Մելքոն Կիւրճեան մաս կը կազմէ իրապաշտներու դպրոցին՝ պանդուխտներու կեանքը պատկերող իր ճեպագրութիւններով: Կը սկսի գրել «Պանդուխտի Նամակներ» հանրածանօթ շարքը Արփիար Արփիարեանի թելադրութեամբ եւ «Հրանդ» ծածկանունով: Իր սեղմ, անսեթեւեթ, անմիջական եւ ընտանի տողերով, ան կը քանդակէ կեանքով բաբախուն պատկերներ, որոնք այսօր կ՛ապրին ոչ միայն իրենց գրական որակով, այլեւ՝ պանդուխտներու կեանքը փաստագրելու թանկագին վկայութեամբ:
Կը ձերբակալուի 1915 Ապրիլ 24ի գիշերը, մաս կազմելով բախտակից մտաւորականներու մահուան թափօրին:
ԱՐՏԱՄԵՏԻ ԽՆՁՈՐԸ
(Հատուած)
«…Մտերմական սիրով կ՛առաջարկես, սիրելիդ իմ Արփիար, որ հոտ «Մասիս»ի համար պանդուխտներու կեանքէն գրեմ: Ի՞նչ գրեմ: Երէկ Պ. Շաքարեան Արտամետու մէկ խնձոր տուաւ ինձ: Ի՜նչ երկիւղածութեամբ ձեռքս երկարեցի. եւ որչա՜փ խնամով փոյթ ունեցայ որ գրպանիս մէջ չվնասուի: Նկարագրեմ զայն: Նախ պէտք է դիտել թէ անհամեմատ է այն, երբ կը խորհիս որ երեսնօրեայ ճամբորդութեա՛մբ անցած է սրտիդ սիրած վայրերէն եւ Սեւ Ծովու անդունդներէն, եւ տակաւին իր բուրումն անկորուստ կը պահէ: Իր գո՞յնը, իր մո՞րթը: Մարած կարմրութիւն մը ունի խնձորն իր այտերուն վրայ, տեսակ մը գիծեր որ տժգոյն դեղնութեան մէջ կ՛անհետին կամ անորոշ կերպով կը խառնուին: Մորթը քաշուած է, եւ ծերունւոյ մը խորշոմեալ ու երիթացեալ կերպարանքն ունի: Կը ցաւիս իր վրայ:
Առաջարկութիւնդ ըստ պատշաճի կը յիշեցնէ ինձ այդ խնձորին նկարագիրն, եւ խորհրդաւոր պատկերն զոր իր վրայ ունի պանդխտութիւնն: Դեղնութիւն, թարշամութիւն, առոյգ կենաց մէջ երիթացեալ ծերութիւն: Ի՜նչ բուրումն ունի այդ պանդխտութիւնն. ի՞նչ գրեմ:
Գոհ պիտի ըլլա՞ս, որ այդ թղթէ լերան (*) ստորոտը փռեմ պանդուխտին պատառատուն զգեստները. անոր արիւնոտ սրտէն, մաշած կուրծքէն վէրքեր դնեմ հոն. եւ օր մըն ալ անոր դագաղն առջեւէդ անցընեմ դէպի Պալըգլը տանելու: Գոհ պիտի ըլլա՞ս եթէ նկարագրեմ քեզ այն չարաչար կեանքն, որ դատապարտուած է մեր նժդեհ «երկրցին». ձմրան ցրտէն, ամրան ջերմէն աւելի սաստկագոյն կը կեղեքեն զնա անիրաւ պարտապահանջը, ընտանեկան կարօտ, եւ պանդուխտութիւն ըսուած դարաւոր հիւանդութիւնն՝ որ առասպելեալ անգղին պէս՝ անոր լեարդէն փակած կը կրծէ ու կը կրծէ: Գոհ պիտի ըլլա՞ս եթէ թղթէ թեւերուս վրայ առած՝ նետեմ քեզ ի քթթել ական պանդխտին տունն, ուր անգութ վաշխառուն սէնէտներ (պարտամուրհակ) կը խմբագրէ. ուր կին մը ամէն տառապանաց անտրտունջ կը տոկայ. մատաղ մանկունք անհայր կը մեծնան, եւ օր մը, սեւ օր մը, երկար տարիներ անցնելէն ետքը, երդիքէն թուղթ մը կը ձգուի գիշերը. գուժկան է այդ, եւ ցաւագին վախճան այնքան անձկութեանց ու կարօտակէզ ըղձից: Գոհ պիտի ըլլա՞ս…»
ՀՐԱՆԴ
«Պանդուխտի Կեանքէն Նամակներ»
ՄԱՍԻՍ, Պոլիս, 1888
(*) Կ՛ակնարկէ «Մասիս» Շաբաթաթերթին