ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ապրիլ 11ին, Կլենտէյլի «Պրենտ» գրադարանին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով տեղի ունեցաւ ցեղասպանութիւններէ վերապրողներու փորձառութեանց նուիրուած իւրայատուկ քննարկում մը, որուն մասնակցեցան հայ, հրեայ, քամպոտիացի, ռուանտացի եւ պոսնիացի համայնքներու ներկայացուցիչներ։
Յատկանշական է, որ Ապրիլ 2015ը Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը ըլլալուն կողքին, 70ամեակն է Հրէական Ողջակիզման, 40ամեակը՝ Քամպոտիացիներու Ցեղասպանութեան, 21րդ ամեակը՝ Ռուանտացիներու Ցեղասպանութեան եւ 20ամեակը՝ Պոսնիացիներու Ցեղասպանութեան։
Քննարկումը կազմակերպած էր եւ զայն համադրեց Տիգրանա Զաքարեան, որ շեշտեց անցեալէն եւ ցեղասպանութեանց պատմութիւններէն դասեր քաղելու կարեւորութիւնը։
Քննարկումին մասնակիցներն էին՝ Պոսնիացիներու Ցեղասպանութենէն վերապրած Ճուլիա Զուպաչ, Ռուանտացիներու Ցեղասպանութենէն վերապրած Էտիթ Ումուկիրանեզա Քամպոտիացիներու Ցեղասպանութենէն վերապրած Լաուրա Ռոթմոնի Սոմ, Հրէական Ողջակիզումէն վերապրածներ՝ Ռընէ Ֆայրսթոն եւ Հերի Տէյվիտզ, ինչպէս նաեւ Կլենտէյլի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վազգէն քհնյ. Մովսէսեան։
Աւարտին, ելոյթ ունեցաւ անկոլացի երգիչ Վալտեմար Պասթոս:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.