ՊԸՐՊԵՆՔ.- Ապրիլ 19ին եւ 21ին, Լոս Անճելըսի KLCS կայանէն (թիւ 58) յաջորդաբար պիտի ցուցադրուին շրջանային «Էմմի» մրցանակին արժանացած լրագրող Փիթըր Մսըրլեանի նորագոյն երկու վաւերագրական ֆիլմերը:
Առաջին ֆիլմը՝ «Historic Armenia», նուիրուած է Պատմական Հայաստան կատարած իր ուխտագնացութեան՝ 2013ի Յունիսին, 30 հոգինոց ամերիկահայ զբօսաշրջիկներու հետ, որոնց մէջ էին նաեւ շրջապտոյտներ կազմակերպող Արմէն Արոյեանն ու պատմաբան փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը։ Մսըրլեան առիթ ունեցած է նկարահանելու Պատմական Հայաստանի կառոյցներն ու քաղաքները, որոնց շարքին՝ Աղթամարը, Խարբերդը, Բալուն, Վանը, Կարսը եւ Կեսարիան:
16 միլիոն բնակարաններ հասնող կայանէն պիտի սփռուի նաեւ «The 100-Year-Old Survivor» ֆիլմը, որ քննարկում մըն է նուիրուած Հայկական Ցեղասպանութենէն հայութեան վերապրումին:
Ստորեւ հաղորդումներուն ժամանակացոյցը.
– «Historic Armenia»՝ Ապրիլ 19ին (կ.ե. ժամը 5ին) եւ Ապրիլ 21ին (երեկոյեան ժամը 8ին):
– «The 100-Year-Old Survivor»՝ Ապրիլ 19ին (երեկոյեան ժամը 6ին) եւ Ապրիլ 21ին (երեկոյեան ժամը 9ին):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.