
«Թուրքիան անմեղ զոհերու արիւնը խլեց… մենք մեր արիւնը կը նուիրենք Սուրիոյ», սոյն նշանաբանով, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Սուրիոյ Կեդրոնական մարմինի հովանաւորութեամբ եւ ՀԵՄի նախաձեռնութեամբ Շաբաթ, 25 Ապրիլին տեղի ունեցաւ արեան տուչութէան արշաւ:
Արդ, 100 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, այս առիթով պատրաստուած տարազներով, ԱՄԺ տան դիմացէն ՀՄԸՄի փողերախումբի ընկերակցութեամբ ուղղուեցան դէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի: Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը:
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմաց հնչեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները, որմէ ետք Սրբոց Նահատակաց յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց՝ ձեռամբ մասնակիցներուն, Հալէպի պետական աւագանիի ներկայացուցիչներուն, ճարտարարուեստի գրասենեակի տնօրէնին, ինչպէս նաեւ Հալէպի արեան տուչութեան կեդրոնի տնօրէնին:
Նախքան արեան տուչութեան գործընթացը, կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ արաբերէն խօսք արտասանեց տոքթ. Աբրահամ Եագուպեան, իսկ հայերէն՝ Գարոլին Քիւրքլեան-Արոյեան, որոնք անդրադարձան Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին եւ Սուրիոյ ասպնջական ժողովուրդի հիւրընկալութեան, նշելով որ արեան տուչութեան այս ձեռնարկը հալէպահայութեան երախտագիտութեան արտայայտութիւնն է:
Տեղին է նշել, որ Հալէպի զանազան զանգուածային լրատուամիջոցներ, ինչպէս նաեւ «Երկիր Մեդիա»ի Սուրիոյ գրասենեակի ներկայացուցիչները արձագանգեցին սոյն միջոցառման: