ՕՐՀԱՆ ՔԵՄԱԼ ՃԵՆԿԻԶ
Վերջին պատճառաբանութիւնը, որ որոշ «ստեղծագործական» բնոյթ ունի, անհեթեթ կերպով կը պնդէ, որ հայերը, տեղական զգեստ հագուելով, ինքզինքնին իբր թուրք կամ քիւրտ ձեւացնելով, սպաննած են մարդիկ որ իրենց անկախութիւն հետապնդող նպատակը աւելի հիմնաւորուի: Համալսարանի մը «ակադեմական»ներէն անհատ մը նման հարց մը արծարծած էր: Այսպիսի հարցեր շատ կը ներկայացուին:
Ոմանք նոյնիսկ կ՛առարկեն, որ Անատոլիոյ մէջ, հայերը ցեղասպանութիւն գործադրած են թուրքերու դէմ :
Պիտի չզարմանամ, եթէ ասոնք յառաջ գան եւ ներողութիւն պահանջեն հայերէն, իրենց գործած «Թրքական Ցեղասպանութեան» համար:
Երբ նման հարցեր կը լսեմ, իրապէս կ՛ամչնամ այս երկիրին քաղաքացին ըլլալուս: Այս հարցերը զանազան բնոյթ կը ստանան: Վերջերս, երկիրի ամէն կողմը սփռուող հեռատեսիլի կայանի մը վրայ մասնակցեցայ զանազան հարցեր քննարկող ծրագիրի մը: Եւ, անակնկալօրէն,«1915ի Հարց»ը մէջտեղ եկաւ: Ծրագիրին մասնակցող մէկը Ազգայնական կուսակցութեան կը պատկանի: Ան հարցուց ինծի. «Ո՞վ բացատրութիւն պիտի տայ հայերու կողմէ իր մեծ մօր ստացած վէրքերուն համար»։ Կը ջանայի, անյուսալիօրէն, բացատրել թէ անհատի մը, կամ նոյնիսկ խումբի մը կողմէ գործուած յարձակում մը կարելի չէ բաղդատել ծրագրուած եւ զանգուածային յարձակումի մը հետ, որ կազմակերպուած է քաղաքական կուսակցութեան մը կողմէ. կուսակցութիւն մը, որ տէրն ու տիրականն էր այդ ժամանակուան Օսմանեան կայսրութեան:
Սակայն, հեռատեսիլի կայանին մէջ տիրող մթնոլորտին պատճառով, անոնք զիս կը նկատէին իբր ուրիշին ցաւերը արհամարհող անհատ մը: Ըստ ինծի շրջապատող ազգայնական խմբակիցներուն, ես «Թուրքիոյ շահերուն դէմ պայքարող մէկն էի: Եթէ մէկը հաւատայ որ Թուրքիան պէտք է ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, ան, այդ պարագային, Թուրքիոյ շահերուն դէմ գործած կ՛ըլլայ:
Եթէ մեր ազգային խղճմտանքը պատանդ պիտի դառնայ այդպիսի շահերուն, ուրեմն՝ այո՛, ես Թուրքիոյ շահերուն դէմ պիտի ըլլամ:
1915ին Թուրքիոյ մէջ պատահածները ուրանալը անարդար է ո՛չ միայն զոհին, այլեւ՝ տեսակ մը անորոշութիւն կը ստեղծէ այս երկիրին մէջ: Այդ իսկ պատճառով, ծայրայեղ ազգայնամոլութիւնն ու ցեղապաշտութիւնը կը դառնան սովորական ազգայնամոլութիւն: Ուրացումը կը ջամբէ այլ ուրացումներ, եւ ատիկա չի վերջանար Հայկական Ցեղասպանութեամբ: Որովհետեւ այն բոլոր գազանութիւնները, որոնք կատարուած են ալեւիներու, քիւրտերու եւ ուրիշներու հանդէպ, բնականաբար, ուրացման ենթակայ պիտի դառնան: Նոյնիսկ վերջին ջարդերուն, օրինակ՝ 1993ի Սվազի ջարդերուն եւ 1978ի Մարաշի ջարդերուն ոճրագործները դեռ անպատիժ կը մնան, եւ անոնք չեն իսկ ամչնար իրենց կատարածներուն համար:
Ազգայնականները կը հաւատան, որ անզիջող ուրացումով երկիրին շահերը ա՛լ աւելի պաշտպանած կ՛ըլլան: Եւ եթէ այդ շահերը կը պահանջեն ոստոստող ժողովրդավարութիւն, նախայարձակումով ճնշուած մշակոյթ, ատելութիւն բուրող ճառախօսութիւններ, այն ատեն անոնք բացարձակապէս ճիշդ կ՛ըլլան: Բայց եթէ այս երկիրին շահերը հիմնուած ըլլան ինքնավստահութեան վրայ, ունենալով զօրաւոր բարոյական խղճմտութիւն եւ ժողովրդավարութիւն, այն ատեն, մենք եւ անոնք, որոնք կը հաւատան որ այս երկիրը պէտք է երես-երեսի գայ իր անցեալին հետ, ճիշդ կ՛ըլլանք:
Եթէ լաւատես ըլլամ, կրնամ երեւակայել, որ այս տարի շատ մը ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերը յիշատակելու: Կ՛ողջունեմ բոլոր անոնց, որոնք փողոց պիտի իջնեն եւ հաւաքուին զանազան վայրերու մէջ յիշատակելու զոհերը Ցեղասպանութեան: Զոհեր, որոնց յիշատակին առջեւ կը խոնարհիմ յարգանքով եւ ցաւով:
Թարգմանութիւն՝
Յարութիւն Մըսրլեան
Օրհան Քեմալ Ճենկիզ աշխատակիցն է Թուրքիոյ «Ռատիքալ» եւ «Զաման» օրաթերթերուն, նաեւ ան փաստաբան է ու լրագրող եւ մարդկային իրաւանց հարցերու ջատագով: Իր այս յօդուածը լոյս տեսաւ «Զաման»ի Ապրիլ 23, 2015ի թիւին մէջ: