ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներուն շուտափոյթ ջնջումը լիովին կը համապատասխանէ Ռուսիոյ շահերուն, օգուտ բերելով երկկողմանի առեւտրատնտեսական կապերուն, յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործերոց նախարար Սերկեյ Լաւրով՝ պատասխանելով «Արկումենթի Ի Ֆաքթի» թերթի այն հարցումին, թէ Մոսկուա ինչո՞ւ կը ջանայ Իրանի դէմ պատժամիջոցները վերցնել, մինչ նման քայլ մը կրնայ քարիւղի գինին անկման առաջնորդել:
«Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի տարածաշրջանը այժմ լուրջ ցնցումներ կ՛ապրի, մասնաւորապէս ծայրայեղական եւ ահաբեկչական ուժերու աշխուժացման, ինչպէս նաեւ միջցեղային ու միջկրօնական հակամարտութիւններու սրման պատճառով: Կացութեան վատթարացումը կրնայ բացասական լուրջ ազդեցութիւն ունենալ միջազգային կայունութեան վրայ, հարուածելով բազմաթիւ պետութիւններու, ներառեալ Ռուսիոյ շահերուն: Համոզուած ենք, որ Իրանի շուրջ լարուածութեան մեղմացումը պիտի նպաստէ տարածաշրջանային հարցերու լուծման Թեհրանի լիարժէք մասնակցութեան ու Պարսից Ծոցի եւ յարակից շրջաններուն մէջ ապահովութեան երաշխաւորման», ըսած է ան:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարած է, թէ Իրանի մէջ ռուսական «Էս. 300» տիպի համալիրներու առկայութիւնը պիտի չխոչընդոտէ Իրանի հետ շարունակուող բանակցութեանց, որովհետեւ, «անհրաժեշտութեան պարագային, մենք կրնանք շրջանցել» նման համակարգերու վահանը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.