ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
1911-1914 Նաւասարդեան խաղերն ու հանդէսները նպաստած են ազգային զարթօնքին ու մշակութային հասարակական շարժման վերելքին:
Թուրքիոյ մէջ գործող հայ մարզիկներուն մեծամասնութիւնը բնականաբար եղած է համապատասխան հայկական ակումբներու անդամ, ինչպէս նաեւ ազգային եւ կուսակցական ղեկավարներ, յեղափոխականներ, ազգային ազատագրական շարժումի ռահվիրաներ եւ զոհուողներ:
Շաւարշ Քրիսեան եղած է մեծ մանկավարժ, գրող, հրապարակախօս, լրագրող, Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան ՀՄԸՄ հիմնադիրներէն, Օսմանեան կայսրութեան մէջ մարզական առաջին՝ «Մարմնամարզ» (1911-1914) հանդէսին հիմնադիրը: «Մարմնամարզ»ի հրատարակումով հայ մարզական կեանքը կը մտնէր նոր փուլի մէջ: Առաջին թիւով իսկ Քրիսեան կ՛արտայայտուէ՛ր. «Մեր նպատակը պիտի ըլլայ մարդ պատրաստել, ու մարդեր են, որ կը պակսին մեր մէ»ջ: Իսկ 1912 Ապրիլ 1ին Քրիսեան «Մարմնամարզ» պատկերազարդ հանդէսին մէջ «Հայ կնոջ զարթնումը» յօդուածով կը խօսի հայ կնոջ մարզական կեանքէն ներս ներգրաւելու մասին, քանի որ ֆիզիքական դաստիարակութիւնը կարեւոր էր առողջ սերունդ ունենալու համար:
Այս մեծ հայորդիին ջանքերով պատմութեան մէջ առաջին անգամ՝ 1912ի ամրան, երկու հայ մարզիկներ՝ Վահրամ Փափազեան եւ Մկրտիչ Մկրեան, մասնակցած են Սթոքհոլմի մէջ կայացած 5րդ Միջազգային Ողիմպիական խաղերուն՝ առաջին անգամ ըլլալով Օսմանեան կայսրութիւնը ներկայացնելով Ողիմպիականին: Օսմանեան պետութիւնը գումար չյատկացուց, եւ երթեւեկի հետ կապուած ամբողջ ծախսը հայկական համայնքը իր վրայ վերցուց:
Շ. Քրիսեան այն ատեն ըսած է, որ տակաւին Թուրքիոյ ոչ մէկ ներկայացուցիչ մասնակցած է մարզական որեւէ ձեռնարկի: Թող մերինները Շուէտի մէջ վերջինը ըլլան: Կարեւորը այն է, որ մեծ ազգերու հետ ասպարէզ մտնեն հայերը, որոնք շուրջ 30 տարի Եւրոպայի մէջ յայտնի են որպէս հալածուած ազգ: Ժամանակն է, որ արդէն հակառակը ըսեն, եւ որ քաղաքակիրթ աշխարհը իմանայ, ճանչնայ մեզ եւ մեր նուաճումները:
Սթոքհոլմի խաղերուն մասնակցած 28 երկիրներու 2541 մարզիկներու շարքին եղած են Թուրքիան ներկայացնող երկու մարզիկներ՝ Մկրտիչ Մկրեանն ու Վահրամ Փափազեանը: Ողիմպիականի հետ հետաքրքրական իրողութիւն մը կայ, որ արձանագրուած է: 1909ին, Կիլիկիոյ մէջ թուրքերու կազմակերպած հայերու ջարդին պատճառով շուէտացիները մասնակցող երկիրներու դրօշակներու շարքին մէջ դիտումնաւոր չեն կախած Օսմանեան դրօշը: Այս մասին անտեղեակ՝ հայ մարզիկները բողոքած են, ու կազմակերպիչները տեղադրած են Թուրքիոյ դրօշը: Արդարեւ, հայ մարզիկները այնուհետեւ զղջացած են իրենց ըրածին համար:
Արդարեւ, թրքական մամուլին մէջ յօդուածներ կը հրապարակուէին հայ մարզիկներու յաջողութեան մասին, ուր բացայայտ կ՛անհանգստանային թուրքերը, որ եթէ հայերը կը յաղթեն, կը նշանակէ անոնք ֆիզիքապէս ուժեղ են իրենցմէ:
Հետեւաբար, 1913-1914 երիտթրքական կառավարութիւնը մեկուսացուց հայ յաջող մարզիկները, փակեց հայկական ակումբները:
Խորաթափանց ու հեռատես, իր ժողովուրդի համար արշալոյսներ երազող մանկավարժն ու անոր համախոհ մտաւորական երիտասարդութիւնը, հակառակ այս համազգային նշանակութիւն ունեցող աշխատանքին, միաժամանակ ահ ու դողով կը զգար թրքական Գորշ գայլին մահասարսուռ ոտնաձայնները:
Այսուհանդերձ, Թուրքիոյ մէջ գործող հայ մարզիկները անբաժան չմնացին հայ ժողովուրդի գողգոթայէն: æարդարար թուրքը չխնայեց հայ մարզիկը, անոր, որ ամբողջական նուիրումով ծառայած էր հայրենիքին եւ թուրք ժողովուրդին: Անոնք Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին համախումբ դատուեցան եւ նահատակուեցան:
1915-1920 բազմաթիւ հայ մարզիկներ դարձան Ցեղասպանութեան զոհեր. զոհ դարձաւ նաեւ «Մարմնամարզ»ի խմբագիր Շաւարշ Քրիսեան, որմէ ետք պարբերականը դադրեցաւ լոյս տեսնելէ:
Եղեռնի առաջին օրերուն երեւելի հայ մարզիկներ իրենց արիւնակիցներուն հետ ձերբակալուեցան, բանտարկուեցան, տարագրուեցան եւ անմարդկայնօրէն չարչարուեցան թուրք ճիւաղային ձեռքերով, պարզապէս հայածին ըլլալնուն եւ հայ անունով մկրտուած ըլլալնուն համար: Անոնք արժանապատուութեամբ մաս կազմեցին հայ նահատակներու մեծ փաղանգին: Այս բոլորը եղան որպէս թրքավայել վարձատրութիւն՝ հանդէպ հայ մարզիկներուն, որոնք դարձած էին ամբողջ Թուրքիոյ մարզական ոլորտի հիմնական սիւները:
Հայ մարզիկներուն ձերբակալութիւնները թուրք իշխանութեան կողմէ ծրագրուած եւ կազմակերպուած էր այնպէս, ինչպէս եղած էր հայ ժողովուրդի ընտրանիինը եւ ամբողջ հայ ժողովուրդինը:
Նահատակ հայ մարզիկներու ամբողջական եւ ճշգրիտ վիճակագրութիւնները չունինք: Մեր տրամադրութեան տակ ունինք հատ ու կենտ գրութիւններ, ինչպիսին է Թէոդիկի, Գրիգորիս ծ. վրդ. Պալաքեանի, Յակոբ Սարգիսեանի, «Մարմնամարզ» հանդէսի, «Հայ սկաուտ» հանդէսի եւ կարգ մը այլ աղբիւրներ:
Վերոնշեալ անձերն ու հանդէսները եւ ուրիշներ, որպէս մասնակից եւ ականատես Հայոց Ցեղասպանութեան ու մանաւանդ իբրեւ վերապրող, թուղթին յանձնած են իրենց յուշերը, տեսածն ու լսածը՝ մարդակերպ գազան թուրքերու կատարած զազրելի ոճիրները եւ բարբարոսութիւնները: Մեծ դժուարութիւններով հաւաքած են նահատակ երեւելի անձնաւորութիւններու կենսագրութիւնները եւ թուղթին յանձնած:
Մարզական շարժման մէջ ունեցանք հազարաւոր այլ մարզիկներ, որոնք զոհ գացին Եղեռնին, սակայն դժբախտաբար շատ վտիտ են մեզի հասած անոնց կենսագրութեան վերաբերեալ տեղեկութիւնները:
Այժմ կը ներկայացնենք նահատակ մարզիկներուն ցանկերը եւ կենսագրութիւնները՝ համաձայն մեր ուսումնասիրութեան:
ՇԱՒԱՐՇ ՔՐԻՍեԱՆ. Ծնած է 22 Յուլիս 1886ին, Պոլսոյ Պէշիկթաշ արուարձանին մէջ: Յաջորդաբար յաճախած է Մաքրուհեան, Պարտիզակի Ամերիկեան բարձրագոյն, Պէրպէրեան եւ Ռոպերթ քոլեճ հաստատութիւնները: 1906-ին կ՛անցնի Փարիզ եւ կը յաճախէ «Լիսէ Ժանսոն» մարմնամարզական վարժարանը՝ ուսուցիչ ունենալով Տեպոնէ փրոֆեսէօրը: Հազիւ վեց ամիս հետեւած դասընթացքներուն, կ՛անցնի Լոնտոն: Այս տեղափոխման մէջ կրնայ իր դերը ունեցած ըլլալ Ռոպերթ քոլեճի իր ամերիկեան կրթութիւնը: Լոնտոնի մէջ կը մնայ երկուքուկէս տարի. կ՛աշակերտէ Սանտոմի եւ վկայուելով 1909ին՝ կը վերադառնայ Պոլիս: Քրիսեան Եւրոպայէն Պոլիս կը վերադառնայ բարձր կորովով եւ նոր գաղափարներով: Կ՛ուզէ նախաձեռնել մարմնակրթութեան կազմակերպման ու տարածման գործին: Կը նուիրուի գլխաւորաբար ուսուցչական ասպարէզին՝ դասաւանդելով մարմնամարզութիւն:
1911ին կը ձեռնարկէ «Մարմնամարզ»ի հրատարակութեան: Յ. Ճ. Սիրունի (Ճոլոլեան), ոչ մարզիկ մը, սակայն՝ մարզական շարժման քաջալեր հանդիսացած մտաւորական մը, իր յուշերուն մէջ կը պատմէ, թէ ինք թելադրած է Քրիսեանի՝ լոյս ընծայել նման հրատարակութիւն մը: Մեր ուսումնասիրութենէն կ՛ենթադրենք, որ «Նոր Դպրոց»ի հիմնադիր եւ տնօրէն Յովհաննէս Թ. Հինդլեանն ալ մաս կազմած ըլլայ այս թերթին հիմնադրութեան մէջ, որուն իր գործօն աշխատակցութիւնը չզլացաւ, ըլլա՛յ ինքնագիր յօդուածներով, ըլլա՛յ թարգմանութիւններով:
1914ի սկիզբը Քրիսեան, թիֆոյի երկարատեւ հիւանդութեան պատճառով, չի կրնար լոյս ընծայել իր թերթը: Չորս ամսուան ակամայ դադարէ ետք Դ. տարուան Ա. թիւը լոյս կը տեսնէ 1914ի Մայիսին: Յունիսին՝ Բ. թիւէն ետք, կը դադրի:
1912ի Ապրիլին, Բ. Ողիմպիականի նախօրեակին, Քրիսեան խմբագրական ակնարկին մէջ կը գրէ. «Հայ Ողիմպիականը ո՛չ հայ աղքատին, ո՛չ հայ մտաւորականին եւ ոչ ալ հայ տգէտին համար է, այլ՝ հանուր հայութեան: Գաղափարական բոլոր դրօշներու տակ ապրողներ թող գան տարւոյն մէջ օր մը միանալու գեղեցիկ գաղափարի մը դրօշին տակ, ու ողջագուրուին սիրտերնին միեւնոյն զգացումներով բաբախուն»:
1911 Յուլիսին կ՛առաջարկէ, որ կազմուի Պոլսոյ համար ֆութպոլի հայկական լիկ մը, որովհետեւ 1911 Փետրուարին, եթէ հազիւ երկու-երեք ֆութպոլի խումբեր կային, անոնց թիւը 18ի բարձրացած է, եւ հետզհետէ բարձրանալու նշաններ կան: 1914ի սկիզբը վեց ակումբներու մասնակցութեամբ կը կազմուի ֆութպոլի հայկական լիկը: Եղածը զինք կը խանդավառէ, սակայն չի գոհացներ: Իր իտէալը կը մնայ Պոլսոյ հայ մարմնամարզականը:
Քրիսեան Պոլսոյ մէջ ամէն տեղ է: Մարմնակրթանքի ուսուցիչ՝ զանազան դպրոցներու մէջ, նոր ակումբներու ջանադիր՝ զանազան արուարձաններու մէջ, դասընթացքներ եւ դասախօսութիւններ կազմակերպող ու նախաձեռնող՝ զանազան սրահներու մէջ: Հայուհիներ՝ հետեւելով իր մարմնամարզական դասընթացքին, Ուսումնական խորհուրդէն կը ստանան համապատասխան վկայական:
«Մարմնամարզ»ի մէջ խմբագրականներով եւ առանձին յօդուածներով կը շեշտէ մարմնակրթանքը ներմուծելու անհրաժեշտութիւնը եւ ընդգրկելու դպրոցական ուսումնական ծրագիրին մէջ:
Սկաուտական շարժումը հայ կեանքի մէջ տարածելու հեռանկարով, «Մարմնամարզ»ի մէջ լոյս կ՛ընծայէ ծրագիր-կանոնագիր մը՝ «Պոյ սկաուտը եւ իր կեանքին նպատակը Հայ պոյ սկաուտներ» խորագիրով, զոր ապա գրքոյկի կը վերածէ:
1912ի ամրան սկիզբը, օգտուելով իր ամառնային արձակուրդէն, կը մեկնի Եգիպտոս: Հասած օրն իսկ ներկայ կ՛ըլլայ Աղեքսանդրիոյ Պօղոսեան երկրորդական վարժարանի աշակերտութեան մարմնամարզական հանդէսին: Իր սիրտը կը հրճուի ի տես պարզուած տեսարանին եւ իրագործումներուն:
Աղեքսանդրիա գտնուած շրջանին հետամուտ կ՛ըլլայ կազմելու մարմնամարզական ակումբ մը: Յատուկ կոչով մը տեղւոյն երիտասարդութիւնը խորհրդակցական նիստի մը կը հրաւիրէ: Քրիսեան իր կարգին քաջալերական ելոյթ մը կ՛ունենայ հոն, ուր ընդհանուր խանդավառութեան մէջ, շուրջ 40 հոգի, իբրեւ գործօն անդամ, կ՛արձանագրուի տեղւոյն վրայ կազմուած «Կամք» մարմնամարզական ակումբին:
Քրիսեանի մեծագոյն նպատակն էր յառաջացնել հայ մարմնամարզական միութիւն մը, որ համախմբէր Պոլսոյ եւ գաւառի մարզական բոլոր ակումբները: Թէեւ այս առնչութեամբ աշխատանք կը տարուի, սակայն՝ չիրականանար:
Պէտք է նշել, որ 1910ին Քրիսեան միայն 25 տարեկան էր: Արդարեւ, երբ ակնարկ մը նետենք նուազ քան հինգ տարիներու ընթացքին Քրիսեանի կատարած նուաճումներուն վրայ, հոն պիտի տեսնենք հայկական ողիմպիական առաջին խաղերու կազմակերպիչ, ֆութպոլի հայկական ախոյեանութեան առաջին մրցաշարքի հիմնադիր, «Մարմնամարզ» թերթի խմբագիր, առաջինը, Հինդլեանի եւ Յակոբեանի հետ, հայկական սկաուտական շարժումի նախաձեռնող, «Մարմնամարզ»ի մէջ հայ սկաուտական կանոնները գրող, իգական սեռը քաջալերող, որպէսզի անոնք աթլեթիզմ կիրարկեն, Աղեքսանդրիոյ «Կամք» մարմնամարզական շարժումի ստեղծման մղիչ ուժ:
Վերոնշեալ պատճառներուն համար Շաւարշ Քրիսեան կը նկատուի ՀՄԸՄի տեսլականի ռահվիրան: Տպաւորիչ է այն, որ Քրիսեան շատ արագ բազմաթիւ նուաճումներ արձանագրած է իր երիտասարդ տարիքին՝ 24-29:
24 Ապրիլ 1915ի չարաշուք գիշերուան ընթացքին առաջին ձերբակալուածներուն մէջ է: Շաւարշ Քրիսեան Պոլսոյ Կեդրոնական բանտը մտաւորական դաշնակցականներու խմբակին մէջ է՝ Արամ Անտոնեանի, Էտկար Ակնունիի (Խաչատուր Մալեան), Սիամանթոյի (Ատոմ Եարճանեան), Դանիէլ Վարուժանի, Ռուբէն Զարդարեանի եւ այլոց կողքին:
200է աւելի մտաւորականներու խումբը Հայտար փաշայի կայանէն շոգեկառքով ճամբայ կ՛ելլէ: Շոգեկառքը կ՛անցնի Նիկոմիդիա, Պիրեճիկ, Էսկիշեհիր քաղաքները եւ Էնկիւրիէն (Անգարա) երկու կայան առաջ կանգ կառնէ: Հոսկէ կը բաժնուին Այաշի աքսորավայրը ուղարկուելիք անձերը, որոնց մէջ է Շաւարշ Քրիսեան: Կառքերով կը տարուին Այաշ, ուր կը հասնին Ապրիլ 27ի երեկոյեան մօտ: Կը բանտարկուին զօրանոցին մէջ: Այաշի բանտարկեալներէն ոմանք՝ պատերուն վրայ ձգած են արձանագրութիւններ: Քրիսեան գրած է հետեւեալը. «Շաւարշ Քրիսեան, Ապրիլ 14, 1914»: 14 Ապրիլը հին տոմարով է: Նոր տոմարով կ՛ըլլայ Ապրիլ 27. արձանագրած է Այաշ հասնելու թուականը:
Այաշի բանտի եւ Շաւարշ Քրիսեանի մասին յատկապէս որոշ տեղեկութիւններ մեզի հասած են բժիշկ Անդրանիկ Նագգաշեանէն: Բժիշկը կը գրէ. «Ամէն առաւօտ մարմնամարզի դասընթացք մըն ալ ունէինք:
«Շաւարշ Քրիսեան, այդ կտրիճ եւ վարվռուն տղան, կը կառավարէր մեզ: Երեք կարգի վրայ կը շարուէինք եւ մէ՜կ, երկու՜, երե՜ք…շարժումները կ՛ընէինք:
Շաւարշ Քրիսեան կը յանդիմանէր սխալ շարժումներ ընողները, որոնցմէ ամէնէն երեւելին Շահրիկեանն էր:
«Շահրիկեա՜ն», կը պոռար անդիէն մարմնամարզի դասատուն. եւ կարող իրաւագէտը, յանցանքի մէջ բռնուած տղու մը պէս, անմիջապէս ոտքերն ուղղելու կ՛աշխատէր»:
1915ի Օգոստոսի կիսուն Այաշի աքսորականներէն մաս մը կը փոխադրուի Էնկիւրիի (Անգարա) բանտը: կ՛ենթադրուի, որ այդ խմբակին մէջ ըլլայ նաեւ Շաւարշ Քրիսեան: Խմբակը կը միացնեն էնկիւրիցի հայերու կարաւանի մը եւ քաղաքէն 4-5 ժամ հեռու գտնուող ձորի մը մէջ կը սպաննեն բոլորն ալ:
Քրիսեան բացառութիւն մըն էր, եւ կարելի չէ կրկնօրինակել զայն, բայց ան հազիւ 20 տարիքը թեւակոխած՝ ատակ եղած է հայ կեանքին մէջ հսկայական փոփոխութիւններ ներմուծելու, անոր նահատակութեամբ ո՛չ թէ հայ ժողովուրդը, այլ համայն մարդկութիւնը մեծ կորուստ ունեցաւ:
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
MASSIS KABOB
——————–
St. Vincent
Jewelry Center
Downtown Los Angeles
7th, Hill & Broadway St.
213-629-2124
www.SVJC.com