Եկեղեցական հոգեհանգիստին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Մարտ 27, 2015ին, Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան բարեկամական վերաբերումով մը ներկայացուց հանգուցեալը, վերյիշեց անոր յախուռն բնաւորութիւնը, իրենց յաճախ խախտուող եւ ապա՝ «ապաքինուող» յարաբերութիւնները, շնորհիւ Խաչիկի բարի սիրտին եւ անքինախնդիր բնաւորութեան: Խաչիկ Արարատեանի ներդրումը զգալի էր Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, տարիներու ընթացքին անոր մնայուն դպիր ըլլալու հանգամանքով: Եկեղեցի եւ դպրոց հասկացողութիւններուն անոր համար նուիրական ըլլալը կը փաստուէր նաեւ յետ մահու, երբ հարազատներուն կողմէ կը խնդրուէր փոխան ծաղկեպսակի, նուիրատուութիւնները կատարել Ալեք Փիլիպոս վարժարանին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ընտանիքին կողմէ հանգուցեալի եղբօր՝ Մասիսի սրտի խօսքը, որ յանձնուած էր ընթերցելու Վիգէն Ա քհնյ. Վասիլեանին:
ԽԱՉԻԿ ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ
(1936-2015)
Յարգելի եւ սիրելի ներկայ սգակիր հարազատներ, բարեկամներ, խնամիներ եւ ընկերներ,
Այսօր միատեղ հաւաքուած ենք հրաժեշտ տալու մեր շատ սիրելի ամուսինին, հօր, հարազատին, բարեկամին եւ ընկերոջ՝ Խաչիկ Արարատեանին:
Խաչիկ Արարատեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա, 1936 Յունիսին:
Մկրտիչ Արարատեան եւ Մարիամ Շիրիքճեան զոյգի շատուոր ընտանիքին վեցերորդ եւ վերջին զաւակն էր. ունէր չորս քոյր եւ մէկ եղբայր: Խաչիկ հազիւ եօթ-ութ տարեկան էր, երբ ուրախ եւ երջանիկ ընտանիքի անդամներուն մայրը 1944ին, անսպասելի հիւանդութեամբ մը, մահացաւ, որմէ ետք փոքրիկն Խաչիկի մայրական խնամքը մեծ զոհողութիւններով կատարեցին իր չափահաս եւ պատանի քոյրերը:
Մեծցաւ Խաչիկը այդ բազմանդամ ընտանիքին մէջ, բայց բոլորին համար մնաց «պզտիկ Խաչիկը», որովհետեւ Արարատեանները ունէին արդէն իրմէ 25 տարու մեծ, «մեծ Խաչիկը…», հանրածանօթ ասմունքող եւ դերասան Խաչիկ Արարատեանը:
Խաչիկը նաեւ իր հօր գուրգուրանքին կ՛արժանանար, հօր մասնաւոր ուշադրութեան կեդրոնն էր միշտ, միասին երկար կամ կարճ ճամբորդութիւններ, այցելութիւններ, պտոյտներ կ՛ընէին, մանաւանդ կիրակնօրեայ եկեղեցւոյ պատարագին միշտ ներկայ պէտք է ըլլային՝ հայր եւ որդի:
Գործունեայ, աչքաբաց, չարաճճի պզտիկ Խաչիկը, թաղին սարսափն էր եւ ընկերներուն պաշտպանը… Սիրուած էր շուրջիններէն:
Կը յաճախէր Հալէպի Կիւլպէնկեան վարժարանը: Ահաւասիկ ուսուցչուհիի մը վկայութիւնը. «Աչքը սիրեմ Խաչիկին, միակն է որ, եթէ զինք տեղ մը ղրկեմ, ուրիշներու պէս ձեռքը պարապ չի գար. նոյնիսկ ուզածս չգտնէ, գոնէ տարբերակը կը բերէ»:
Դէպքերու բերումով, 1955ին, ընտանիքը գաղթեց Պէյրութ, Լիբանան:
Խաչիկր կը սիրէր իր ընտանիքը, եկեղեցին, սփորը, երգելը, ուտել-խմելը, ընկերները եւ ինքնաշարժ վարելը: Եղած է եկեղեցւոյ դպիր, մարզիկ, երգչախումբերու անդամ եւ մասնագէտ մեքանիք: Պէյրութի մէջ եղաւ գործի տէր, գտաւ իր զոյգը՝ Շաքէ Տէմիրճեանը, եւ ամուսնացաւ 1964ի: Ունեցան զաւակներ՝ Մկոն եւ Մարալը: Կը սիրէր եւ կը ծառայէր իր ընտանիքին:
Դարձեալ դէպքերու բերումով, 1970ին, ստիպուած լքեց գործ, ընկեր, հարազատ, բարեկամ, եկաւ ու հաստատուեցաւ Լոս Անճելըս: Նոր միջավայրին մէջ իր ջանասիրութեամբ տեղաւորուեցաւ, վարժուեցաւ ու գործի մէջ կոչուեցաւ «Katch Jag»: Սկսաւ ապրելու եւ ծաղկելու, ունեցաւ մանչ զաւակ մը եւս՝ Րաֆֆի, 1975ին: Իր ընտանիքով, ընկերներով, շրջապատով եւ Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մնայուն դպիրի իր հանգամանքով, շարունակեց այս աշխոյժ կեանքը մինչեւ 2014ի վերջերը:
Սակայն 2015 թուականի առաջին օրէն սկսեալ, ճակատագիրը վճռեց իր սահմանումը, Խաչիկին կեցնելով անողոք, անգութ ցաւին դէմ: Կարճ ժամանակով պայքարեցաւ, բայց հրաժեշտ տուաւ այս աշխարհին՝ խոր ցաւ պատճառելով ընտանիքին, հարազատներուն, ընկերներուն եւ բարեկամներուն:
Խաչիկին նկարագրային գիծը վայրկեանական բռնկիլն էր, ընելիքը անմիջական էր, այսօրուան գործը վաղուան չէր ձգեր, ընելիքը՝ յաջորդ ժամուան չէր ձգեր, ուզածը՝ անմիջապէս պէտք է կատարուեր, յետագայի չէր ձգեր, կայծակնային աճապարանք մը ունէր… նոյնիսկ աճապարեց մահուան պատերազմին մէջ, եւ զէնքերը վար դնելով՝ մեկնեցաւ այս աշխարհէն:
Իր անժամանակ կորուստը կը սգան կինը՝ Շաքէն, զաւակները՝ Մկոն, Մարալը, Րաֆֆին, թոռները, եղբայրը, քոյրը, խնամիները, ազգականները, ընկերները եւ զինք սիրողներն ու յարգողները: