
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Ամբողջ կեանք մը Հայ Դատին նուիրած սերնդակիցներուս նման, ես ալ լարուած ուշադրութեամբ կը հետեւիմ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման գործընթացին, հակառակ այն իրողութեան, որ վերջին հինգ տարիները մղձաւանջային դարձան շրջապատիս համար, ամբողջ մեր կորովը յատկացուցած ըլլալով Եղեռնի թեման ընդգրկող ստեղծագործական ու թարգմանչական աշխատանքներու… Եւ դեռ վրայէս չեմ թօթափած անոր պատճառած հոգեկան ծանրաբեռնուածութիւնն ու անդոհանքը:
Այո, անկախ այդ բոլորէն, կատարեալ լարումով կը հետեւիմ հարիւրամեակի գործընթացի զարգացումներուն, կարեւոր չէ թէ անոնք միջազգային ոլորտները կ՛ընդգրկեն, թէ զուտ ազգային ու համագաղութային հնչողութիւն կը պարզեն:
Իրերու ներկայ փուլին՝ ամէն գրիչ շարժող հայ անհատին պարտականութեան մէջ կ՛իյնայ զգուշանալ եւ ճիգ չխնայել, զգացական գետնի վրայ արդէն իսկ բորբոքած ազգային մեր կեանքը հեռու պահելու աւելորդ բեւեռացումներէ, երբ հարիւրամեակի գործունէութեան ծիրէն ներս կատարուող միջոցառումները, երբեմն հարիւր տոկոս չեն համընկնիր մեր ճաշակին ու չեն արդարացներ մեր ակնկալութիւնները:
Զուր տեղ չէ ըսուած. «Ինչքան մարդ, այնքա՛ն ճաշակ կամ նախասիրութիւն»:
Ոմանց համար, մասնաւորապէս երիտասարդութեան պարագային, մեզ ահագնող Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը պիտի իմաստաւորուի ու լիցքաւորուի, մասնաւորապէս՝ «Լիթըլ Արմինիա»էն դէպի թրքական դեսպանատուն ուղղուելիք հարիւր հազարի հասնող զանգուածային քայլարշաւով ու հոն արտասանուելիք պահանջատիրական սրտայոյզ ճառերով ու հայրենասիրական պոռթկումներով:
Շա՛տ բարի…
Իսկ ոմանց համար Ամերիկայի նախագահ Պարաք Օպամայի արտասանելիք կամ չարտասանելիք «Ցեղասպանութիւն» տարազը պիտի մթագնէ կամ պայծառացնէ հոգեկան իրենց աշխարհը եւ այդ թերացումը պիտի բնորոշէ ներկայ իշխանութիւններուն կեցուածքը հայ ժողովուրդին չսպիացող մեծ ցաւին հանդէպ: Տակաւին, մեր սիրելի նախագահին խոստումնադրուժ ըլլալու պարագան անգամ մը եւս պիտի փաստուի եւ քաղաքական լպրծուն ու պղտոր ջուրերու մակերեսը հանէ վարպետօրէն սքօղուած այս երկրին դիւանագիտական շիլ հաշիւներ: Կամ ալ՝ ԱՄՆի վարած արտաքին անջիղ քաղաքականութեան ոլորտը, մեր նախագահին կալանեալ ըլլալը պիտի շեփորէ… Կայ նաեւ խոշոր խմբակ մը հայերու, որ Ապրիլ 24ին, Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք մեծադղորդ միջոցառումներուն ներկայ գտնուելիք պետական այրերու ոչ արհամարհելի թիւով պիտի լիանայ ու բաւարարուի եւ արդարօրէն պիտի նզովէ բոլոր այն երկիրներու ղեկավարները, որոնք քար դնելով իրենց խիղճին ու մարդկային արժանապատուութեան վրայ, իրենց գարշելի մասնակցութիւնը պիտի բերեն Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին սարքած Կալիփոլիի յաղթանակի այսպէս կոչուած հարիւրամեակի տօնակատարութիւններուն կամ… խեղկատակութեան, որպէսզի կարենան յետագային քանի մը միլիառ արժողութեամբ զինամթերք վաճառել լարախաղաց թուրք պետութեան: Ասոր նախադէպը մեր ժողովուրդը վկայեց, երբ Երիտթուրքերու ղեկավարութիւնը ժամանակին իր գործադրած Ցեղասպանութիւնը պարտկելու համար, եւրոպական երեք գերտէրութիւններուն՝ Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ յանձնեց օսմանեան բանակը, նաւատորմն ու ոստիկանութիւնը զինելու եւ մարզելու խիստ շահութաբեր պայմանագիրները… Շան բերանը ոսկոր շպրտելու պէս բան մը: Անշուշտ, այդ մէկը կատարուեցաւ քրիստոնեայ տարրին սպանդին ու արիւնահեղութեան ուրացման հաշւոյն:
Միւս կողմէ, գոյութիւն ունի նաեւ ընթերցասէր հայերու ստուար թիւ մը, որ հոգի կու տայ օտար գրողներու եւ թղթակիցներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով հրապարակուած գիրքերու եւ յօդուածներու կամ ալ՝ օտար թղթակիցներու կողմէ պատկերասփռուող հարցազրոյցներու: Ինչ որ հասկնալի է, եթէ ընթացքին չանտեսուի հայ ստեղծագործ մարդուն արգասիքը… Սակայն եւ այնպէս, վստահ ենք, ամէնէն աւելի հայ ժողովուրդի ազգային ոգին ու անոր զգայնութիւնները, ինչպէս նաեւ անցեալի յիշողութիւնը հրահրողներն ու թունդ հանողները պիտի ըլլան մեր բեմերէն ելոյթ ունեցող հրաշունչ ճառախօսները, նահատակ գրողներու քնարաշունչ բանաստեղծութիւնները արտասանողներն ու մասնաւորապէս աշխարհահռչակ հայ երգիչներու՝ զանգուածները յուզող խանդավառ ելոյթները: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ Հայ Դատի տղոց ճիգերով տրուած բարոյական ապտակն ու հասցուած վնասը, թուրքերէն միլիոններ կորզող լոպիինկի ամերիկեան ծախու ընկերութիւններուն ապաշնորհ ղեկավարութեան, ինչպէս վերջերս պատահեցաւ պրն. Կէպհարտին եւ խաւարի միւս ասպետներու պարագային: Եւ, անշուշտ, պիտի գտնուի նաեւ գրասէր հասարակութիւն մը, որ խոր ապրումով եւ իմացականութեամբ պիտի դիտէ Ցեղասպանութան թեմայով նոր նկարահանուած վաւերագրական ժապաւէնները, պիտի փնտռէ ու ընթերցէ նոր լոյս տեսած հայերէն գիրքերը եւ մեր մամուլի բացառիկ թիւերուն մէջ երեւցող յօդուածներու եւ յուշագրութիւններու միջոցով պիտի ծանօթանայ անմիջական անցեալի մեր պատմութեան:
Տակաւին հայ ժողովուրդը ամենուրէք իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ բարձրաստիճան մեր կղերին կողմէ կազմակերպուելիք համագումարներուն ու Ցեղասպանութեան զոհերու հոգիներուն նուիրուած Սուրբ պատարագներուն, առանց մոռնալու անոնց Սրբացման գործընթացը: Առաւել եւս, Տիեզերական եկեղեցւոյ գահակալ Հռոմի Ֆրանսիսքոս պապին կողմէ Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Մայր տաճարի կամարներուն տակ կատարելիք պաշտօնական Սուրբ պատարագը՝ նուիրուած Ցեղասպանութեան հայ զոհերու յիշատակին. ձեռնարկ մը, որ վստահ ենք պիտի ցնցէ կաթողիկէ աշխարհին խիղճը:
Ինչո՞ւ մեղքս պահեմ. վերոնշեալ բոլոր խմբակցութիւններու եւ տարբեր ճաշակի տէր հայորդիներու մասնակցութիւնը միջոցառումներուն, նոյնքան հարկաւոր է ու պիտի նպաստէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի փառահեղ նշումին եւ Հայ Դատը անզիջող մեր կեցուածքով ու հաւաքական ճիգերով օտարին ծանօթացնելու մարտահրաւէրին:
Սակայն, ամէնէն կարեւորը՝ պիտի զգուշանանք զոհը չդառնալու թրքական իշխանութիւններու դիտաւորեալ սադրանքներուն: Արդարեւ, Թուրքիոյ աճպարար՝ նախագահ Էրտողանին Ապրիլ 24ը խաչաձեւելու վերջին փորձը ի միջի այլոց մաքիավելական միտում կը հետապնդէ՝ գրգռելու հայ տաքարիւն երիտասարդութեան արդէն իսկ բորբոքած ատելութիւնը ցեղասպան իր ժողովուրդին հանդէպ եւ զանոնք մղելու ծայրայեղ արարքներու, խոշտանգելու եւ նսեմացնելու համար Ապրիլեան մեծ Խորհուրդը:
Թրքական իշխանութիւններու դիտաւորեալ սադրանքներուն մենք պիտի պատասխանենք աւելորդ նուիրումով՝ ծառայելով արդարագոյն մեր Դատին եւ զուսպ ու հաւասարակշռուած մեր պահուածքով, ամբողջ մարդկութեան պիտի փաստենք սրբազան մեր Դատին արդարացիութիւնը եւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին հանդէպ անհատնում մեր յարգանքը:
————————————————————————————————————————–
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Ի Յիշատակ՝ մէկ ու կէս միլիոն անմեղ զոհերուն
Տարօն- Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութիւն
Nova Automotive
421 Fernando Ct.,
Glendale, CA 91204
818.548.9908
Ժիրայր եւ Ռիթա Քէօրօղլեաններ
In Memory of the Victims of the Genocide Dr. Nazaret Darakjian
—————————————————————————————————————————-