
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ճատրակի Հայաստանի տղամարդոց հաւաքականը իր պատմութեան մէջ չորրորդ անգամն ըլլալով աշխարհի խմբային ախոյեանութեան նուաճեց պրոնզէ մետալ։ Վերջին հանգրուանին Հայաստանի հաւաքականը խաղացած է ընդդէմ Եգիպտոսի հաւաքականին։ Հայկական ճատրակի վարպետ Լեւոն Արոնյեան յաջողած է սպիտակ քարերով արագ յաջողութեան հասնիլ առաջին խաղատախտակին վրայ: Այնուհետեւ Հրանտ Մելքումեան ոչ-ոքի խաղացած է չորրորդ խաղատախտակին վրայ։ Գաբրիէլ Սարգսեանը սեւ խաղաքարերով նոյնպես կրցած է յաղթել։
Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի խմբային ախոյեանութիւնը խլած է Չինաստանի հաւաքականը, իսկ երկրորդ դիրքի վրայ էր Ուքրանիոյ խումբը։
Այս տարուան մրցաշարքը բացառիկ է. առաջին անգամ ըլլալով նման ախոյեանութեան մասնակից 50 խաղացողներուն 49ը կը կրէ գրոսմասթըր տիտղոսը։ Այս ցուցանիշը եզակի է ճատրակի մրցաշարքին տարեգրութեան մէջ։ Հայաստանը այն երկիրն է, որ երկրորդ անգամ ըլլալով բախտ կ՛ունենայ կազմակերպելու աշխարհի ախոյեանութիւնը։ Հայաստանը ցարդ մէկ անգամ հռչակուած է աշխարհի ախոյեան, երեք անգամ դարձած է պրոնզէ մետալակիր։