ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին կից սկսաւ աւանդական դարձած «Ծաղկահաւաք»ը։
Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանութեան հիմնադրամի փոխտնօրէն Եւա Մարտիրոսեան «Արմէնփրէս»ին յայտնած է. «Այս հազարաւոր ծաղիկները յատուկ տեխնոլոգիայով վերամշակուելու են, ինչի արդիւնքում ստացուելու է գրելու թուղթ: Այն նուիրաբերուելու է Ցեղասպանութեան թանգարանին, որն այն գործածում է յուշագրեր, շնորհակալագրեր եւ նամակներ պատրաստելիս: Իսկ ծաղիկների մնացած մասին պատրաստուած պարարտախառնուրդն օգտագործւում է Յիշողութեան պուրակի հողի մշակման համար»։
Երիտասարդական տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, դպրոցականներ ու ուսանողներ, կամաւորներ թոռմած ծաղիկները հաւաքելէ ետք ցողունը կ՛անջատեն ծաղկաթերթիկէն: Առաջինէն կը պատրաստուի պարարտախառնուրդը, իսկ թերթիկներէն՝ վերամշակուած թուղթ: Մէկ քիլոկրամ չորցած ծաղկաթերթիկէն կը գոյանայ A3 չափի 40 թուղթ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Ter astvats menk vorkan khelok azg enk