Արժանթինի Սանթա Քրուզ նահանգի Ռիօ Կալյէկոս քաղաքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած հրապարակ կը բացուի: Հրապարակի բացման որոշումը Ապրիլ 9ին կայացուցած է քաղաքապետական խորհուրդը:
Նոյն օրը, նահանգի ներկայացուցիչներու տունը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ իրականացնելու մասին յայտարարութիւն մը ընդունած է:
Սանթա Քրուզի Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչ Ալեխանդրօ Աւագեան յայտարարած է, որ հայ համայնքի ու հայկական կազմակերպութիւններու ջանքերը ուղղուած են «Թուրքիոյ եւ անոր անցեալի մերժումի մեկուսացման»:
Աւելի շուտ, Պուէնոս Այրես, Սանթա Ֆէ, Քորդովա քաղաքներու եւ Չուպութ նահանգի օրէնսդիր մարմինները իրենց հաւատարմութիւնն ու համերաշխութիւնը յայտնած էին Արժանթինի հայ համայնքի կազմակերպուող ձեռնարկներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.