հայերէն լեզուներով երգը մեկնաբանած են Հայաստանի պետական ակադեմական երգչախումբը՝ Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի ուղեկցութեամբ: Արա Գէորգեան կ՛ըսէ՝ «պաշտօնական, գիտական մակարդակներով Ցեղասպանութեան մասին խօսելը կարեւոր է, բայց մշակոյթի դերը եւս պէտք չէ թերագնահատել»:
Մինչ նկարիչները իրենց աշխատանքը կ՛աւարտէին, հիւրերը շրջագայած են թանգարանին մէջ, հիացած քանդակներով, որոնց տաղանդաւոր հեղինակի մահուան պատճառը, ըստ ազգականներու, կը շարունակէ առեղծուած մնալ: Արա Սարգսեանի նուիրուած գիրքին հեղինակը՝ Վիկտոր Սոլախեան, կ՛ըսէ, որ զայն թունաւորած են, որովհետեւ ընդյատակեայ գործունէութեան մասին լուրերը կը տարածուէին: Քանդակագործը ոտքը կոտրելուն պատճառով հիւանդանոց գտնուած շրջանին կը սկսի յուշերը գրելու, սակայն ան երբեք հիւանդանոցէն դուրս չի գար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.