ԵՐԵՒԱՆ.– 2015 թուականը Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրազեկման բարձրացման տարի է, յայտարարած է «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» միջազգային համագումարին ընթացքին զեկուցող Հենրի Թերիօ եւ նշեց, որ ժխտողականութեան քաղաքականութիւնը կ՛աշխատի ատոր դէմ:
Ըստ անոր՝ արդար բանակցութիւններ պիտի ըլլան այն պարագային, երբ արդարացի փոխհատուցում պիտի տրուի: «Հողերը, գումարը, դրամատնային հաշիւները խլուած են հայերէն, զանգուածային բռնագրաւումը հասած է նոյնիսկ կենցաղային իրերուն, կահոյքի առգրաւման», ըսաւ ան եւ նշեց, ըստ որոշ դիտարկումերու, հայկական գոյքով ստեղծուած է թրքական հանրապետութեան տնտեսութիւնը, այսինքն՝ թրքական պետութիւնը ստեղծուած է հայկական ունեցուածքի հիման վրայ, իսկ հազարաւոր հայեր զրկուած են ամէն ինչէ եւ մատնուած աղքատութեան:
«Ցեղասպանութենէն թուրքերը օգուտ ստացած են, ինչ որ կարելիութիւն տուած է անոնց բարգաւաճելու», յայտնած է ան եւ նշեց, որ տարբեր գնահատականներով, եթէ Ցեղասպանութիւն տեղի չունենար, հայերը այսօր քսան միլիոննոց բնակչութիւն պիտի ունենային: Ան դիտել տուաւ, որ պէտք է նկատի ունենալ նաեւ այն, որ հայերը ստիպուած են ապրելու բռնի պայմաններու եւ մնայուն վտանգի տակ:
«Առաւել քան կարեւոր է հասնիլ արդար հատուցման: 1915 թուականի Ցեղասպանութիւնը պէտք չէ շարունակուի 2015 թուականին, դեռ կանուխ է փակելու Ցեղասպանութեան էջը», ըսած է ան։
Հենրի Թերիօ յայտնեց, որ փոխհատուցումը կը վերաբերի հայութեան՝ որպէս խումբի, ոչ թէ առանձին անհատներու, թէեւ վերջինները եւս կրնան իրենց պահանջները ներկայացնել:
«Պէտք է շեշտը դնել հաւաքական փոխհատուցման վրայ: Տարածքային պահանջները, որպէս կանոն, նուրբ խնդիր են: Լայն տարածքներու վերադարձը պէտք չէ դիտարկել որպէս անհեթեթ ենթադրութիւն», ըսաւ ան եւ շարունակեց. «Այսօրուան Թուրքիան պէտք է վերականգնէ այն վնասը, զոր 100 տարի առաջ տուած է հայերուն: Հատուցումը անկարելի չէ, Ցեղասպանութիւնը այսօր բեռ կը դառնայ ոչ միայն հայերուն, այլ Թուրքիոյ համար, եւ անոնք բարոյական պատասխանատուութիւն կը կրեն: Եւ եթէ ասիկա որոշ զոհողութիւն կը պահանջէ Թուրքիայէն, ապա ատիկա արդարացի է»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.