
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական գրեթէ բոլոր լրատուամիջոցներուն մէջ, վերջին քանի մը օրերուն, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նիւթեր եղած են: Անոնցմէ ոմանք կոչ ուղղած են ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը, ոմանք ալ ամէն կերպ փորձած են ժխտել զայն, իսկ թրքական երկու պարբերականներ լոյս տեսած են հայերէն խորագիրներով:
«Ճումհուրիյէթ» թերթը հայերէնով «Այլեւս Երբեք» խորագիրով լոյս տեսած է: «100 տարի առաջ այս հողերուն վրայ ապրող մարդոց համար կը սգանք», գրած է թերթը:
«Օսմանեան կայսրութեան շրջանին տեղի ունեցած աղէտի ցաւը տակաւին թարմ է: Մարդկային խիղճը, իրաւունքն ու արդարութեան զգացումը կաթուածահար ընող այդ վէրքին հետ առերեսուելու ժամանակն է, որպէսզի այլեւս երբեք չկրկնուի», գրած է թերթը:
«Թարաֆ» օրաթերթի առաջին էջին վրայ փրոֆ. Այհան Աքթարի հարցազրոյցն է՝ «Թէ՛ Տեղահանութիւն, Թէ՛ Ցեղասպանութիւն» վերնագիրով: Աքթար կը նշէ, որ տեղահանութիւնն ու ցեղասպանութիւնը իրարմէ տարանջատելը դժուար է: «Պուրսայի, Էսքիշեհիրի, Ատափազարի մէջ տեղահանութիւն եղաւ, մարդոց վակոնները լեցուցին ու ստիպեցին լքել իրենց բնակավայրը: Սակայն նոյնը չեմ կրնար ըսել Մուշի, Էրզրումի եւ Տիգրանակերտի համար: Այնտեղ Ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է», գրած է ան:
«Պու Կիւն» օրաթերթին մէջ «Եւս Երկու Երկիր Ցեղասպանութիւն Ըսին» վերտառութեամբ նիւթ կայ: «Էրտողանի՝ նոր պալատին մէջ ընդունած Հռոմի պապէն ետք Փութինն ալ ըսաւ «ցեղասպանութիւն»: Կաուքն ալ նմանատիպ յայտարարութիւն ըրաւ»:
«Սէօզճիւ» պարբերականը կը գրէ. «Թուրքիան Ռուսիոյ Աքքույու հիւլէակայանի կառուցման իրաւունքը տուաւ, սակայն Ռուսիոյ առաջնորդ Փութին «կօլ նշանակեց»: Փութին 24 Ապրիլ 1915ին տեղի ունեցածը «ցեղասպանութիւն» կոչեց»:
«Էվրենսել» թերթը լոյս տեսած է «Առերեսուի՛ր» խորագիրով: «Ազգերու բարեկամութեան վրայ հիմնուած պատուաբեր ապագայ կառուցելու համար, Հայոց Ցեղասպանութեան հետ պէտք է առերեսուիլ ու վերջ տալ 100ամեայ ամօթին», գրած է թերթը:
«Էօզկիւր Կիւնտեմ» թերթը եւս լոյս տեսած է հայերէն՝ «Տե՛ս, Իմացի՛ր, Առերեսուի՛ր» խորագիրով: «Այսօր հայերու եւ ասորիներու ցեղասպանութեան 100ամեակն է: 1915ին պետութիւնը ծրագրաւորուած ցեղասպանութիւն իրականացուց՝ ջարդելով 1.5 միլիոն հայեր եւ 500 հազար ասորիներ: Այդ վէրքը արդէն 100 տարիէ բաց է: Իշխանութիւնը կը ժխտէ, սակայն ազգերը կ՛ըսեն՝ «Ճանչցի՛ր, առերեսուի՛ր, ներողութիւն խնդրէ՛»:
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ծաւալուն հարցազրոյցը լոյս տեսած է, մինչ «Սապահ»՝ «Մեր Ցաւերը Համատեղ Են, Պատրաստ Ենք Խօսելու» վերնագիրով լուրին տակ տուած է նախագահ Էրտողանի յայտարարութիւնը, ուր ան կ՛ըսէ, ընդհանուր ապագայ կառուցելու համար հայաստանցի ղեկավարներուն հետ պատրաստ են հանդիպելու: