
ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հարաւէն Հիւսիս, կ՛ուղղուիմ ես գլխիկոր…
Սուրիական ծովեզերքն է:
Կը խօսիմ տրտմած լեռներուն, պատասխան չունին
Կը խօսիմ հարբած Թարսիսեան ծովուն՝ պատասխան չունի…
Կը ձայնեմ գետերուն՝ կարմիրը կը ճչայ
Ձայն կու տամ երկնքի բաց կապոյտին
Կը լսուի մեղմիկ մեղեդի.
– Եթէ նոյնիսկ հրեշտակներու լեզուով խօսիս
Եւ սէր չունենաս, ոչինչ ես,- կ՛ըսէ,
Ու ճամբայ կ՛ելլեմ ես սէր ունենալու:
– Նոր երկինք է,- ցոյց կու տայ հրեշտակս մատով, եւ նոր լուսին:
– Բացուիր երկինք նորոգէ?բժշկէ՛, սիրովդ առատ:
Կորսուած հրեշտակներու երկիրը
պատասխան չունէր ինծի
ոչ իսկ մեղեդիի խազ մը
Իսկ իմ հրեշտակս օրհնութիւն մրմնջելով
զիս կը տանի թեւերուն վրայ
Ցոյց տալով սիրատոչոր տարածքներ
Ու ես շնորհապարտ եմ
Թափանցիկ այգին համար
Ուր միասին կը ճախրենք
Կ՛անձրեւենք Սուրիոյ ափերուն
ոռոգելով տանջուած երկիրը նոր սիրով…
Մայրիներու երկրէն
Սահմանամերձ որոգայթներ
Մինչեւ Բերիա հնամենի
Ականուած փակուղիներ…
Արեւմուտքէն արեւելք ու հիւսիս
Կը շրջիմ Թեւերուն վրայ անոր
Մեծացուցանելով անունը Սիրոյ…
Ականներու փոխարէն
Գեղեցկութեան ուրախութեան իւղ հայցելով…
Մեսմերկ տերեւաթափ ձիթենիի ծառեր
Մէկ առ մէկ կը տողանցեն մեր առջեւէն
Աւերակ շէներուն ընդմէջէն
Որոնց արուները ինքնակոչ
Նուիրեալներն են
Նոր գարնան մը խաբուսիկ:
Սուրիոյ ցաւակէզ երակներէն անցնելով
Արեւմտահայաստանի բաց վէրքին հոտը կու գար
Կրկին թուրքերը կ՛անցնէին այդ վայրերով…
Մի յապաղիր հրեշտակս դուն օրհնել
Եւ յոյսի լապտերդ վառել:
***
Մինչեւ Հասնինք Մենք Ձեզի
100 տարինե՞ր, թէ՝ վայրկեաններ առաջ,
Դժուար է ըսել
Երբ զաւակներուս գոյութիւնը ծրագրուած էր արդէն
Երբ Շիրազ,
Նախախնամական իր ծնունդով,
Տիր աստուածը կը գերէր…
Մեր գոյութենէն իրաւ
Գոյութենէն սուտ
Սուտանման գոյութենէն,
Իրար կարօտ մնացին
Հոգիներու ջերմութիւնը հազիւ ըմպած
Աչքերու մէջ կարօտակէզ, ինչքան սէրեր…
Երամ-երամ վեր համբարձան
Մշուշուեցան…
Կայծակնահար հարուածներով
Խեղդուեցան հասուն սէրեր,
Չբարեւած դեռ իրար…
Կ՛ըսուի, թէ սէրը կը շրջի ժամանակի թաւալքին մէջ…
Եւ ոչ մէկ բան կը կորսուի…
Կու լամ հանդարտ
Սէրերուն համար վճիտ,
Որոնք կրնային մեզի հասնիլ…
Ամէն անգամ,
Երբ կոչնակը մահ գուժէ
Ամէն անգամ, երբ արեւը համբուրէ մեր քաղաքի քարերը ցուրտ
Հեռուն քնացած, մեր երկրի անտէր մնացած սէրերուն համար
կու լամ ես
Ու չեմ սգար արեան համար,
Այդ արիւնէն ծլած յոյսի սերմեր կը փնտռեմ
Ցաւի պէս տարածուող կարօտներուն համար կու լամ
Կու լայ հոգիս, յիշողութեան ալիքներուն համար ջնջուած…
Ողջոյն ձեր հոգիներուն…
Ապրեցէք հրաշքի պէս
Թիթեռներու նման անբիծ
Ձեր սէրերը կը վերադարձնենք ձեզի
Ձեր նոր կեանքը ամուր գրկած
Դուք հանգչեցէք հանդերձներով սպիտակ, քիչ մը ատեն
Մինչեւ հասնինք մենք ձեզ կրկին…
Անտուն, յարուցեալ միլիոն անգամ
Անվերջ շրջող մէջն արտերու եղեամին
Սրտերուն, թէ յոյսին մէջ երազներուն մեր բարի
Անտես սէրեր, փշրուած
Կը սիրենք ձեզ
Մեր եսերը փոխանակած
Աստուածային ձեր կեանքով
Որոնց փշրանքն է դրուած
Ծաղկամանին մէջ հոգիին
Ու կը ծլիք
Նորէն կ՛ապրիք
Երբ կայծերը ձեր անմեղ
Մեր լերան կիրճերը հրդեհեն
Կը վանենք ձեր կարօտներով
Վիրաւորանք ու սարսափ
Փշրանքները ձեր բարի
Մեր փշրանքներուն երբ հանդիպին
Կարօտներով կը հրկիզուինք
Հոգիին աւերակ փշրուած լեռը, կը բարձրանայ հրաբխուած
Հոյլ-հոյլ աստղախումբեր
Լոյսեր կ՛իջնեն լերան վրայ
Եւ ընդերքէն կը ժայթքին բորբ լաւաներ
Ու կը սիրեմ ձեզ այնպէս…
Մար չմտած արեւները այդ հողի
Ձեր լաւայէն
Ձեր մշուշէն
Անձրեւուած լոյսերէն
Հանդերձներէն լուացուած ու ճերմկած
Նոր կեանք հագնինք
Ձեր ծլարձակ հունտերով
Ու կենդանի աղբիւրներով յագեցած
***
Այրը Կը Ժպտի Լոյսին
Քաղցրացուր գինին քացխած
Քարայրին Շատտատէի
Ծուխը լռութեան
Կը դառնայ խօսք գիր
Կը ժայթքի ուր որ է…
Բառերը կը ճչան
Ու ան, ինչպէս կոռնելիոս, երազէն վեր թռած
Կ՛երթայ գտնելու, իր հարցին պատասխան…
Ճառագայթ, գինի պարգեւող
Կը լսե՞ս մեզ
Ուղուիր այս կողմ
Մութ է այստեղ տամուկ գորշ
Քու բարութեան կարօտ
Հոգիներ տժգոյն կը դողդոջեն.
Բառերը կը ծխան…
Ճառագայթ կը տեսնե՞ս մեզ
Դատարկութիւնն է բորբոսած
Քու գարունգովը ակնախտիղ երազներ
Կարօտով ակաղձուն հոգիի աչքեր
Աւետաւոր լուսաշաւիղ գնացքիդ կը սեւեռեն…