«Անգամ մը եւս, նախագահ Օպամա պատշաճօրէն պիտի չնշէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Կրկին եւ յաջորդաբար վեցերորդ տարին ըլլալով, Օպամա պիտի չյարգէ իր խոստումը: Նախագահը կրնար ճշմարտութիւնը փոխանցել եւ հետեւիլ Վատիկանի Ֆրանսիս պապի, Եւրոխորհրդարանի եւ նոյնիսկ Ա. Համաշխարհային պատերազմի Թուրքիոյ դաշնակիցներ՝ Աւստրիոյ եւ Գերմանիոյ օրինակներուն, որոնք յատուկ յայտարարութիւններով պաշտօնապէս ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Սակայն դժբախտաբար, անգամ մը եւս Սպիտակ Տունը չ՛ուզէր նեղացնել յանցաւոր դաշնակից մը՝ Թուրքիան: …Ամերիկահայութիւնը կը պահանջէ պատշաճ ճանաչում: …Եթէ պիտի չնշուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, նախընտրելի է, որ ո՛չ մէկ յայտարարութիւն լոյս ընծայէ՛ք պարոն նախագահ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.