Կէսօրուան ժամերուն հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ եւ ոգեկոչուեցաւ տարաբախտ Սեւակ Պալըքճը, որ 2011 թուականի 24 Ապրիլի օրը, Պաթմանի մէջ զինուորական ծառայութեան ընթացքին սպաննուած էր իր ծառայակցին կողմէ։ Կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ, իսկ հոն հաւաքուածները յոյս յայտնեցին, որ Սեւակի սպանութեան գործը իր ամբողջ ճշմարտութեամբ երեւան կը հանուի եւ մեղաւորները արժանի պատիժը կը ստանան։
Ոգեկոչման միջոցառումներու վերջին կանգառը Թաքսիմի հրապարակն էր, ուր երեկոյեան ժամերուն կայացաւ 1915ի զոհերու յիշատակութեան գլխաւոր ձեռնարկը։ Հազարաւորներ հաւաքուեցան ֆրանսական հիւպատոսարանին առջեւ եւ լեցուցին Բերայի պողոտան, մինչեւ Կալաթասարայի լիսէն։ Արտասահմանէն ժամանած հարիւրաւոր հայեր, պոլսահայեր եւ հայ ժողովուրդի ցաւը բաժնող յառաջադէմ թուրքեր հաւաքուեցան ու իրենց ձայնը միացուցին հայ ժողովուրդին։ Ժամանողները նախ իրենց ցանկութիւնները կը գրէին ու կ՛ամրացնէին կենաց ծառի վրայ։ Թէպէտ ամէն տարուան նման, այս տարի եւս, ազգայնապաշտ խմբակներ բողոքի փոխադարձ ցոյց մը կազմակերպած էին, որպէս կարգախօս ունենալով «Մենք ցեղասպանութիւն չենք գործած, մենք մեր հայրենիքը պաշտպանած ենք, մենք վերջ պիտի տանք ցեղասպանութեան սուտին», այնուհանդերձ, անոնք չկրցան խանգարել յիշատակի արարողութիւնը։
Յիշատակի ոգեկոչման մասնակիցները իրենց ձեռքերուն մէջ կը կրէին Ցեղասպանութեան զոհերու պաստառները։ Անոնք առանց լօզունգներ արձակելու, մոմավառութիւն կատարեցին, երգեցին հայկական ժողովրդական երգեր, հայ մտաւորականներու դիմանկարներով հսկայ պաստառ մըն ալ պարզելով գետնին վրայ։ Ներկաներէն թուրք մասնակիցներ նշեցին, որ կ՛աջակցէին հայերուն եւ իրենց ցանկութիւնն էր, որ Թուրքիոյ պետութիւնը ընդունէր այն, ինչ որ պատահեցաւ հայ ժողովուրդին հետ։
Արարողութիւնը տեւեց մօտաւորապէս ժամ մը եւ աւարտեցաւ Կոմիտասի «Գարուն» ստեղծագործութեան հնչիւններուն ներքեւ։ Ներկաները հեռացան, խոստանալով շարունակել պայքարը յանուն պատմական արդարութեան հաստատման։
Մէկ օր առաջ, մեծ թիւով մարդիկ մասնակցեցան քայլերթի՝ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Շիշլիի այն հատուածին մէջ, ուրկէ հարիւր տարի առաջ նոյն օրը հաւաքած էին պոլսահայ մտաւորականները, ներկաները քայլերթ կատարեցին, իրենց ձեռքերուն մէջ պահելով Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայերու լուսանկարները, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչերով պաստառներ։ Շատեր արցունքոտ աչքերով կը հետեւէին ցուցարարներուն։
Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան կազմակերպած էր այս քայլերթը, որ տեւեց մօտաւորապէս ժամ մը եւ աւարտին մասնակիցները մոմեր վառեցին Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայ մտաւորականներու լուսանկարներուն մօտ։ Կազմակերպիչներ ելոյթ ունեցան, նշելով որ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով սեփական հայրենիքէն զրկուած ու աշխարհով մէկ սփռուած հայերու արդար պայքարը կը շարունակուի։ «Իրական խաղաղութեան եւ 1915ի հետ առերեսուելու համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը անյապաղ պէտք է ճանչցուի, Հայաստանի հետ պէտք է զարգանան տնտեսական, քաղաքական ու դիւանագիտական յարաբերութիւնները, Թուրքիոյ կողմէ միակողմանիօրէն փակուած սահմանը առանց նախապայմաններու պէտք է բացուի։ Այս ցաւը մեր բոլորի ցաւն է», նշեցին անոնք, աւելցնելով որ միայն Ցեղասպանութիւնը ճանչնալով կարելի է ձերբազատիլ ամօթէն, բանալ իրական եղբայրութեան ճամբան։
Արարողութեան աւարտին բոլորը միասնաբար կանչեցին «Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս հայ ենք»։
Նաեւ, Ապրիլ 24ի ոգեկոչման պատարագ մատուցուեցաւ Գումգաբուի Մայր տաճարին մէջ, ձեռամբ պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի։ Հեռատեսիլի բազմաթիւ կայաններ օրուան գլխաւոր լուրերու հաղորդման ընթացքին տեսարաններ ցոյց տուին այս հանդիսութենէն ու պետութեան անունով հանդիսութեան մասնակցող նախարար Վոլքան Պոզքըրի յայտարարութեան՝ եկեղեցւոյ դրան առջեւ։ Կ՛ընդգծուէր, որ ասիկա Թուրքիոյ մէջ «առաջին անգամ»ն էր, որ պետական ներկայացուցիչ մը կը մասնակցէր։ Դիտել կը տրուէր նաեւ որ ոգեկոչման պատարագի մատուցման ընթացքին կարդացուած էր նաեւ նախագահ Էրտողանի ցաւակցական գրութիւնը՝ ուղղեալ Արամ սրբազանին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.