Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵԼՈՎ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
ԷՆՍԻՆՕ.- «Այսօր կը տօնենք Քրիստոսի Ս. Յարութեան պատգամը, որ խոստումն է յաղթանակի՝ մեղքի ու մահուան վրայ կեանքի յաղթանակին, չարին դէմ՝ բարիին, ատելութեան դէմ՝ սիրոյ, սուտին դէմ՝ ճշմարտութեան յաղթանակին», յայտարարեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Կիրակի, Ապրիլ 5ին, Ս. Յարութեան տօնին առիթով Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ իր մատուցած Ս. պատարագի ընթացքին:
Ս. Յարութեան տօնը քրիստոնեայ աշխարհին, բայց մանաւանդ բազմաչարչար հայութեան համար նուիրական տօն է, որովհետեւ կը կազմէ մեր հաւատքին խարիսխը եւ քրիստոնեային համար յաղթանակի ու ցնծութեան առիթ է: Անով, իր լրումին կը հասնի Աւագ Շաբթուան բազմախորհուրդ շրջանը եւ հաւատացեալը կը տոգորուի «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսին բերկրանքով:
Պատարագին ներկայ էին քոնկրեսական եւ Հայ Դատի բարեկամ Պրետ Շըրմըն, Ազգ. կեդրոնական վարչութեան անդամ Խաժակ Տիքիճեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան եւ հազարաւոր հաւատացեալներ:
Իր պատգամը սկսելէ առաջ, առաջնորդը հաւատացեալները ողջունեց այս յաղթանակի տօնին առիթով, յատկապէս ողջունելով հայութեան իրաւունքներու պաշտպաններէն՝ Շըրմընը, որ եկած էր մեր համայնքը շնորհաւորելու այս տօնին առիթով:
Վեր առնելէ ետք Ս. Յարութեան տօնին յաղթական խորհուրդը, սրբազանը անդրադարձաւ Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան, որ իր լրումին ու կատարելութեան հասաւ մարգարէութեանց իրականացումով, խաչին վրայ Անոր չարչարալից մահով: Ան յիշեցուց, որ Յիսուս մահը պարտութեան մատնեց ու մարդկութեան բերաւ փրկութեան եւ յաւիտենական կեանքի խոստումը: «Անոր հակառակորդները պարտուեցան, իսկ աշակերտները վերստին գօտեպնդուեցան տեսնելով յարուցեալ Փրկիչը, եւ շուտով լծուեցան անոր պատգամը տարածելու գործին, մինչեւ իսկ վտանգի ենթարկելով իրենց կեանքը: Հայ ժողովուրդն ալ ծանր տառապանքներ կրած է անկախ եւ քրիստոնեայ Հայաստանը պահպանելու համար: Մեր պապերն ու նախահայրերը քաջաբար իրենց արիւնը զոհաբերեցին ի խնդիր հաւատքի ու ինքնութեան պահպանման: Մեր թշնամիները ձախողութեան մատնուեցան մեր ժողովուրդը բնաջնջելու իրենց ծրագիրներուն մէջ, որովհետեւ հայութիւնը յաջողեցաւ վերականգնիլ Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն, իսկ մեր այսօրուան իրականութիւնը ապացոյց է, որ յարութեան մեր երթը կը շարունակուի, կը պահենք մեր յոյսը ու կը մնանք յաղթական: ԶԱստուած եւ ճշմարտութիւնը ունենալով մեր կողքին, եւ տոգորուած մեր նախնիներու աւանդներով, մենք նոր յաղթանակներ պիտի արձանագրենք Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր նահատակներուն կտակը իրականացնելու եւ մեր իրաւունքները ձեռք բերելու ճամբուն վրայ», եզրափակեց առաջնորդը:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան, ծխական համայնքին անունով ողջոյնի խօսք ուղղեց սրբազանին, փոխանցելով զատկական բարեմաղթութիւններ: Արարողութիւնը վերջ գտաւ Ս. Յարութեան տօնին «Այսօր Յարեաւ» շարականով: Աւարտին, հաւատացեալները ստացան Ս. Հաղորդութիւն:
ՄԵՌԵԼՈՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐ
Երկուշաբթի, Ապրիլ 6ին, եւ համաձայն Հայց. եկեղեցւոյ աւանդութեանց, նշուեցաւ մեռելոց յիշատակի օրը, յիշատակելու համար մեր ընտանիքներու եւ ազգի ննջեցեալները: Թեմի հոգեւորականաց դասու անդամները հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեցին շրջանի զոյգ գերեզմանատուներուն՝ Հոլիվուտ Հիլզի «Հոլ աֆ Լիպըրթի» եւ Կլենտէյլի «Չըրչ աֆ Ռեզըրեքշըն» մատուռներուն մէջ: Առաջնորդը գլխաւորեց Հոլիվուտ Հիլզի հոգեհանգստեան արարողութեան եւ կատարեց Անդաստանի արարողութիւն: