«ՀԱՅԵՐ, ԴՈՒՔ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՅԱՋՈՂԻՔ ԱՊՐԻԼ ԱՅՍ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ»
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Թարաֆ»ի մէջ, պատմաբան Թաներ Աքչամ Հայկական Հարցի տեսանկիւնէն կը քննարկէ «Նոր Թուրքիոյ» դպրոցներուն մէջ գործածուած դասագիրքերը, որոնք բոլորովին կը հակասեն նման Թուրքիա մը կերտած ըլլալու պնդումներով յայտնուող, մինչեւ իսկ հայերն ալ այդ նոր Թուրքիոյ հիմնադիր հանդիսանալու հրաւէր ուղղող իշխանութիւններուն յայտարարութիւններուն։
«Նոր Թուրքիոյ» մը գաղափարը անշուշտ տեսիլքի մը արդիւնք է։ Նախագահ Էրտողանի ընտրական ամբողջ արշաւը հիմնուեցաւ այս տեսիլքին վրայ եւ Տաւութօղլուի կառավարութիւնն ալ այժմ իր յայտագիրը պատրաստած է այս տեսիլքի լոյսին տակ։
Նոյնիսկ հայերու, քրիստոնեաներու եւ հրեաներու հրաւէր ուղղուեցաւ, որպէսզի անոնք ալ մասնակցին ու դառնան Նոր Թուրքիոյ հիմնադիրները, եւ մերժողներուն նկատմամբ բարկութիւն արտայայտուեցաւ։
Աքչամ կ՛ըսէ, որ հետաքրքրական է գիտնալ, որ նոր Թուրքիոյ հիմնադիրները ի՞նչ կը մտածեն հայերու կապակցութեամբ։ Այս մասին ալ գաղափար կազմելու համար կը բաւէ նայիլ, թէ անոնք ինչպիսի դասագիրքեր կարդալ կու տան դպրոցներու մէջ, որովհետեւ դասագիրքերը լաւագոյնս կը ցոլացնեն իշխանութիւններու մտայնութիւնը։
Աքչամ դիտել կու տայ, որ այժմ դպրոցներու մէջ գործածուած դասագիրքերը շատ յստակ կերպով կը ցոլացնեն «Էրկենեքոն»ի գլուխով նոր սերունդներ հասցնելու մտահոգութիւն մը։ 8րդ դասարանի աշակերտները, որոնք այս նիւթին հետ առաջին անգամ դէմ յանդիման կու գան, դասագիրքէն կ՛իմանան, որ Թուրքիոյ ապահովութեան դիմաց երեք հիմնական վտանգներ կան։ Ասոնք են՝ Հայկական Հարցը, ահաբեկչութիւնը եւ աւետարանիչները։ Այս իրողութենէն մեկնելով, Աքչամ կը գրէ, որ դեռ կը տիրէ «Էրկենեքոն»ի այն մտայնութիւնը, որուն հետեւանքով Մալաթիոյ մէջ սպաննուեցան աւետարանիչները կամ Պոլսոյ մէջ՝ Հրանդ Տինքը։
Ուրեմն Նոր Թուրքիոյ հիմնադիրներն ալ նոյն մտայնութիւնը ունին ու Հայկական Հարցը Թուրքիոյ թիւ մէկ վտանգը կը նկատեն։ Անոնք հայերը կը ծանօթացնեն որպէս ժողովուրդ մը, որ Թուրքիան պառակտել կը ջանայ, որ թուրքերու ու իսլամներու վրայ կը յարձակի, որ նոյնիսկ այս նպատակներուն հասնելու համար յերիւրած է Հայկական Ցեղասպանութեան «սուտը»։
Հարկաւ, հիմա Նոր Թուրքիոյ կերտիչները պիտի առարկեն ըսելով, որ այս դասագիրքերը նախապէս պատրաստուած էին, նուազագոյն մէկ տարի պէտք է որպէսզի նոր դասագիրքեր պատրաստուին, ուստի հարկաւոր է քիչ մը սպասել։ «Մենք անշուշտ պատրաստ ենք ընդունելու, եթէ մեզի ըսուի. «Ներողութիւն, մենք անմիջապէս պիտի փոխենք այդ դասագիրքերը»։ Այդ ներողութիւնը ընդունելի պիտի ըլլայ, որովհետեւ եղածին դիմաց ընելիք միակ բանն է ներողութիւն խնդրել ու այդ դասագիրքերը ետ հաւաքել», կ՛ըսէ Աքչամ։
Աքչամ իր խորհրդածութիւնները յառաջ տանելով կը գրէ, որ իրականութեան մէջ պէտք է հարցում մը ուղղել հայերուն. «Դուք ինչպէ՞ս կը շարունակէք ապրիլ երկիրի մը մէջ, որուն երիտասարդներուն կը ներկայացուիք, որպէս վտանգ ու թշնամի։ Ի՞նչ տեսակ բան է ապրիլ այսպիսի երկիրի մը մէ»ջ։
Ուրեմն փոխուած բան մը չկայ։ Դեռ ո՛չ միայն կը կրկնուին Էսատ Ուրազի, Քեամուրան Կիւրիւնի, Կիւնտիւզ Աքթանի եւ Եուսուֆ Հալաճօղլուի նմաններուն այլեւս օթեկցած տեսակէտները, այլ նաեւ կը կրկնուի զինուորական տիրապետութեան «Էրկենեքոն»ի մտայնութիւնը։
Աքչամ իր յօդուածին երկրորդ մասին մէջ կը շարունակէր նայիլ այլ դասագիրքերու։ Ասոնցմէ մէկուն մէջ Ատանայի կոտորածները ներկայացուած են իբրեւ «Ատանայի հայոց ապստամբութիւնը»։ Մինչդեռ այս դէպքերուն մասին այդ շրջանի իթթիհատականներն անգամ այսպիսի լեզու մը չէին գործածած, ուրեմն այսօրուան Նոր Թուրքիոյ հիմնադիրները 1909ի իթթիհատականներէն իսկ ետ կը մնան։
Աքչամ կը նայի նաեւ, որ այս գիրքին մէջ ինչպէս խօսուած է 1915ի պատահարներուն մասին եւ դիտել կու տայ, որ դասագիրքը կը կրկնէ նիւթեր «որոնք արդէն անգիր սորված ենք եւ որոնք որեւէ լուրջ բովանդակութիւն չունին»։
Օրինակ, դասագիրքը կը պատմէ. «1914-1915ին Հնչակեան եւ Դաշնակցական կուսակցութիւնները Անատոլուի զանազան տեղերը ապստամբութիւններ իրականացուցին։ Ասոնք մինչեւ իսկ կը սպաննէին այն հայերը, որոնք իրենց չէին միանար։ Նոյնիսկ կ՛ըսէին. «Եթէ փրկուիլ կ՛ուզես, նախ դրացիդ ոչնչացուր» եւ տակաւին՝ «Հայերը օգտուելով այն իրողութենէն, որ թուրք այրերը ռազմաճակատ մեկնած էին, յարձակեցան անպաշտպան մնացած թրքական գիւղերու վրայ եւ սպաննեցին գիւղի ժողովուրդը, առանց խտիր դնելու կիներու եւ մանուկներու միջեւ»։
Աքչամ նորութեան մասին չէ որ կը խօսի, արդարեւ հին տեսակէտ է այն պնդումը, որ հայերը կռնակէն զարկին օսմանեան բանակին, ռուսերուն ի նպաստ լրտեսութիւն ըրին ու իրենց քաղաքներուն մէջ ապստամբելով դիւրացուցին ռուսերու բռնագրաւումը։
Աքչամ յիշեցնելով այս բոլորը դիտել կու տայ, որ այսօր եւս Թուրքիոյ մէջ ապրող հայեր կան։ «Դուք անգամ մը ձեզի այդ հայերուն տեղը դրէք խնդրեմ», կը գրէ ան։ Աքչամ դիտել կու տայ, որ դասագիրքերուն մէջ միշտ նոյն պատմութիւնները տեղ կը գտնեն։ «Օսմանեան պետութիւնը պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած հայերու կապակցութեամբ միջոցառումներ ձեռք առած էր, տեղահանուած հայերուն տուրքերը յետաձգուեցան, արտօնուեցան, որ իրենց ուզած իրերը հետերնին առնեն եւ անոնց քով պաշտօնեաներ դրուեցան, որպէսզի պաշտպանուին տեղահանուած հայերու կեանքն ու ինչքերը», կը գրէ ան, այս պնդումները «խենթի ձաբռտուքներ» որակելով, որոնք իբրեւ պատմական տեղեկութիւն կը հաղորդուի աշակերտներուն։
Աքչամ կը մեղադրէ դասագիրքերու հեղինակները, որոնք շարժած են այն մտայնութեամբ, թէ «Ի՞նչ կ՛ուզես ըսէ, այս ժողովուրդը կը կլլէ։ Գրէ ի՛նչ որ կ՛ուզես. կը բաւէ, որ հայերու դէմ ըլլայ»։
Ըստ Աքչամի՝ այս դասագիրքերուն հեղինակները եթէ այդ մտայնութեամբ շարժած չըլլային, գոնէ անգամ մը կը նայէին օսմանեան արխիւին՝ Ատանայի սպանդին մասին հրատարակուած երկու հատորներուն, պիտի տեսնէին, որ բնաւ խօսք չկայ հայերու ապստամբութեան մասին։
Տակաւին բազմաթիւ մէջբերումներ ընելէ ետք, որոնք ընդհանրապէս նոյն պատմութեան շուրջ կը դառնան, Աքչամ կը նշէ. «Խոստովանիմ, որ ըսելիք խօսք չեմ կրնար գտնել։ Հիմա կը յիշեմ 1990ականները։ Այդ օրերուն այսպիսի խենթի ձաբռտուքներ եւ սուտեր տարածողներուն կը յանձնարարէի կարդալ օսմանեան արխիւէն հրատարակուած փաստաթուղթերը։ Երբ հասկցուեցաւ, որ տարածուող պնդումները սուտ էին, շատեր այլեւս վերջ տուին նմանօրինակ ձաբռտուքներու, բայց այնպէս կը հասկցուի, որ Նոր Թուրքիոյ հիմնադիրները որոշած են դարձեալ կանգ առնել հին սուտերու վրայ»։
Աքչամ յօդուածին երրորդ մասով կը քննէ 10րդ դասարաններու պատմութեան գիրքը եւ կը գրէ. «Գիրքին մէջ յառաջ քշուած է տեսութիւն մը, որուն համար պէտք է խնդա՞ք, թէ լաք, յստակ չէ։ Հոն գրուած է, որ տեղահանութիւնը գործադրուած է հայերու ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով։ Կատակ չէ։ Ասիկա կը պնդուի, որպէս լուրջ տեսութիւն։ Անհաւատալի է, բայց մեր պետութիւնը հայերը հայերէ պաշտպանելու համար զանոնք տեղահանելու որոշում տուած է»։
Աքչամ կ՛ըսէ, որ տեղահանութեան մասին ամէն բան կրնար մտածել, բայց այսքանը չէր կրնար մտածել։ Ան ընթերցողը կը հրաւիրէ գլխարկ հանելու Նոր Թուրքիա մը կերտել ուզողներու այս «խորունկ տեսիլքին» դիմաց։ «Գիտեմ, որ նեղութիւն կը պատճառեմ, բայց չմոռնանք, որ որպէս տեղեկութիւն յառաջ քշուած այս խենթի ձաբռտուքները անոնք կը կարդացնեն մեր երիտասարդներուն», կը գրէ ան։
Ակնարկելով հայերու «ապահովութիւնը երաշխաւորելու» քայլերուն, Աքչամ կ՛ըսէ.
«Երբ մէկը այս բոլորը կը կարդայ, կը մտածէ, որ բախտաւոր են եղեր տեղահանուած այդ հայերը, երանի թէ մենք ալ անոնց պէս աքսորուէինք, թէ՛ մեր կեանքը ապահովութեան տակ կ՛առնուէր եւ թէ հակառակ ծանր պայմաններուն՝ գոյատեւման կարելիութիւններ կ՛ունենայինք»։
Այս հեգնական տողերէն ետք, ան կը յիշեցնէ, որ աքսորեալներու եւ մեռեալներու թիւն ալ շատ հետաքրքրական է եւ կ՛ակնարկէ Եուսուֆ Հալաճօղլուի այն պնդումին, թէ միայն 30 հազար հայեր մեռած էին։ Դասագիրքը կը պատմէ, որ ըստ անկողմնակալ մասնագէտներու, պատերազմի եւ հիւանդութեան հետեւանքով եւ այլ պատճառներով 300 հազար հայ իր կեանքը կորսնցուցած է։ Բայց այդ ըսելէ ետք, գիրքը կ՛աւելցնէ, որ հայերու կողմէ սպաննուած թուրքերուն թիւը շատ աւելի բարձր է եւ կը հասնի 500 հազարի։
1915ի մասին պնդումներու ամենավերջինը կարծես կատակերգութեան մը վերջին վարագոյրն է, կը գրէ ան՝ նշելով. «Օսմանեան պետութիւնը, եթէ հայերը բնաջնջելու նպատակ ունենար, տեղահանութեան ընթացքին եւ անկէ վերջ ապահովութեան այսքան միջոցներ ձեռք կ՛առնէ՞ր։ Նաեւ, ո՞ւր են հաւաքական գերեզմանները բոլոր անոնց, որոնց համար կը պնդուի թէ սպաննուեցան»։
Աքչամ հոս կը յիշեցնէ, որ Մարտինի քարայրներէն մէկուն մէջ գտնուած հաւաքական գերեզմանատան մը ոսկորները մեծ ճարպիկութեամբ անհետացան Հալաճօղլուի ձեռքով։ Բայց, ան կ՛աւելցնէ ան, այս նիւթը լաւագոյն միջոցն է կառավարութենէն արտօնութիւն ուզելու՝ հաւաքական գերեզման գտնելու պեղումներ ընելու համար։
Գիրքին ձաբռտուքները հոս ալ չեն վերջացած։ Գիրքին մէջ պնդուած է, որ աքսորուած հայերը ետ վերադարձան, վերատիրացան իրենց ապրանքներուն ու կալուածներուն։ Գիրքին մէջ մասնաւոր տեղ կը տրուի նաեւ թուրք դիւանագէտներու վրայ յարձակումներուն։
Ըստ պատմութեան դասագիրքին, սփիւռքահայութեան հակաթուրք արարքները կը կատարուին չորս «Թ» կոչուած յայտագիրի մը համաձայն։ Այս չորս «Թ»երն են, թրքերէնով՝ «թանըթըմ» )ծանօթացում), «թանընմա» )ճանաչում գտնել), «թազմինա»չ )հատուցում) եւ «թօփրաք» )հող)։ Ուստի դասագիրքը աշակերտները կը հրաւիրէ հայերու այս ճիգերուն դէմ պայքար մղելու։ Աքչամ կը գրէ, որ պետութիւնը արդէն միջոցներ ձեռք առած է։ Հայկական պնդումներու դէմ 2001ին հիմնուեցաւ «Հայկական Ցեղասպանութեան անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի համակարգիչ խորհուրդ» մը, որ սկսաւ աշխատանք տանելու հայկական պնդումները ջրելու նպատակով։
Աքչամ կը գանգատի, որ այն երիտասարդ ուղեղները, որոնք վաղը այս երկրին ապագան ձեռք պիտի առնեն, դէմ յանդիման կը ձգուին այնպիսի պատկերի մը հետ, որուն մէջ հայը կը ծանօթացուի որպէս պառակտիչ, թշնամիին հետ գործակցող ժողովուրդ։
Աքչամ դարձեալ կ՛եզրակացնէ. «Իսկ Թուրքիոյ հայե՞րը։ Ես միակ հարցում մը ունիմ անոնց։ Ինչպէ՞ս կ՛ապրիք այս երկրին մէջ։ Իրաւ, ինչպէ՞ս կը յաջողիք ընել այս բանը»։
Չորրորդ մասով, Աքչամ մասնաւորաբար կանգ կ՛առնէ «Միջնակարգի Պատմութիւն» դասագիրքին մէջ հրատարակուած բաժինի մը վրայ, որուն համար կ՛ըսէ, ուղղակի ու գիտակցաբար կատարուած ատելութեան յանցագործութիւն է։
Արդարեւ, դասագիրքը կ՛ուսուցանէ, որ հայերը սպանդներ կը գործէին թրքական գիւղերու վրայ յարձակելով եւ հետզհետէ զօրացուցած են իրենց ապստամբութիւնը։ Անոնք կը հնազանդէին )իբրեւ թէ) հայերու պաշտօնական ամսագիրը հանդիսացող «Արարատ» պարբերաթերթին մէջ հրատարակուած յայտարարագրի մը, որ կը բաղկանար 15 յօդուածներէ։ Իւրաքանչիւր յօդուած թուրքերու դէմ գործելու հրահանգ էր։ Դասագիրքը կը գրէ, որ հայերը անմիջապէս գործադրութեան դրած են այս յայտարարագիրը ու Ա. Աշխարհամարտի օրերուն մեծ վնաս հասցուցած թուրք ժողովուրդին։
Աքչամ նոյնիսկ անիմաստ կը գտնէ հարցնելը, թէ իսկապէս այդպիսի յայտարարագիր մը հրատարակուա՞ծ է, թէ ոչ։ «Դասագիրքին հեղինակներն իսկ անշուշտ գիտեն, որ այդպիսի բան մը չկայ։ Եղածը նպատակաւոր կերպով կատարուած ատելութեան յանցագործութիւն մըն է։ Երեւակայեցէք, որ թուրք ուսանող մը հայերու նկատմամբ ինչ պիտի զգայ երբ իր դասագիրքին մէջ պիտի կարդայ այս տողերը։ Այս դասագիրքերը կը կարդացուին հայկական դպրոցներու մէջ ալ. երեւակայեցէք նաեւ, թէ հայ ուսանող մանուկի մը հոգեբանութիւնը ինչպէս պիտի խանգարուի, երբ իրեն պիտի պարտադրուի սորվիլ այս բաները», կ՛ըսէ Աքչամ։
Աքչամ իր յօդուածին մէջ բոլոր գիտակից մարդիկը կը հրաւիրէ այս դասագիրքերուն դէմ գալու ու ձայն բարձրացնելու, որպէսզի նմանօրինակ դասագիրքերը շուտով ետ հաւաքուին դպրոցներէն եւ իշխանութիւնները հայերէ ներողութիւն խնդրեն հոն գրուածներուն համար։
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
In memory of
our relatives
who perished in Yozgat
Krikor, Kevork, Minas, Artin, Bedros, Vartan
& Dikran
Tchakerians
of Yozgat
——————————————————
In loving memory
of our parents
Toumas
& Zepure Krikorian
—————————————————–
Գէորգ
եւ Լիզա Սանդիկեան
—————————————————–
Falafel
Arax
5101 Santa Monica Blvd.
Los Angeles, CA 90029