ՓԱՐԻԶ, «Արմէնփրէս».– Ֆրանսայի վարչապետ Էմանուէլ Վալս 24 Ապրիլին պիտի մասնակցի Փարիզի Քանատայի հրապարակին վրայ՝ Կոմիտասի կիսանդիրին մօտ կայանալիք Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութեան։ Ըստ «Նուվէլ տ՛Արմէնի»ի՝ վարչապետը խօսք պիտի առնէ։
Նախապէս յայտնած էինք, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ 24 Ապրիլին Հայաստանի մէջ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաձեռնութիւններուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.