Վիգէն Սարգսեան աւելցուց, որ Հայաստանի նախագահին ուղղուած նամակներուն մէջ բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ նշած են, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը համընդհանուր յիշողութեան եւ ամբողջ մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութեան 100ամեակն է, հետեւաբար, իրենք պէտք է ներկայացուած ըլլան բարձրագոյն մակարդակով: «Մի մասը, ինչպէս, օրինակ, Կանադայի վարչապետը նշել էր, որ ինքն այդ օրերին աւանդաբար լինում է հայ համայնքի հետ, եւ երէկ դուք տեսաք, որ Կանադայի վարչապետը բաւական ակտիւ մասնակցում էր Կանադայում կազմակերպուած միջոցառումներին՝ կրելով անմոռուկի կրծքանշանը», դիտել տուաւ Վիգէն Սարգսեան: Ան աւելցուց, որ Գերմանիոյ նախագահը հաստատած է, որ 23 Ապրիլին պիտի մասնակցի Պերլինի մայր տաճարին մէջ կայանալիք հոգեհանգիստին, բայց Հայաստան պիտի առաքէ նախարարական պատուիրակութիւն մը: Իսկ Սուրբ աթոռը ներկայացուած պիտի ըլլայ կարտինալի մակարդակով:
Վիգէն Սարգսեան նշեց, որ ԵՏՄ անդամ երկիրներէն միայն Ռուսիան ներկայացուած պիտի ըլլայ նախագահական մակարդակով։ Ղազախիստանի մէջ այդ օրերուն նախագահական ընտրութիւններ պիտի կատարուին, ուստի հոնկէ պատուիրակութեան գալուստ չէ նախատեսուած, իսկ Պելոռուսը ներկայացուած պիտի ըլլայ պետական մակարդակով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.