ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Քաղաքական այս երկու մեծ աքթերը առանձնացնելով, դիտաւորութիւն չունինք նսեմացնելու բոլոր այն յուշահանդէսները, քաղաքական բեմերէ ու ամպիոններէ հնչած ելոյթները, յուշակոթողներու բացումն ու ծովածաւալ ցոյցերը, հաւաքները, երգահանդէսներն ու մշակութային արտայայտութիւնները, որոնք ողողեցին հայկական թէ այլ աւաններու հրապարակները, փողոցներն ու սրահները։ Այս երկուքը կ՛առանձնացնենք այն տրամաբանութեամբ, որ անոնց միջոցով, մեր պահանջատիրութեան ի նպաստ գործնական դիրքորոշումները եղան աննախընթացօրէն գօտեպնդող ու համապարփակ, անոնք իրենց դրական զարգացումները պիտի ունենան յառաջիկայ փուլին, յենարան պիտի ծառայեն քաղաքական-դիւանագիտական, մշակութային եւ բազմապիսի այլ իրագործումներու։
Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցած սրբադասումի արարողութիւնը պէտք չէ գնահատել լոկ եկեղեցական արարողութեան մը բովանդակութեան մէջ, այլ, կը կրկնենք, զայն պէտք է տեսնել մեր քաղաքական քայլերու ընդհանուր բովանդակութեան մէջ, այն առումով, որ երկու Վեհափառ հայրապետներուն առաջնորդած արարողութեան ներկայ էին Միջին Արեւելքի եւ այլ մեծ եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները կամ անոնց ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներ։ Այս քայլով, մեր եկեղեցին անգամ մը եւս բացայայտեց պատմական իր դերին հաւատարմութիւնը, այն առումով, որ Հայց. եկեղեցին դարերու ընթացքին եղած է լծակից-գործակից մեր պետութեան, իսկ պետական մեքենայի բացակայութեան՝ առանձինն տարած է այդ դրօշը։ Եկեղեցական նման արարողութիւն բնականաբար պիտի ունենար քրիստոնէական դիմագիծ ու կշիռ, ինչ որ նաեւ արձագանգ մը կը հանդիսանայ բոլոր այն կոչերուն եւ ահազանգերուն, որոնք կը տարածուին Միջին Արեւելքէն դէպի աշխարհի բոլոր ծագերը, ի տես Սուրիոյ, Իրաքի եւ միջին արեւելեան այլ երկիրներու մէջ քրիստոնեաներու (նա՛եւ իսլամներու) վիճակուած ողբերգական դրութեանց։ Հետեւաբար, երբ Էջմիածինի զանգակատունէն ժամը 19։15ին հնչած 100 ղօղանջները անմիջապէս արձանանգ գտան Արեւելքի, Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ այլ ցամաքամասերու զանգակատուներէն, այդ ղօղանջներուն մէջ պէտք չէ տեսնել միայն հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին ձայնը, այլ պէտք է լսել նաեւ ճիչը բոլոր անոնց, որոնք այսօր ալ, հայ նահատակներուն նման, կ՛ողջակիզուին նոյնինքն Թուրքիոյ «բարի դրացիական» քաղաքականութեան հետեւանքով։ Ու երբ կ՛ըսենք ու կը կրկնենք, որ հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակումը, ճանաչումն ու արդարութեան վերականգնումը լոկ հայկական հարց չեն, միայն 100 տարի առաջ տեղի ունեցած ողբերգական-պատմական իրադարձութիւններուն չեն կապուած, կ՛ուզենք շեշտել, որ անոնք այսօր եւ մի՛շտ պարտք կը դնեն աշխարհի ընկերութեան ճիտին, որպէսզի հին ու այժմէական ողբերգութիւնները անմիջական դարմանումի ենթարկուին։ Փաստօրէն, Ցեղասպանութեան յիշատակումը կը հանդիսանայ ոգեկոչումը նա՛եւ բոլոր այն նախճիրներուն ու ցեղասպանական արարքներուն, որոնք հետեւած են սուլթանական ու իթթիհատական Թուրքիոյ ոճրային արարքներուն, ցեղասպանական ոճով արարքներ այսօ՛ր ալ կը գործադրուին Թուրքիոյ կողմէ կամ անոր կրօնամոլ տրամաբանութեան ներշնչումով։ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան տասնամեակներ շարունակ լուսանցքայնացումը ո՛չ միայն ցեղասպանական այլ արարքներու առիթ տուած է, այլ քաջալեր կը հանդիսանայ այսօրուան Թուրքիոյ պետական ղեկավարներուն, որոնք առերես կը յաւակնին, թէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մասնակից են, մինչդեռ գործնական բոլոր միջոցներով կը քաջալերեն, մասնակի՛ց են շարունակուող ոճիրներուն, Սուրիայէն մինչեւ Իրաք, Եգիպտոս եւ Լիպիա, թրքական նոյն ոճին արտայայտութիւնները պէտք է տեսնել նաեւ Աֆղանիստանէն մինչեւ Սոմալի, Նիճերիա կամ այլուր։ Չէ՞ որ Թուրքիա չի ծածկեր իր կայսրութիւնը կրօնամոլութեան տրամաբանութեամբ վերականգնելու ծրագիրները…
Ծիծեռնակաբերդի Յուշարձանին առջեւ, հայութեան հոգեւոր ու պետական աւագանիին կողքին, չորս երկիրներու նախագահներու, բազմաթիւ խորհրդարաններու նախագահներու, փոխնախագահներու, նախարարներու եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու համախմբումը, ու տակաւին, բարձրաստիճան օտար եկեղեցականներու մասնակցութիւնը՝ այս հաւաքին, անոր տուաւ շեշտակիօրէն քաղաքական, իսլամ-քրիստոնեայ դիմագիծ. Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանին շուրջ հաւաքուած էին ասիական, եւրոպական, արաբական եւ ամերիկեան երկիրներու ներկայացուցիչներ, որոնք գործնապէս արտայայտեցին Թուրքիոյ ուղղուած դատապարտանքը եւ ձայնակից եղան հայութեան «կը յիշեմ ու կը պահանջեմ» վճիռին։
Ցեղասպանութեան 100ամեակը առիթ եղաւ մեր արդարատենչութիւնը բարձրաձայնելու եւ ձայնակիցներուն օղակը աւելի եւս ընդարձակելու։ Պապին յայտարարութենէն ետք, Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ նման երկիրներու կողմէ ճշմարտութեան եւ արդարութեան ի նպաստ քուէարկումը ունի գոնէ երկու երես. առաջինը՝ կը ծանրացնէ արդարութեան նժարը, իսկ երկրորդը՝ բարձրաղաղակ հրաւէր մըն է բոլոր անոնց, որոնք տակաւին կը յամառին չտեսնել իրականութիւնը, թոյլ տալ, որ ոճրագործ կայսրութեան մը նոյնքա՛ն ոճրագործ ժառանգորդները զիրենք պատանդ պահեն քաղաքական կամ այլ տեսակի հաշիւներու, այլ խօսքով՝ ինքնախաբէութեան որլորապտոյտին մէջ կորսուած պահել զանոնք։ Այդ պատանդներուն կարելի է ափսոսալ ու յառաջ մղել մեր պայքարը։
Քաղաքական այս ու նման աքթերու պատմական նշանակութիւնը պիտի արժեւորենք յառաջիկայ ամիսներուն ու տարիներուն, երբ մեր պայքարը կը թեւակոխէ երկրորդ դարը, ա՛յն աննահանջ կամքով, որ Թուրքիան ու համախոհները պարտութեան մատնելու համար, նոր տասնամեակներու պիտի չկարօտինք։
Ապագայի քայլերուն անդրադառնալու առիթ կ՛ունենանք աւելի ուշ։