ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Մեծ հայրս՝ Յակոբ Արզումանեան, երեւելի հայ մըն էր, Էվէրէկի հոգաբարձութեան անդամներէն մին՝ տեղւոյն վարժարանին եւ անդամ՝ Ս. Թորոս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան։ Ան նաեւ տարիներ շարունակ Էվէրէկի քաղաքային պաշտօնեայ ըլլալով, 1915ին թուրք պետութիւնը զինք Կեսարիոյ բանտը առաջնորդեց՝ իբրեւ կասկածելի, իր կրտսեր որդւոյն՝ Դանիէլի հետ միասին։ Դանիէլ, առողջութեամբ դիւրաբեկ, կը մահանայ բանտին մէջ, հօրը ձեռքերուն մէջ։ Երեք տարի ետք՝ 1918ի զինադադարին, ազատ կ՛արձակուի եւ կը վերադառնայ Էվէրէկ, ուր իր բազմանդամ ընտանիքէն ոչ ոք կը գտնէ։ Իրեն կ՛իմացնեն, թէ կինն ու զաւակները աքսորուած են, միւս բոլոր հայրենակիցներուն հետ միասին։
Մեծ հայրս քանի մը տարի Էվէրէկ մնալէ ետք, 1924ին Գահիրէ կը հասնի՝ անցնելով Երուսաղէմէն, ուր արդէն 1922ին հասած ու տեղաւորուած էին իր երեք զաւակները՝ հայրս՝ Եղիա, եւ հօրաքոյրերս՝ Վարդուհի եւ Աննիձա։ Երուսաղէմի մէջ ան Աջը կ՛առնէ Եղիշէ Դուրեան պատրիարքին, ուխտը կը կատարէ Սրբոց Յակոբեանց տաճարին մէջ՝ պատրիարք հօր յանձնելով Էվէրէկէն իրեն հետ բերած ձեռագիր մատեան մը՝ Հայ եկեղեցւոյ յատուկ «Գանձարան»ը, որպէս ուխտի նուէր։ Պատրիարքը կու տայ ստացական նամակ մը, զոր հայրս պահած էր եւ յետոյ ինծի փոխանցած։ Իմ մօտս կը մնայ այդ Սրբազան Գիրը։
1915ի չարագուշակ տարուան Յուլիսի օրերուն, չորսը միասին բռնած էին աքսորի ճամբան՝ իշուկ մը որպէս ճամբորդատար ունենալով։ Մայր եւ երկու քոյրեր փոխնիփոխ կը հեծնէին անոր վրան, իսկ հայրս՝ երբե՛ք։ Իշուն կռնակին, աջ եւ ձախ հաւասարակշիռ երկու գորգեայ տոպրակներուն մէջ, երկու քոյրերը եւ իրենց մայրը կը նստէին։ Հայրս ճարտարամիտ ու լաւատես կը հետեւէր կարաւանին: Երբեմն բարեմիտ թուրքերու հանդիպելով՝ կը գիշերէին անոնց տան մէջ։ Հաց բաշխելու յատուկ օրեր կային, եւ ամէն ոք իրեն սահմանուած չափով հաց կը ստանար։ Հայրս կը պատմէր, որ իր դերձակութեան հաշուոյն՝ հաց բաշխողներէն մէկը ծանօթ էր իրեն, ուստի իրեն կ՛ըսէր. «Կրկին անգամ շարք մտիր»։
Ռաքքայի մէջ, ուր հասած էին հետիոտն, դժբախտութիւնը կ՛ունենան կորսնցնելու մեծ մայրս՝ Սրբուհի Դերձակեան-Արզումանեանը, հայրս իր ձեռքով կը թաղէ իր մայրը՝ անգերեզման, հազիւ 45 տարեկան։
Ատանա երբ կը հասնին, կացութիւնը աւելի ապահով կը դառնայ, մանաւանդ երբ կիլիկեցիք Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսին հետ վերադարձած էին, եւ Միհրան Տամատեան կարճ ժամանակուան մը համար Կիլիկիոյ հայոց նախագահ կարգուած էր, անշուշտ՝ խաբուսիկ, ֆրանսացիներու ապերախտ քաղաքականութեան սադրանքով։ Հայրս սակայն կը պատմէր, թէ Ատանա բաւական երկար մնացին ինք եւ երկու քոյրերը։ «Դերձակի խանութ նոյնիսկ բացի եւ գործի սկսայ», կ՛ըսէր, մինչ իրեն տարեկից թուրք տղաք, որոնք ծանօթ էին իրեն, «Ահմէտ»ը դերձակութիւն կ՛ընէ» ըսելով՝ կը զուարճանային։
Ատանայի մէջ, հայրս Կիլիկիոյ համար բարեբախտ օրեր յուսալով՝ հազիւ 18 տարեկանին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կ՛անդամակցի, եւ անոր առաջին անդամատետրը՝ 1920 թուակիր, քովս կը գտնուի։ Ինքնուսոյց անձ մըն էր, առանց բարձրագոյն կրթարանէ անցնելու, ընթերցասէր, հետաքրքիր եւ բացառիկ յիշողութեան տէր անձ մը, որ տան մէջ իր երեք տղոց դաստիարակն էր՝ դպրոցական մեր դասերէն ետք։
Հայրս կը յիշէ տարագրութեան շարունակութիւնը՝ Կիլիկիայէն Հալէպ գաղթելը, որուն ընթացքին հիացումով կը տեսնէր Սահակ Բ. Կիլիկիոյ վտարանդի կաթողիկոսին կատարած Միւռոնօրհնէքը։ Շատ չանցած՝ երեքը միասին, եղբայր եւ երկու քոյրեր, կը մեկնին Պէյրութ, ուր կը բնակին ութ ամիսներ՝ հոն եւս բանալով դերձակի խանութ։ Այս մէկը կ՛ըլլար իրապէս նախախնամական, քանի որ մնացեալները դէպի Տէր Զօր ուղղուեցան ու՝ վերջացան։ Որքա՛ն Տիրախնամ եղաւ այդ ճամբորդութիւնը… մնացին Ժել ըլ Տիպ, Անթիլիասի մօտ, որբանոց մը, եւ ապա անշուշտ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը։
Հօրս հօրեղբայրը՝ Սարգիս Արզումանեան, Առաջին պատերազմէն առաջ Էվէրէկէն Եգիպտոս մեկնած էր եւ հոն ընտանիք կազմած։ Հայրս գիտնալով, որ անոնք ապահով էին եւ զերծ պատերազմի վտանգէն՝ իր վերջին կայքը կ՛ըլլայ Գահիրէ. թուականն էր 1922։ Հօրեղբօր երաշխաւորութեամբ, անոնք կրցան մեկնիլ ու պատսպարուիլ հոն, եւ շուտով գործ եւ տուն ապահովելով՝ դարձան մնայուն բնակիչներ։ Քոյրերը Գալուստեան Ազգային վարժարան յաճախեցին, ապա երկու տարի անց, իրենց հայրը՝ Յակոբ Արզումանեան, եւս միացաւ իր զաւակներուն՝ յիսուն տարիքը անց։
Մեծ հայրս լաւ կը յիշեմ։ Տասը տարեկան էի, երբ վախճանեցաւ 80 տարեկանին։ Իմ ձեռքէս բռնած՝ ամէն Կիրակի եկեղեցի տանող բարձրահասակ մարդն էր ան։ Իմ ժամանակէս առաջ, պատարագի ընթացքին Առաքելական թուղթերը ինք կը կարդար՝ գրաբար «Ճաշոց»էն ուղղակի աշխարհաբարի թարգմանելով։ Քահանաները, սակայն, չէին հանդուրժեր եւ առաջնորդ Թորգոմ Գուշակեան արքեպիսկոպոսին մօտ կը գանգատէին։ Սրբազանը կը տեսնէր զինք եւ քահանաներու գանգատը կը փոխանցէր, իսկ մեծ հայրս կ՛ըսէր. «Անգամ մըն ալ դուք իրե՛նց ընթերցումը լսեցէք եւ տեսէք, թէ գրաբարը ուղիղ կը կարդա՞ն»։ Տան մէջ հոգեւոր լսարան բացած էր ան յայտնի դաստիարակ եւ տնօրէն Բիւզանդ Կէօզիւպէօյուքեանին հետ, որ բարձրագոյն վարժարան մըն ալ բացած էր Գահիրէի մէջ եւ «Հրեղէն Սիւն» անունով հոգեւոր ամսագիրը կը խմբագրէր։
Կը հիանամ երեւակայելով բանտէն ազատած, ընտանիքը ցրուած, Երուսաղէմ իր ուխտը կատարած եւ Եգիպտոս հասած այս մեծ մարդուն վրայ, որ իր շատ նեղ պայմաններուն մէջ, 1935ին տակաւին պիտի հրատարակէր իր առաջին գիրքը՝ «Էվէրէկի Պատմութիւն» անունով, նախնագոյն շրջաններէն մինչեւ իր օրերը։ Գիրքի երկրորդ մասը երբ կը գրէր, ինք կ՛ըսէր եւ ես՝ տակաւին երեխայ, շատ տկար հայերէնովս կը գրէի։
Հայրս «սրբազան վրէժխնդրութիւն» մը կատարեց։ Ինք ազատեցաւ, քոյրերը ազատեցան ու կանուխէն մեկնեցան Միացեալ Նահանգներ, ուր իրենց «ամուսինները» կը սպասէին։ Նախ, անոնք ամուսնացան Տիթրոյիթի մէջ եւ ապա հայրս՝ Գահիրէի մէջ։ Մենք եղանք վեց զաւակներ՝ շնորհիւ իր եւ մեր բարեպաշտ մօր։ Ծնան տասնեօթը թոռներ, որոնք բոլորն ալ վայելեցին մեր ծնողաց հոգածութիւնը։ Մայրս՝ տիրամայր Սրբուհի Նշանեան-Արզումանեան, հօրս մահէն ետք եղաւ նաեւ հոգածուն քսանվեց ծոռներու, որոնց վրայ ցայսօր երկու եւս աւելցան։
Ամերիկայի մէջ եւս «գաղթական երկու Արզումանեան քոյրերը» չորսական զաւակներու մայրեր եղան եւ տասնեակներով թոռներու եւ թոռանց զաւակներու մեծ մայրեր։ Այսօր բոլորն ալ կը հանգչին լոյսերու մէջ, ու մենք կը հիանանք ու կ՛աղօթենք իրենց եւ իրենց նման բազմահազար հայրերու եւ մայրերու հոգիներուն համար, Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին։
Հրաշք մըն էր պատահածը 1966 թուականին, երբ մեր ծնողքը Գահիրէ քառասուն տարի ապրելէ ետք՝ փոխադրուեցաւ Ամերիկա, իմ քովս։ Որքա՛ն երջանիկ պիտի ըլլար հայրս՝ իր երկու հարազատ քոյրերը տեսնելով։ Իմ առաջին պարտքը եղաւ զիրենք տանիլ Տիթրոյիթ, ուր 40 տարիներու բաժանումէն ետք, եղբայր եւ երկու քոյր զիրար պիտի տեսնէին։ Երջանկութի՜ւն։