ԳՐԻԳՈՐ ՔԷՕՍԷԵԱՆ
Պոսթըն վերադարձիս իրարու հետ նոր կը հանդիպէինք: Ապշած էի եւ թերահաւատ:
– Շահա՞ն Նաթալին: Ո՞ւր:
– Հո՛ս, Ուոթըրթաուն:
Հայ ժողովուրդին յետեղեռնեան վրիժառութեան ոգին մարմնաւորող եւ անոր խորհրդանիշը դարձած դէմքը, ուրեմն, Ուոթըրթաուն կ՛ապրէր, եւ ցարդ ոչ ոք այդ մասին խօսած էր ինծի: Մարզպետին յայտնեցի փափաքս ամէն գնով զինք տեսնելու:
– Քիչ մը դժուար է:
Դժուարութիւնը, գրեթէ արգելքը, առաւելաբար կու գար տիկին Նաթալիէն, որ կ՛ուզէր արտաքին աշխարհէն պաշտպանել իր ամուսինը զանազան պատճառներով, նաեւ՝ անոր առողջութեան խնայելու համար յաւելեալ յուզումներ, որովհետեւ գիտէր այցելողներուն նպատակը:
– Այդուհանդերձ, կը փորձեմ,- խոստացաւ Մարզպետը:
Մի քանի օր ետք իր ձայնն էր հեռաձայնէն.
– Բախտաւո՛ր ես: Տիկին Նաթալին Լոս Անճելըս գացեր է իր աղջիկը եւ թոռնիկները տեսնելու, իսկ օրիորդ Նաթալի սիրով ընդառաջեց առաջարկին, հաւանութեամբը իր հօր:
Նոյն երեկոյ, երբ Մարզպետին հետ կը մտնենք իր տան սեմէն ներս, Նաթալի ոտքի կ՛ելլէ իր լայն բազկաթոռէն: Ակնոցներուն ետեւէն նախ խորաթափանց նայուածք մը ուղղակի աչքերուս: Ո՛վ է սա լիբանանահայ գրողը, որ զինք այնքան կ՛ուզէ եղեր տեսնել: Քունքերուն երկու կողմերէն ժայթքող սպիտակ առատ մազերու խուրձերը եթէ գագաթին չբաժնուէին լերկութեամբ, տպաւորութիւնը պիտի ձգէին առիւծի
բաշերու: Գիշերազգեստին վրայէն հագած էր թեթեւ փայլփլուն պատմուճան մը, քառակուսի կարմրաւուն նախշերով: Իսկ ես, իմ կողմէս, քիչ մը ապշած կը դիտեմ զինք: Ահա՛ այն առասպելական Նեմեսիսը, որ Իթթիհատի դահիճներու եւ առաջին հերթին՝ դահճապետ Թալէաթի սատակումը կազմակերպող ղեկավար ուժն էր Պերլինի մէջ: Տարտամօրէն գիտեմ նաեւ, թէ Նաթալին շա՜տ աւելին է, քան իր այս հանրածանօթ մասը, որպէս նկարագիր եւ վրիժառական ծրագիր, համապատասխան՝ Եղեռնի ահաւորութեան: Նայուածքէս չէր պակսեր նաեւ զարմանք մը. այս հսկան արտաքնապէս անհամեմատ փոքրակազմ էր: Այդքա՛ն ուժ գերճնշուած՝ այս ամփոփ կազմին մէջ:
Կարդացած էի իր երկու յուշագրական հատորները՝ «Արամ Երկանեանի Յուշերը» եւ «Այսպէս Սպաննեցինք»: Նպատակս էր նաեւ գոնէ անոնցմէ դրուագ մը լսել, եւ «տեսնել», ուղղակի աղբիւրէն, բաբախուն նկարագրական մը՝ Պերլինի ահաբեկչութիւններուն՝ Թալէաթի, Ճեմալ Ազմիի եւ տոքթ. Պեհաէտտին Շաքիրի, մէկ պահուն, եւ ապա կարելիի սահմանին մէջ անոնց յաջորդող չծանուցուած, սակայն աւելի հեռահաս եւ պատասխանատու գործողութիւններուն եւ ծրագիրներուն: Նաթալիին հանդիպելու փափաքը մէջս մասնաւորաբար սրած էր, երբ Լիբանանեան քաղաքացիական կոչուած կռիւներուն հետեւանքով Մնացորդացը դարձեալ տուն տեղ ձգած՝ սկսած էր գաղթել, ինչպէս մեր ընտանիքը անցեալ տարի, «Երկիր»ին սահմաններէն դեռ աւելի հեռաւոր ափեր: Մեծ Եղեռնէն 60 տարիներ ետք թուրքը կը շարունակէր քրքջալ ի տես արեւմտահայութեան վերջնական քայքայման: Եւ դեռ կը գտնուէինք Հայկական կեանքին մէջ նոր իրադարձութիւններու առջեւ. Հայկական ահաբեկչական նոր կազմակերպութիւններ յառաջացած էին, որոնք կը խորհէին ժառանգաբար ընթանալ Նեմեսիսին ուղիէն, նոյնիսկ ոմանք կու տային անոր անունը եւ կ՛որդեգրէին անոր տոհմանունը, որպէս ծածկանուն: Իսկ ի՞նչ կը մտածէր այդ մասին, ի՛նքը՝ Նեմեսիսը:
– …Այո՛:
Զրոյցը տեղի կ՛ունենայ 1977 Նոյեմբեր 10ի երեկոյեան: Նստած եմ, Մարզպետին հետ, դիմացը անոր՝ որ հրահանգած էր Սողոմոն Թեհլիրեանին. «Կը պայթեցնես գանկը թիւ 1 ազգասպանին եւ չես փորձեր փախչիլ, կը կանգնիս ոտքդ սատակին վրայ» (այդ պատճառով է, որ Թալէաթի սպանութեամբ, 1921 Մարտ 15ին, ունեցանք ձերբակալուած «Թեհլիրեանի դատաւարութիւնը», իր միջազգային ուզուած արձագանգներով, որ խորքին մէջ դատաւարութիւնն էր Երիտթուրքերուն):
Արձանագրիչին կոճակը չսեղմած, սակայն, նախապայմանը կը դրուի. «Պիտի հրատարակէք միա՛յն մահէս ետք»: Միջանկեալ «գրաքննութիւն» ալ տեղի կ՛ունենայ. զրոյցի ընթացքին երկու անգամ կը դադրեցուի արձանագրութիւնը՝ «Այս խօսելիքներս չէք հրատարակեր»: Արձանագրութիւնը չհրատարակեցի իր մահուընէ ետքն ալ, երբ խմբագիրն էի «Պայքար» շաբաթաթերթին: Չեմ գիտէր եթէ երբէք այսօր, 38 տարիներ ետք, իր կողմէ այդ արգելքները պիտի դրուէի՞ն, բայց գիտեմ թէ երբ գրի կ՛առնեմ զրոյցը, իմ կողմէս նաեւ անհրաժեշտ կը նկատեմ անհրաժեշտ խմբագրում մը որոշ յապաւումներով:
***
– Պերլինի ահաբեկումներուն, սկսելու համար առաջինէն՝ Թալէաթի հաշուեյարդարէն, գետինը արդէն պատրա՞ստ էր, երբ հոն գացիք Նեմեսիս գործողութիւնը ղեկավարելու համար:
– Ո՛չ: Գետինը պէտք էր պատրաստել: Բայց կային հայ երիտասարդներ: Կար մէկը, որ Փարիզ եկած էր ժողովի եւ Պերլին կը բնակէր, Հայկ Օհանեան, պարսկաստանցի, նշանաւոր հարուստի զաւակ, բայց ան իր հաճոյքներուն համար հոն կ՛ապրէր: Հոն գտնուող հայ սքանչելի տղոցմէ կար Զաքարեան (Բարսեղ) – արեւելեան Պարսկաստանէն, Պուլկարիա եկած Ընդհանուր ժողովին, եւ որ չէր վերադարձած ու անցած էր Գերմանիա: Սորված էր եւ կը խօսէր հիանալի գերմաներէն, ընկերային ջերմ զրուցող մըն էր եւ ինձմէ շատ աւելի հին դաշնակցական: Նոյնպէս դաշնակցական սքանչելի տղոցմէ կար ուրիշ երիտասարդ մը, Յակոբ Զօրեան, Պոլսոյ Կեդրոնականի ուսանող, Եղեռնի ատեն պահուըտած, բոլոր իրադարձութիւններուն ծանօթ: Պատերազմէն ետք եկած էր Պերլին եւ կ՛ուսանէր համալսարանի մէջ: Կար նաեւ Եգիպտոսէն Լիպարիտը (Նազարեանց), որ որպէս քարտուղար կ՛աշխատէր Պերլինի Հայաստանի դեսպանատան մէջ եւ նոյն ատեն կը հսկէր դեսպանին վրայ, քանի դեսպանը, Ճէյմզ Կրինսֆիլտ, կէս հայ մըն էր, հօրը կողմէն անգլիացի: Լիպարիտը գրող էր, շատ նուրբ արուեստագէտ մը, իւրաքանչիւր բառ կը քննէր, կը զննէր: Սողոմոնը Ամերիկայէն Պերլին կանչուեցաւ հոն գտնուելէս երկու ամիս ետք: Ան արդէն որոշուած էր, եւ իր հետ տեսնուեցայ վերջին շաբաթը Ամերիկան չձգած: Սողոմոնը ահաբեկչական փորձառութիւն ունէր, 18-19 տարեկանին մասնակցած ըլլալով Սեբաստացի Մուրատին «Մէկ հայ, մէկ ոսկ»ջ ծրագիրին. մէկ ոսկի՝ ազատուած ամէն հայու դիմաց: Երբ Երզնկան գրաւուեցաւ, այդ շրջանը Մուրատին յանձնուած էր: Իսկ անշուշտ բոլորը, Սեպուհի հրամանատարութեան ներքեւ գտ-նուող շրջանները նաեւ, ենթակայ էին Անդրանիկի հրամանատարութեան:
Սողոմոնին ուղին կ՛անցնի Երզնկայէն Կովկաս, Փարիզ, Պոլիս, ուր կը սիրահարի հնչակեան աղջկայ մը: Այս աղջիկն է, որ Սողոմոնը կ՛առաջնորդէ ահաբեկչական մէկ գործունէութեան, որուն մէջ ան աչքի կ՛իյնայ Մերճանոֆի կողմէ: Գրիգոր Մերճանոֆ Պոլսոյ մէջ ահաբեկչական գործերուն գլուխն էր: Ապա Պոլսոյ քեմալական այդ փախ-փախի օրերուն այդ աղջիկն ալ Փարիզ կու գայ:
– Նեմեսիս անուան գործողութիւնները, Պերլինէն Հռոմ, Թիֆլիսէն Պոլիս անշուշտ մաս կը կազմէին կուսակցութեան պաշտօնական որոշումին:
– Թուրքը բնաջնջած էր մեզ, իսկ մեր նպատակներէն մէկն ալ ամբողջ աշխարհը մեր Դատով, մեր հարցով զբաղեցնելն էր, ոտքի հանելը: Թուրքիոյ պարտութեամբ
Զինադադարէն ետք Դաշնակից ուժերը որոշած էին պատժել կառավարութեան Իթթիհատական բոլոր ղեկավարները: Ո՛չ միայն անոնք, այլ բոլոր վալիները, բոլոր ոստիկանապետները, բոլոր անոնք որոնք հայկական կոտորածներուն բաժին ունեցան, պիտի դատուէին: Ասոր համար է, որ անգլիացիները անոնցմէ 125 հոգիի չափ Մալթա տարին: Ազգերու լիկան ալ ուրիշ գործ կ՛ընէր: Կը մտածէի թէ ոճրագործներէն անոնք, զորս անգլիացիները բռնած են, արդէն պիտի դատուին, իսկ անոնք, որոնք փախած էին՝ ես մաքրեմ: Խորհիլը չէր բաւեր, այլ պէտք էր գործել: 1919-1920ին, ուրեմն վաթսուն տարիներ առաջ, երբ ես 33 տարեկան էի, շատ դժուար էր, որ մարդիկ մտածէին, թէ ես բան մը կ՛ըսեմ եւ ըսածս չեմ ըներ: Եւ ինծի համար ուժի մը պէտք ունէի, եւ այդ ուժը ունէի արդէն՝ Դաշնակցութիւնը: Թէեւ այդ շրջանին անկման մէջ էր, սակայն իր մէջ կը հաշուէր փորձառուներ, կառավարական, նախարարական, վարչական եւ այլ պաշտօններ վարողներ: Դաշնակցութեան 9րդ Ընդհանուր ժողովը, որ գումարուեցաւ Երեւանի մէջ 1919 Սեպտեմբերին, որոշեց պատժել Ցեղասպանութեան յանցագործները: Ուրեմն, կը ստեղծուի Պատասխանատու յանձնաժողով մը, եւ կը հիմնուի Նեմեսիս վրէժխնդրական ծրագիրը: Գործողութիւններուն պատասխանատուն ես եմ, օգնական ունենալով Գրիգոր Մերճանոֆը: Կը հետեւի գլխաւոր ոճրագործներու հաշուեյարդարը:
(Հարց տուի, հակառակ ընթերցանութիւններէս ունեցած տեղեկութիւններուս, թէ ինչպէ՞ս գործադրուեցան, օրինակ, զոյգ ահաբեկչութիւնները տոքթ. Պեհաէտտին Շաքիրի եւ Ճեմալ Ազմիի, ձեռամբ՝ Արամ Երկանեանի եւ Արշաւիր Շիրակեանի, քանի որ ինքն էր մահափորձերուն կազմակերպիչը, մանրամասնութիւնները համակարգողը եւ անտեսանելի անկիւնէ մը գործողութեան հսկողը: Հիանալի էր տեսնել, թէ ինչպէ՞ս այս ծերունին, առանց ճիգի յանկարծ ոտքի կանգնեցաւ – Նեմեսիսը կը ծերանա՞յ – եւ մի քանի քայլ յառաջանալով՝ «Սեպեցէք որ, ըսաւ, Պերլինի փողոցն ենք, ուշ գիշեր է, թուականն է 1922 Ապրիլ 17: Դէպի իրենց տուները ուրախ-ուրախ խօսակցելով կը քալեն զոյգ ոճրագործները իրենց ընտանիքներով: Տիկին Թալէաթի (արդէն «այրիացած» շուրջ տարի մը առաջ) երկու կողմերն են զոյգ ճիւաղները»: Ժամեր հսկողութենէ եւ սպասումներէ ետք՝ վերջապէս անոնց կը հետեւին մեր երկու տղաքը: Մօտենալով ուժգին անդին կը հրեն տիկին Թալէաթը եւ կը լսուին կրակոցները: Նաթալիի «ատրճանակը» (8) կ՛առնէ անհրաժեշտ ուղղութիւնը):
– Զանազան պատճառներով, արտաքին թէ ներքին, կը դադրին կամ կը դադրեցուին ահաբեկչութիւնները, սակայն դուք մտածեցիք շարունակել այլապէս, աւելի մեծ թափով: Զիս հետաքրքրողը այդ շրջանի կուսակցութեան ներքին վէճերը չեն, այլ ծագած գաղափարախօսութեան եւ ուղղութիւններու հիմնական տարբերութիւնները:
– Թուրքը մեզ ազգովին բնաջնջեց, իսկ մենք պատասխանատու մի քանի ոճրագործներ հետապնդելով եւ սպաննելով – ինչ որ պէտք էր, անշուշտ – հակադարձած չէինք ըլլար, ոչ ալ մեր նահատակներուն վրէժը լուծած: Մեր հարցը, մեր Դատը լուծուած չէր ըլլար: Պէտք էր համապատասխան միջոցներու ձեռնարկել ակն ընդ ական եւ հարուածել ամբողջական ձեւով: Պէտք էր հատուցումը: Ասոր համար ծրագիր մը մշակած էի: Փարիզի Ընդհանուր 10րդ ժողովին մէջ, 1924ին, անցուցեր եմ այդ տեսակէտը իբր որոշում: «Զէնքը» չեմ ցուցուցեր: Ընդհանուր ժողովին երթալէ առաջ հոս, Ամերիկայի մէջ, գաղափարը սաղմնային վիճակի մէջ կար: Հոն գացի որպէս պատգամաւոր, որպէս անդամ Պատասխանատու մարմինին, որ հինգ հոգիէ բաղկացած էր Փարիզի ժողովին սկիզբը՝ Սիմոն Վրացեան, Ռուբէն Տէր Մինասեան, ես, Համօ Սաչաքեան, եւ… (Նաթալի տեղւոյն վրայ չյիշեց անունը, բացի ըսելէ թէ ան Երեւանէն սկսեալ Վրացեանի «մարդն»ն էր):
Ընդհանուրը, ժողովին ներկայ էին 20-22 պատգամաւոր, ինչպէս սովորութիւն է, քանի բոլորը ներկայ չեն կրնար ըլլալ: Ամերիկեան պատգամաւորներէն ժողովին դրուած հարցն էր՝ «Ինչպէ՞ս կռուիլ Թուրքին դէմ»: Ուզեցին գիտնալ մանրամասնութիւններ: Չէինք կրնար տալ, բայց առաջարկեցինք, որ ընտրուի յանձնախումբ մը, երեքէն-հինգ հոգի: Եւ մենք անոր կը ներկայացնենք մեր ծրագիրը: Եւ այդ հինգին ներկայացուած եւ միաձայնութեամբ ընդունած ծրագիրը կը նկատուի Ընդհանուր ժողովի որոշում, առանց երբեք որ յետոյ մանրամասնութեամբ ներկայացուի ժողովին: Պայման էր հինգին միաձայնութիւնը: Բոլորն ալ յանձնախումբին մաս կազմելու թեկնածու էին: Գրաւոր գաղտնի քուէարկութեան ընտրեալներուն անունը նաեւ գաղտնի պիտի պահուէր ընտրողներէն. ձեւակերպութիւն մըն է, քանի որ ամէն ոք պիտի գիտնայ ընտրեալները: Ընտրեալ հինգ հոգին եւ ժողովին ատենապետ Լեւոն Շանթը կ՛առանձնանանք: Հինգէն Ռուբէն Տէր Մինասեան, ոտքի եղունգէն մինչեւ մազերուն ծայրը հակառակ էր: Սիմոն Վրացեան՝ նոյնպէս: Ժողովը կը տեւէր երկար, երկա՜ր, համոզելու համար: Յետոյ, ինչպէս նախապէս Երեւանի ժողովին ըսած էի. «Դաշնակցութեան թշնամին թո՛ւրքն է, թուրքէն առաջ, թուրքէն զատ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան թշնամին թուրքն է: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ի՛ր ծնունդով, ի՛ր էութեամբ անոր համար է: Եթէ այդ չըլլար, Դաշնակցութիւնը արդէն Դաշնակցութիւն եղած չէր ըլլար: Վե՛ր»ջ:
Հինգերու ժողովը կ՛երկարէր ու կ՛երկարէր. խօսի՜ր, խօսի՜ր, խօսի՜ր… Իսկ մասնակից «մալաթիացի Ահարոն Խաչաքեանը, որ այն ատեն «Հայրենիք»ի մէնէյճըրն էր, մինչեւ որ բերանը բանա՜ր… Սիկառէթի տուփը կը հանէր, թը՛ք, թը՛ք կը զարնէր, «ընկերնե՜ր, կամա՜ց, կամա՜ց», կ՛ըսէր»: Ես քիչ անգամ տեսեր եմ իր նման մէկը: Ռուբէնը քիւրտերու մասին ծրագիր ունէր, քիւրտե՜րը, քիւրտերո՜վ պիտի փրկենք: Քիւրտերը թուրքերո՜ւ դէմ ոտքի պիտի հանենք: Իրենք իրենց կռիւը պիտի տանին, եւ իրենց կռուին պիտի ազատուինք նաեւ մե՜նք:
– Ա՞յս էր իր թէզը: Քիւրտերը…
– Այդպէս կը հաւատար: Եւ յանկա՛րծ, անսպասելիօրէն, Խաչաքեանը պոռթկաց, կատղած էր: «Եթէ, ըսաւ, դուք երեքդ այսօր մեր երկուքին ըսածին համաձայն չըլլաք, ես առաջարկը Ընդհանուր ժողովին պիտի տանիմ»: Հիմա մէկ Բիւրօ կար: Չկար այլեւս Արեւելեան եւ Արեւմտեան Բիւրօ: Ես արդէն ըսած էի, Ամերիկան կը դարձնենք Բիւրօ, Եւ Ամերիկայի կը յանձնենք մեր ծրագիրը: Անսպասելի էր մեր ըսածը: Շշմեցան: Դրամը Ամերիկայէն կու գար… Դաշնակցութիւնը նիւթապէս ոտքի պահողը Ամերիկան էր: Համաձայնեցան մեզի: Եւ ինծի յանձնուեցաւ հինգերուն որոշումին Ընդհանուր ժողովին փոխանցումը: Հետեւաբար՝ «Ընդհանուր ժողովը կը յայտարարէ. Միաձայնութեամբ ընդունուած է թուրքերուն դէմ պայքարելու որոշումը, գործածելու՝ ամէ՛ն զէնք: Մեր կռուին մէջ չկայ ոչ մէկ զէնք որ արգիլուած է»: Հիմա քրտական խնդիրն ալ կար, որ օրակարգին մաս կը կազմէր: Քիւրտերը զէնք ունին, մարդիկն ալ ունին, սակայն չունին այն տարրերը, որոնք կարենան զիրենք պաշտպանել արտաքին աշխարհին, եւրոպական պետութիւններուն մօտ: Ռուբէնին մտածումը այն է՝ թէ Դաշնակցութիւնը իր ուժը պիտի դնէ ի սպաս քիւրտերուն: Ասոր դէմ ալ մեր երկուքին կողմէ առաջարկն էր, թէ քիւրտերը անհրաժեշտ ուժը ունին ներքնապէս ապստամբելու, իսկ արտաքին ճակատին վրայ մենք ունինք Արմէնիա, Երկրորդ Միջազգայնականը, արտաքին յարաբերութիւններ, որ ջատագովէ անջատ Քիւրտիստանի գաղափարը: Մենք այդ փրոփականտը կ՛ընենք արդէն, մտածելով որ այդ կը տկարացնէ թրքական ուժը: Ուրեմն այս ուղղութեամբ Ընդհանուր ժողովը կ՛որոշէ քրտական փրոփականտը ընել, սակայն գործնապէս անոնց կռիւին հետ բացարձակ կապ չունենալ: Երբ կու գայ կարգը Բիւրօ ընտրելու, իմ անունս ալ կը դնեն: Մարդիկ կան որ հոգի կու տան Բիւրոյի անդամ ընտրուելու համար, բայց ես կ՛ըսեմ թէ չեմ ուզեր ըլլալ: Կողմնակից էի, սակայն, որ խնայողութեան համար բաղկացած ըլլար հինգ անդամով եւ ոչ թէ անցեալի եօթը կամ ինը կամ տասնմէկ անդամներով: Կ՛ուզէի որ այդ հինգ անդամներէն իւրաքանչիւրը ստանձնէր ղեկավարութիւնը ժողովին առնուած մէկ գլխաւոր, էական եւ հիմնական որոշումին՝ հինգ տարբեր որոշում՝ հինգ տարբեր բացարձակ պատասխանատու: Շատ լաւ կը յիշեմ որ Վահան Նաւասարդեանը, որ ժողովին ներկաներէն էր, ինծի ըսաւ ժողովի ընդմիջումին. «Քո անունը, Շահա՛ն, պէտք է դրուի թեկնածուներու շարքին, եւ պէտք է որ ընտրուիս: Առանց ընտրութեանդ, թուրքին դէմ կռուելու հարցը՝ զերօ՛»: Պատասխանեցի թէ ինծի համար առնուած որոշումը սրբութեանց սրբոց է, եւ ես կը դառնամ Բիւրոյի մէկ զինուորը, որ ինքզինք կը տրամադրէ: Ի՛նչ որոշում որ տրուի՝ հոգիով եւ մարմինով ամբողջութեամբ մէջը կ՛ըլլամ: Այսուհանդերձ Վահանին խօսքը ինծի շա՜տ մտածել տուաւ. ուրեմն, կրնա՜յ ըլլալ որ թուրքին դէմ կռուելու Բիւրոյի ընտրած պատասխանատուն, ներսի իր համախոհներու մեղսակցութեամբ, չգործադրէ Ընդհանուր ժողովին որոշումները, անոնք որքան ալ նուիրական ըլլան, մինչեւ չորս տարի յաջորդ ընտրութիւն, անկէ ետքն ալ այս կամ այն չքմեղանքները ընէ նոր Ընդհանուր ժողովին: (Նաթալի կասկածելու այլ պատճառներ ալ ունի, քանի Դաշնակցութեան արեւելահայ եւ արեւմտահայ ղեկավարութեան միջեւ շատոնց առկայ լարումը կը սաստկանար: Դեռ Ընդհանուր ժողովէն առաջ Ռուբէն Տէր Մինասեան եւ գործակիցներ՝ արդէն մտածած են, Նաթալիի բառերով՝ «Ամերիկան իրենց ճանկը առնել» եւ այս միտումով իրենց ծանօթ դէմքերէն՝ Ռուբէն Դարբինեան արդէն Պարսկաստանէն եկած է Ամերիկա, որպէս «Հայրենիք»ի խմբագիր, ներսէն աշխատելու համար: Անոր պաշտօնն էր նաեւ թուրքին դէմ գործողութիւնները շեղեցնել եւ դարձնել՝ «Քրտական» հարց: Խռովիչ հեռանկար: Միշտ Նաւասարդեանի խօսքը իր միտքին մէջ է. «Առանց քու ընտրութեանդ թուրքին դէմ կռուելու հարցը՝ զերօ՛»: Նաթալի ժողովին կը յայտարարէ. «Ընկերնե՛ր, ընտրեցէ՛ք զիս»):
– Օր մը Աշոտը Սողոմոնին կ՛ըսէ,- կը շարունակէ Նաթալի,- թէ ինք՝ Սողոմոնը, ազգային հերոս մըն է, որ Թալէաթը զգետնեց, լա՛ւ, «սակայն մեզի ուրիշ բան պէտք է, ուրի՛շ, ուրի՛շ, ուրի՜շ…»: Սողոմոն կը պատասխանէ՝ «Այդ մասին պէտք է խօսիմ Շահանին»:
Ես կը ճանչնայի միայն Աշոտի յեղափոխական հայրը, երբ «Հայրենիք»ի խմբագիր էի պատերազմի տարիներուն, իսկ տոքթ. Թիրեաքեան կ՛աշխատակցէր թերթին եւ «Կոչնակ»ին («Հայաստանի Կոչնակ», շաբաթաթերթ, Պոսթըն): Աշոտը իր հօրմէն նպաստաւոր խօսքեր լսած պէտք է ըլլար իմ մասին եւ ոչ թէ ուրիշէն, որովհետեւ միայն կուսակցական ներքին շրջանակ մը տեղեակ էր իմ մասին: Երբ որ Թալէաթը սպաննուեր է, հոս նոյնիսկ Կեդրոնական Կոմիտէն տեղեակ չէր, թէ Շահանը տեղւոյն վրայ է՝ Պերլին, բացի Զաւէնէն (Նալպանդեան) եւ Բիւրոյի անդամներէն: Աշոտը ինծի պէս վրէժխնդիր ոգի ունէր եւ մանր բան չէր սիրեր: Նիւ Եորք մեր հանդիպումին հարցուց մտածումս: «Մենք,- ըսի,- որոշում ունինք թուրքին դէմ կռուելու համար ո՛չ մարդկային, ո՛չ աստուածային օրէնքներ ընդունելու: Բոլոր զէնքերը մեզի համար գործածելի են: Բայց գիտե՜ս,- ըսի,- մենք անոր համար առանձին ֆոնտ մը ունինք, մեծ գործը մեծ ֆոնտ կ՛ուզէ»: Աշոտը խանդավառ էր: «Ես,- պատասխանեց,- քո՛ւ անունիդ՝ Շահան Նաթալիի, ամիսը հինգ հարիւր տոլարի չէք մը կը ղրկեմ: Ո՛չ կ՛ուզեմ որ քու բարեկամներդ զիս տեսնեն, ո՛չ կ՛ուզեմ որ իմ բարեկամներս քեզ տեսնեն: Դրամը կը ղրկեմ քու անձիդ»: Չէքը ամէն ամիս կանոնաւորաբար կը հասնէր Պոսթըն, իսկ իմ բացակայութեան՝ որոշուած հասցէով (կու տայ հասցէն):
1921-1922ի ատենները, տոլարը տոլա՜ր էր: Այսպէս երկու, մօտաւորապէս երեք տարի կ՛անոնաւորաբար վճարումը, շարունակուեցաւ: Անշուշտ դրամ կը հաւաքուէր նաեւ ուրիշներէն: Աշոտին հետ խօսեցանք նաեւ ծրագիրին գոյատեւման եւ զարգացման մասին. «Իմ մտածումս է,- ըսի,- կարգ մը ոստաններուն մէջ չորս ուսանող պահել, պայմանաւ որ գիտական ճիւղին հետեւին»: «Գիտականը» բժշկութիւն կամ նմանօրինակ մասնագիտութիւն չէր, այլ՝ ի՛մ Գիծս: Անոր համար կը բաւէր ամիսը 200 տոլար, 50 տոլար իւրաքանչիւր ուսանողին համար: Աշոտ ասոր ալ համաձայն էր: Գումարը ինծի Փարիզ կը հասնէր, իսկ երբ պէտք էր Պէյրութ երթայի, տուի Խատիսեանի հասցէն, եւ անոր՝ չորս ուսանողներուն անունները՝ երեքը Փարիզի Սորպոնը, մէկը՝ Պերլին: – Խատիսեանը իսկապէս եւրոպական մտքով քաղաքական մարդ մըն էր: Իրեն պատուիրեցի կանոնաւոր կերպով իւրաքանչիւր ուսանողին ամսական 50 տոլար ղրկել. …«Հաշիւը ա-մէ-նա՜յն ման-րա-մաս-նու-թեամբ կը պահես, որպէսզի երբ որ վերադառնամ ինծի ներկայացնես: Չպահեցի՞ր… դո՛ւն գիտես: Վստահութիւնս պիտի արդարացնես, եւ Բիւրոյի ո՛չ մէկ անդամ տեղեակ պիտի չմնայ»:
– Այս պատկերին մէջ ո՞ւր է Սողոմոնը:
– Սողոմոնը ահաբեկիչ մըն է, եւ մենք այլեւս այդ կարգի ահաբեկչութիւնը յարմար չէինք տեսներ: Ծրագիրին յաջողութեան համար իրենց օժանդակութիւնը բերին Ամերիկայէն Ահարոն Խաչաքեան եւ Զաւէն Նալպանդեան, որ իր կարգին ամերիկեան բանակին մէջ գիտական ճիւղին հետեւող մըն էր:
– Բայց դուք դադրեցաք Ամերիկա ապրելէ:
– Ծրագիրին գործադրութեան համար ես դուրսն էի, Ամերիկայէն դուրս: Ամէն տեղ էի, ամէն տեղէն կը ծրագրէի, սակայն ո՛ր երկիրն ալ ըլլայի (Հնդկաստանի ծրագիրը չիրականացաւ, այնքան որ դէպքերը իրարու խառնուեցան: Յետոյ ես Բիւրոյէն ալ հրաժարեցայ արդէն… ի՛նչ որ է), պատասխանատուն ես էի, եւ դրամը Ամերիկայէն դուրս կ՛ելլէր միայն իմ ցուցմունքովս:
– Նիւթական միջոցները ապահովելու կողքին,- կը շարունակէ Նաթալի,- պէտք էր պատրաստուիլ բո՛ւն ծրագիրին: Ես արդէն խօսած էի Արշակին (բժիշկ Պօղոսեան) հետ եւ իր համաձայնութիւնը առած: Պուլկարիոյ մէջ լաւ ծանօթ էի Արշակին, որ Սեբաստացի Մուրատին աջ բազուկն էր: Պուլկարիայէն առաջ ալ Պոլիս էր: Արշակը իսկական յեղափոխական մըն էր: Ան շատ լաւ կը ճանչնար մարդիկը, ինձմէ աւելի լաւ:
Միջանկեալ, Նաթալի Պէյրութի մէջ կ՛ամուսնանայ նոյնպէս գիտական ճիւղի հետեւած երիտասարդուհիի մը՝ Անժէլի հետ: Իրեն համար կրկնակիօրէն իտէալ ընտրութիւն մը: Անոր հետ կը «պտըտ»ջ որպէս զոյգ, որպէս ծածկոց, բայց նաեւ որպէս գործակից: Այս ձեւով Անժէլ կը ներգրաւուի գործողութիւններու մէջ: Նաթալի կը կրէ նաեւ ատրճանակ մը ձայնը «համրացնող»ով (silencer)։- «Իմ տղոցմէս մի քանին կ՛աշխատէին զինագործարաններու ներքին կողմը»: Անժէլն է, որ ատրճանակը մէջքին կապելով կը բերէ Փարիզ: Տղաքը նոյնպէս կը պատրաստեն ձեռքի գաւազան մը, որ արտաքնապէս անկասկածելի, բայց որ սուրի պատեան մըն է, անհրաժեշտ ինքնապաշտպանութեան համար» թրքական գնացքներու մէջ: Ընտանեօք Փարիզ կը փոխադրուի: – «Այնտեղ նշանաւոր համալսարան մը կայ. Սորպոն: Համալսարանին քիմիագիտական տիփարթմընթին մէջ կար հայ գիտնական մը, բաժանմունքին գլուխը, որ ինծի ծանօթ էր Պոլսէն: Փարիզ եկած էր նաեւ Արշակը, որուն պէս մէկու մը մասնաւոր օգնութիւնը ունեցայ… իրեն պէս մէկու մը՝ առանց որուն… Արշակը, թէեւ բժիշկ, վեց ամիս զարգացաւ Սորպոնի հայ մասնագէտին մանրէաբանութեան բաժանմունքին մէջ: Իմ կարգիս, աշխատանքիս մէջ գոնէ տարրական գիտելիքներու իրազեկ ըլլալու համար Պոսթընէն գացած էի Փրավիտենս (Ռոտ Այլընտ) եւ 6 ամիս աշխատած հիւանդանոցին մէջ: Արշակը Պէյրութէն եկաւ Հալէպ մեզի միանալու»:
-Ծրագրին պատրաստութիւնը տեսնուած է,- կը շարունակէ Նաթալի: – Ամէն գործիչ, գիտական ուժ իր տեղն է եւ տարբեր երկիրներու մէջ: Որպէս Բիւրոյի անդամ Փարիզ նստած կարելի չէ գործել, որոշում գործադրել: Կրնաս շատ շատ գրասենեակ երթալ, նստիլ, խօսի՛լ, խօսի՛լ: Եւ ասիկա գո՜րծ եղաւ: Ես պիտի մեկնիմ Արեւելք: Գործին կատարումը Թուրքիոյ սահմանը երթալով կ՛ըլլայ, իսկ Հալէպը կարեւոր կեդրոն էր: Յետոյ նաեւ Հալէպի մէջ կար Հրայրը: Երկաթուղագիծը որ Պոլսէն կը սկսէր եւ կ՛երկարէր դէպի Պաղտատ, կ՛անցնէր սուրիական սահմանէն- մէկ գիծը թրքական հողէն կ՛անցնէր միւսը՝ սուրիական: Ես կը գտնուէի երկաթուղիին վրայ (անբաժան իր «գաւազան»էն եւ ատրճանակէն): Ունէինք սքանչելի տղայ մը, տիգրանակերտցի, կարծեմ կօշիկի գործով կը զբաղէր: «Հայտէ՛» կ՛ըսէի, եւ ամէն ինչ ձգելով կ՛երթար նշանակուած պաշտօնին՝ երկաթուղագիծին վրայ ջուր ծախելու: Մարդիկ ջուր կը խմեն, չէ՞…
– Հետեւանքնե՞րը…
– …
– Իսկ յետո՞յ:
– 1926ի կէսերուն հեռագիր մը կը ստանամ Բիւրոյէն, Փարիզէն. «Շատ անհրաժեշտ է ներկայութիւնդ», Քիւրտերը, եղեր, կ՛ուզեն Դաշնակցութեան հետ խօսիլ: Քիւրտերը, Պաղտատէն, ըսեր են թէ կ՛ուզեն Դաշնակցութեան հետ գործակցիլ թուրքերու դէմ: Ինծի տուին Յանձնարարագիր – պաշտօնաթուղթ մը – թուղթերուս մէջ պահած եմ – որ Պաղտատ երթամ եւ խօսիմ քիւրտերու հետ: Իրենց ըսի, թէ ես այս գործէն արդիւնք չեմ տեսներ, եւ եթէ կ՛ուզեն ուրիշ մը թող ղրկեն: Բայց եթէ իրենք գան, ժողովին ներկայ կ՛ըլլամ: Իմ գործս արդէն տասը հատ Շահանի պէտք ունի: Դեռ իմ Պէյրութ գտնուած միջոցիս ինծի լուր ղրկեցին որ քիւրտերը Հալէպ եկեր են, հետեւաբար Հալէպ երթամ: Չգացի: Նորէն հեռագիր մը…
(Արձանագրիչը դարձեալ պէտք էր դադրեցնել… Որոշ է, թէ Ռուբէն-Վրացեան երկեակ եւ Նաթալի ձգտուածութիւնը իր ծայր աստիճանին կը հասնէր: Կ՛ուզուի վերջ տալ Նեմեսիսին աշխատանքներուն, իսկ Նեմեսիս ալ դէմ է խմորուող ուղղութիւններուն, ինչպէս թրքամէտ «Պրոմեթէ»ն: Նաթալի ի վերջոյ կը հրաժարի Բիւրոյէն – արդէն զինք փոխարինողը պատրաստ է – սակայն կ՛ուզէ շարունակել իր ծրագիրը իր համախոհներով: Բայց…):
– Բա՜յց, կ՛ըսէ Նաթալի,- մի քանի տարի ետք կու գայ 1929ի ամերիկեան անիծեալ տնտեսական տագնապը: Աշոտ՝ նիւթական այդ մշտահոս աղբիւրը, կը կորսնցնէ ամբողջ ունեցուածքը, Նիւ Եորքէն Լոս Անճելըս, եւ կը մնայ շապիկով: Յետոյ կամաց- կամաց ինքզինք կը գտնէ, սակայն «Ծրագիր»ին շարունակման համար այլեւս շատ ուշ է: Եթէ միայն Աշոտը մնացած ըլլա՜ր, կը բաւէր ամիսը իր հազար տոլարը…
***
Կը խօսինք մեր հասարակական կեանքի մասին, նոյն շրջաններուն Դաշնակցութեան ծոցին մէջ ծագած նախապատերազմեան ալեկոծումներուն մասին: Ֆրանսայի Մարտկոցին: Լիբանանի մէջ Խօսրով Թիւթիւնճեանին, որուն հետ անձնապէս ծանօթ էի ընտանեկան շրջանակի հանդիպումներով…
Թիւթիւնճեան, որ Դաշնակցութեան կողմէ որպէս պետական երեսփոխան կորսնցուց իր աթոռը ի նպաստ Մովսէս Տէր Գալուստեանին, որ «վստահելի եւ հաւատարիմ» էր Կեդրոնին: Թիւթիւնճեանի հետեւորդները չէզոքացուած կամ լռած էին:
– Ես ինքս ինծի երբեմն կը մտածեմ: Հիմա, հրապարակի վրայ ունինք մտաւորականներ, բժիշկներ, եւ ուրախ եմ անոր համար: Հիմա այդպիսիներուն թիւը շատ է: Միայն շատ կը ցաւիմ որ ասոնք շատ ուշ մնացին, սկսելով՝ Խոսրովէն: Խոսրովը կը ճանչնամ Երեւանէն, 9րդ Ընդհանուր ժողովէն, 1919ին:
– Ի՞նչ կը խորհիք որ կուսակցութիւնները պէտք է ընեն եւ չեն ըներ, կամ գոնէ պէտք է, որ փորձեն ընել եւ չեն փորձեր:
– Ձեռնարկներ կ՛ընեն, կը խօսին, խորհելով որ այդ ձեւով Հայաստանը կը փրկեն: Կը ջղայնանամ: Իմ մտածումներս գործադրութեան դնող ուժ չունինք հայ իրականութեան մէջ, որովհետեւ արմատական մտածումներ են: Կրօնքներ, կուսակցութիւններ, գործունէութիւններ շատ են: Անոնք պէտք է ըլլան. սակայն արմատակա՛ն միջոցներով է որ մենք կրնանք բաներ իրականացնել: Հիմա երբեմն երիտասարդներ ինծի կու գան եւ բաներ մը կ՛ըսեն: Ուրախ եմ զանոնք լսելով, հայերէն կը խօսին, հայրերնին մայրերնին կը ճանչնամ, ընտանիքին մէջ հայերէն կը խօսին, բայց… «Ա՜յ տղայ, կ՛ըսեմ, քանի տարեկան ես»: Դուրս կու գայ որ իրենք դեռ չծնած, այդ բոլորը ոչ միայն ես փորձեր եմ, այլ իբր գործ կատարեր եմ: Իրեն կ՛ըսեմ մի՛ խօսիր, գնա՛ ըրէ, որովհետեւ եթէ այդ չընես, ուրիշ բան չկայ ընելիք:
– Հիմա,- կը շարունակէ Նաթալի,- Հայկական Հարցը կը պաշտպանենք. թուրքին դէմ կը գրուի, կը գրուի, կը գրուի: Թո՛ղ գրուի: Ես այդ բոլոր բաներուն դէմ չեմ, բայց այդ բոլոր բաները ի՛մս չեն: Անոնց մէջ ես դերակատա՛ր չեմ: Չե՜մ կրնար ըլլալ: Որովհետեւ անոնց հետ զբաղած միջոցիս ես կը մոռնամ ինծի մնացած մտածելու շատ կարճ ժամանակը: Խելագարն ալ նստած մտածելով, մտածելով կը խորհի թէ յանկարծ անոնք մարմին պիտի առնեն: Ես այդ չեմ: Այո՛, ես խելագար եմ, բայց ա՛յդ խելագարը չեմ: Այս ձեւով երբ Մարզպետը, դուք, քանի մը ուրիշներ, երբ կու գան կը խօսին, ըսածներէս շատերը կրնան չբաժնել եւ սակայն չեն ալ առարկեր: Կը մտածեն՝ «Ճանը՛մ, այլեւս տարիքը առած մարդ է» (ընդհանուր խնդուք): Շատ լաւ: Ես կեանքը ամէնէն ցած աստիճանէն ամէնէն բարձր աստիճանին ապրած եմ:
– Բայց դուք միշտ կը շարունակէք հետեւորդներ ունենալ, երիտասարդներ ներշնչել…
– Հիմա, այսքան տարիներ ետք կը շարունակեմ մտածել, իմ միտքը հոտոտողներ կան, եւ կրնամ զանոնք գործածել իսկապէս իսկակա՛ն հերոսութեան մէջ: Այլեւս մէկ մարդ սպաննելը ինծի հետաքրքրական չէ: Մէկ-մէկ սպաննելով եւ յետոյ ձերբակալուելով – անշուշտ գործադրողները քաջեր են – բան չի վերջանար: Այդ բոլորը կը կարդամ, երկրորդ անգամ կը կարդամ շատ անգամ, երրո՜րդ անգամ կը կարդամ, տեսնելու համար թէ այդ բոլորէն ինծի թելադրուած բան մը կա՞յ: Կարդացածներս եւ պահածներս խմբագիրներն անգամ չունին: Սակայն ես կը կարդամ գիտնալու համար, թէ անոնք ինծի կ՛օգնե՞ն: Այդքան բաներ կան սորվելիք, եւ կարեւոր է գիտնալ ուրիշին գաղափարը:
– Դուք կը շարունակէք մնալ Նեմեսիսը:
– Ի՞նչ կը մտածէք կուսակցութիւններու գործունէութեան մասին:
– Կուսակցութիւնները կ՛ընեն բաներ, որոնք գիտեն, թէ եթէ այդ չընեն ուրիշ բան չունին ընելիք: Չեմ մեղադրեր: Իսկ ես կ՛ուզեմ գիտնալ թէ ի՛նչն է իմս: Մէկ բանի մէջ է: Թո՛ւրքը, թո՜ւրքը, մեզ ազգովին, ազգովի՜ն բնաջնջեց: Թուրքը մեր հօր եւ մօր վերջ տուաւ եւ բնաջնջեց Հայութիւնը: Թուրքը պէտք է բնաջնջուի նոյն չափով եւ նոյն տարազով, այլապէս մենք ապահով չենք ըլլար: Չեմ գիտեր թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ: Հայաստանը որ ունինք, միայն այդ է պաշտելիք, անկէ ուրիշ բան չկայ պաշտելիք: Բայց թուրքը հո՛ն է, թուրքը հո՛ն է: Ես կը մտածեմ թէ ինչպէ՛ս կրնամ այդ ծաւալը իրականացնող գիւտը ընել, արմատակա՜ն միջոցը: Գիտէ՜ք, գիւտն ալ ունիմ եւ փորձարկած եմ եւ փորձարկութեամբ ալ գիտեմ, որ ճիշդ գիւտն է, եւ սակայն… Ես Ամերիկա ի՛նչ գործ ունիմ: Ես Ամերիկա գործ չունիմ: Թուրքին սահմանը, մօտիկը, իմ ամէնէ՜ն մօտիկ հայրենիքս կ՛ըլլայ: Եւ անոր ալ դիւրութիւնը կայ:
– Դուք Շահան Նաթալի, սեպենք թէ վերստին 36 տարեկան էք, Բիւրոյի անդամ: Կը փոթորկիք վրէժխնդրութեամբ: Կը խորհի՞ք որ ձեր հետեւորդներու խումբով հիմա, Նոյեմբեր 1977ին, կիրարկելի կը գտնէք 1924ի ձեր որոշումը միեւնոյն ձեւերով:
– …Հիմա՞… քիչ…
— ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Օրենճ Քաունթի
Ս. Քառասնից
Մանկանց Եկեղեցի
Արի-Կիրակոս
Մինասեան Ազգային Վարժարան
————————————————
Սրբոց Նահատակաց
Հայց. Առաքելական Եկեղեցի
Հոգեւոր Հովիւ, Հոգաբարձութիւն
Եւ Յարակից Մարմիններ
————————————————–
Վասպուրականի
Հայրենակցական
Միութիւն
———————————————–
Համազգայինի
Շրջանային
Վարչութիւն
———————————————-
»Ասպարէզ«ի
այս փոքրիկ անկիւնը
անգամ մը եւս
կը հովանաւորէ
»Թիւֆէնքեան«
Ազգ. Մանկամսուրի
6 տարեկան
աշակերտուհի
Նաթալի
Սավուլեանը
————————————–
Մէկուկէս միլիոն
նահատակներու
յիշատակը վառ պահել պահանջատիրական
ոգիով
Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցի
Ֆրեզնօ
—————————————
ARF
Krisdapor
San Francisco
—————————————-
Բիւր յարգանք Ապրիլեան
մեր անմահ նահատակներու
անմեռ ու խնկելի յիշատակին:
Յիշատակն Արդարոց
Օրհնութեամբ Եղիցի
»Կանք, պիտի լինենք
ու դեռ շատանանք:«
Քրեսենթա Հովիտի
Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ
հոգեւոր հովիւ, երեսփոխաններ, հոգաբարձութիւն, տիկնանց օժանդակ
եւ դաստիարակչական
յանձնախումբեր ու յարակից մարմիններ
————————————————
Լարք Երաժշտական
Ընկերակցութիւն
Lark Musical Society
———————————————–
Ի Յիշատակ
մեծ հօրս եւ մեծ մօրս՝
Պօղոս եւ Արաքսի
(Շամլեան) Չալեանի
Տոքթ. Արմէն-Արա
Չալեան
———————————-
Ի Յիշատակ
մեր մեծ հօր եւ մեծ մօր՝
Պօղոս եւ Արաքսի (Շամլեան) Չալեաններու
Տոքթ. Րաֆֆի
եւ Տոքթ. Թամար
Չալեան
Անի եւ Էմմա Չալեան
Ֆիլատելֆիա
————————————-
Ի Յիշատակ
Յակոբ եւ Աղաւնի Օվայեաններու
Օվայեան
Ընտանիք
——————————————
Տոքթ.
Միսակ
Եւ
Տիկ. Հուրիկ
Ապտուլեան
————————————————
Տէր եւ Տիկ.
Մինաս եւ Թալին
Հաշօլեան
եւ Զաւակը՝
Կարօ
——————————————-
Արթիւր
եւ Ալիս Մանուկեան
եւ զաւակը՝
Հայկ
———————————————