
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 17 Ապրիլին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է «Հայ կինը Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն եւ յետոյ» խորագիրով միջազգային գիտաժողով՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին։
Ողջունելով ներկաները՝ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշած է. «Ուրախ եմ, որ այսօր հայ կանայք հաւաքուել են՝ համատեղ քննարկելու հայ կնոջ դերը Ցեղասպանութեան եւ նրան յաջորդած տարիներին: Բոլորիս քաջ յայտնի է, որ հայ կինը հայ ընտանիքի հիմնասիւնն է, որի վրայ կառուցւում է հայկականութիւնը: Հայ եկեղեցու, պետութեան, ընտանիքի եւ հայոց լեզուի կարեւորագոյն սիւների հիմքում շաղախուած է հայ կնոջ ինքնազոհութիւնը, նուիրումը ե՛ւ Հայաստանում, ե՛ւ աշխարհում: Ցաւօք, սրտի հայ կինը կրել է հայոց պատմութեան ծանրագոյն բեռը, անցել է պատմութեան տարբեր հանգրուաններով, եղեռնի տարիներին ամենամեծ սարսափներն ու տառապանքներն է տարել, դաջուել է ու մարտիրոսուել»:
Նախարար յատուկ կերպով անդրադարձած է Զապէլ Եսայեանին, որ հասաւ մինչեւ Եւրոպայի խորհրդաժողով, կրցաւ իր ձայնը լսելի դարձնել, եւ Տիանա Աբգարին՝ Ճափոնի մէջ Հայաստանի առաջին հիւպատոսին, օգնեց փաստաթղթաւորելու հայ կին գաղթականները:
Գիտաժողովի մասնակիցները ողջունած է ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեան. «Կարծես երէկ էր, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան 50ամեակին հայութիւնը՝ Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր անկիւնները, միակամ ու միաբերան վերջ տուաւ ողբ ու կոծին եւ տարաւ իր արդար Դատը եկեղեցւոյ դարպասէն դէպի քաղաքական բեմ՝ ոչ որպէս մարտիրոսացած ժողովուրդ, այլ որպէս վերազարթնող ազգ՝ պատրաստ ամէն զոհողութեան, պատրաստ պայքարելու՝ որպէս արդարութեան ու հատուցման պահանջատէր, մինչեւ վերջնական յաղթանակ»:
Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Նարինէ Գալստեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ կարեւոր նկատած է հայ կնոջ դերը ու նշած է, որ հայ կինը ինչպէս անցեալին, այսուհետեւ եւս պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր կոչման: Սթոքհոլմէն իր ողջոյնի խօսքը յղած է «Տատիկիս Դաջուածքները» ժապաւէնի հեղինակ Սիւզան Խարտալեանը, ապա ցուցադրուած է ժապաւէնէն բաժիններ:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը հասարակական, քաղաքական գործիչ Իշխանի (Նիկողայոս Պօղոսեան) անունը կրող բարձը նուիրած է ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեանին (նշենք, որ«100 բարձ ապրելու համար» նախագիծի ծիրին մէջ 100 բարձերը պիտի փոխանցուին Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն):