Այս առիթով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուական գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ քառօրեայ համաժողովը կը միտի մասնակիցներուն միջեւ փորձառութեան փոխանակում կատարել, ինչպէս նաեւ պաշտպանական եւ ռազմական կրթութեան ու ուսուցման բնագաւառին մէջ նոր մօտեցումներու եւ մեթոտներու շուրջ փոխներգործող քննարկումներ կայացնել։ «Համաժողովի ընթացքում քն-նարկուելու են այնպիսի արդիական թեմաներ, ինչպիսիք են պաշտպանական ու ռազմական կրթութեան եւ ուսուցման բնագաւառում նոր մօտեցումներն ու մեթոդները, հեռավար ուսուցման մեթոդիկան եւ մօտեցումները, խառը ուսուցման ձեւերը, ակտիւ ուսուցման եւ դասընթացի նախագծման մեթոդները, անհատական մօտեցման ռազմավարութիւնը, դասաւանդման մեթոտիկան, ուսումնական նպատակների նկատմամբ ուսուցման արդիւնքների գերակայութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Համաժողովի աշխատանքներուն կը մասնակցէին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան «Վ.Սարգսեանի անուան ռազմական եւ Ա. Խանփերեանցի անուան ռազմական ավիացիոն ինստիտուտներ»ու դասախօսական կազմի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Դ. Կանայեանի անուան Ազգային ռազմավարական հետազօտութիւններու հիմնարկի փորձագէտները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.